Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասնակցութեամբ Լիբանանահայ Ուսուցիչներու Եւ Լրագրողներու. Աղուերանի Մէջ Աւարտեցաւ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի Զարգացման Նպաստող Ծրագիրը

April 11, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-10-15_Aghveran13-10 ապրիլ 2015, Աղուերանի «Ոսկէ գետակ» հանգստեան տան մէջ տեղի ունեցաւ «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի կազմակերպած լիբանանահայ ուսուցիչներու եւ լրագրողներու արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»-ի ստեղծման եւ զարգացման նպաստող ծրագիրի դասընթացք-հաւաքