Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճը Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցը

Ապրիլ 21, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

16973031297_aa9470c851_oՀայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը ոգեկոչեցին նաեւ Սուրէն Խանամիրեան Ազգային քոլեճի աշակերտները: 17 ապրիլ 2015-ը ուսումնակրթական եզակի օր մը դարձաւ, երբ աշակերտութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի սեմին իր կարկաչ ձայնը միացուց աշխարհասփիւռ հայութեան ձայնին` ըսելով.   «Չենք նահանջեր, կան ու կու գան հայ մանուկներ, արեւները չեն նահանջեր, նորեր կու գան ամէն առտու», եւ այս խորհուրդով Խանամիրեանի աշակերտութիւնը առաւօտեան ժամը 8:00-ին ուղղուեցաւ Պիքֆայա Նահատակաց յուշարձանը` այցելելու եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցելու մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին:

Յուշակոթողին  դիմաց աշակերտութիւնը ունկնդրեց Յակոբ Գարնէշեանի տուած պատգամը: Ան նախ յայտնեց, թէ պատահական օր մը չէր այս օրը, այլ ազգային ինքնութիւնը, պատմութիւնը եւ ապագան ճիշդ ընկալելու կրթութեան օր: Ապա անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ամէնէն ցաւոտ իրականութեան, երբ Ա. Համաշխարհային պատերազմին թուրքերը յաջողեցան ծրագրել եւ գործադրել հայ ժողովուրդի բնաջնջումը: Անոնք փանթուրանական մեծ պետութիւն մը ստեղծելու իրենց երազը իրականացնելու մղումով ոճրային ծրագիր մը ի գործ դրին` սպաննելով աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայ ու պատմական արմատներէն արմատախիլ ըրին հայ բնակչութիւնը:

Գարնէշեան ըսաւ, որ 1915-ին հայութիւնը կորսնցուց իր պատմական հայրենիքը` վկա՛յ մեր այսօրուան ներկայութիւնը այստեղ, երբ պէտք է ըլլայինք Մուշի, Սասունի, Մարաշի, Ալաշկերտի, Կարսի ու Վանի մէջ: Ան նաեւ յայտնեց աշակերտութեան, որ թուրքը մինչեւ այսօր ոչ միայն չէ դատապարտուած, այլ կը շարունակէ մեր քարաշէն մշակութային կոթողները կործանել:

Ան աշակերտներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Նահատակաց յուշակոթողին կից գտնուող Սարդարապատի յաղթանակի յուշարձանին վրայ, որ կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի յարութիւնը`  ըսելով, որ մեր հայրերը Սարդարապատով փաստած են, որ կան ու կը մնան: Ապա եզրափակեց խօսքը. «Մենք պիտի ունենանք ուժն ու կամքը դէպի ապագան նայելու: Եւ որպէս հայ ազգի ժառանգորդներ` մեր ուղին պէտք է ընթանայ կրթութեամբ, գիտութեամբ, արմատներուն, լեզուին  ու գրականութեան կառչած մնալով, որով հաստատապէս պիտի յաջողինք բարձր պահել մեր ազգային արժանապատուութիւնը»: Ապա կոչ ուղղեց աշակերտութեան` ըլլալու կատարեալ հայ, դէպի Արարատ նայող, որպէսզի աստիճանաբար հասնինք մեր ազգային նպատակներուն անկոտրում կամքով ու միասնակամութեամբ:

Դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան իր կարգին ողջունեց աշակերտութիւնը ու իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ պատմական յուշարձանին առջեւ այս հաւաքը կը վկայէ, որ եկած ենք մեր հաւատքը նորոգելու, բիւրեղանալու հայ ինքնութեամբ: Ան նշեց, որ հայութիւնը հպարտութեան աղբիւր պէտք է ըլլայ բոլորին: Հայութիւնն ու քրիստոնէութիւնը այնպէս կապուած են իրարու, ինչպէս մարդուն միսն ու ոսկորը:

Ան աշակերտութեան ըսաւ, որ մասնագիտութիւն ունենալէ աւելի հարկաւոր է հայ մարդ ըլլալ, որովհետեւ  չկայ աւելի մեծ պատիւ ու հպարտութիւն, քան հայ ըլլալ:

Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան աւարտեց խօսքը ըսելով` բարձր տիտղոսներ փնտռելէն աւելի սիրենք ու գուրգուրանք մեր լեզուին, պահենք մեր ինքնութիւնը, նորոգենք մեր սէրը հայոց լեզուին հանդէպ, խօսինք, երգենք, պատմենք հայերէն, որովհետեւ չկայ աւելի նուիրական բան, քան մեր մայրենի լեզուն ու հաւատքը: Կառչինք մեր ինքնութեան ու արմատներուն:

16560266013_ba5833c683_oԱշակերտները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» երգը, ապա դասարան առ դասարան վառեցին իրենց մոմերը ու երկիւղածութեամբ գետինը գրեցին «Կանք, կը մնանք»` խոստանալով ամէն գնով շարունակել երթը` պահելով իրենց հայրերէն ժառանգած ազգային արժէքներն ու հաւատքը:

Աշակերտները իրենց ուխտը կատարելէ ետք վերադարձան վարժարան եւ Ֆանարի շրջափակի յուշարձանին դիմաց բոլորուած շարունակեցին իրենց ելոյթներով հանդէս գալ ծնողներուն ու ներկաներուն:

Անոնք առոյգ ու խրոխտ ձայնով ներկայացուցին խմբերգներ, խմբային արտասանութիւններ: Ուշագրաւ էր մանկապարտէզի աշակերտութեան «Կանք պիտի լինենք» երգի ուրախ ու խանդալից կատարողութիւնը:

Գեղարուեստական յայտագիրին ընթացքին խումբ մը աշակերտներ անմոռուկը կազմեցին ու 100-ամեակը իրենց մարմիններով գրեցին հողին վրայ, իսկ միջնակարգի աշակերտները նախ ներկայացուցին  Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած կազմակերպութիւններու եւ պետութիւններու համառօտ ցանկը, ապա կենդանի պատկերով մը ներկայացուցին ցեղասպան թուրքին ծրագիրը, որուն յաջորդեց Նեմեսիս գործողութեան մասին պատմող ներկայացում մը, որ աւարտեցաւ Հրաչ Փափազեանի երգով:

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի տնօրէն Նելլի Վեքիլեանի առաջնորդութեամբ խումբ մը աշակերտներ 100-ամեակին առթիւ, հետեւելով մեր պապերու աւանդութեան, մէկուկէս միլիոն նահատակներու հոգիները անմահացնելու որպէս խորհրդանիշ ծառատնկումի արարողութիւն մը կատարեցին: Անոնք սօսիի ծառ մը տնկելով հաստատեցին, որ կը հաւատան, թէ հայ ժողովուրդին իրաւունքները չեն կորսուիր: Յիշելով ու պահանջելով իրենց տնկած ծառի նպատակը յաւերժացնելն էր յիշատակը հայ ժողովուրդի նահատակներուն: Անոնք ծառը կոչեցին` յիշողութեան ու յաւերժութեան ծառ: Ծառատնկումի արարողութենէն ետք աւարտական կարգի աշակերտները ներկայացուցին ծառին խորհուրդը:

Ապա խօսք առաւ Նելլի Վեքիլեան, որ ըսաւ, թէ ապրիլը թէեւ հայութեան համար ամէնէն ցաւագին ամիսն է, բայց իր մէջ կը պարփակէ ապրելու, ծաղկելու ու ստեղծագործելու  խորհուրդները: Ան հաստատեց, որ Խանամիրեանական սերունդները պիտի շարունակեն ծաղկիլ, ստեղծագործել ու հաւատարիմ մնալ հայ ժողովուրդի աննահանջ երթին: Անոնք պիտի շարունակեն մնալ հաւատաւոր զաւակները մեր ինքնութեան ու արդար դատին: Ապա կոչ ուղղեց բոլոր աշակերտներուն` մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման բոլոր նախաձեռնութիւններով` յիշելով ու յիշեցնելով բոլորին, որ տէրն են ու արդար ժառանգորդները մեր դատին: «Մեր ազգի գոյութիւնը մեր կեանքի միակ իմաստն է, եկէք ըլլանք մեր գոյութեան բեղմնաւոր սերմերը», իր խօսքերը աւարտեց Վեքիլեան:

Ձեռնարկի աւարտին բոլոր աշակերտները հերթով մօտեցան եւ բթամատերով կնքեցին ու ներկեցին պաստառին վրայ պատկերուած անմոռուկ ծաղիկը եւ միասնաբար «Հայորդիք» երգով հաստատեցին, որ կը յիշեն ու կը պահանջեն:

Նախորդը

Երաժշտական Ունկնդրութիւն` Հայկական Ժողովրդական Գործիքներու

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?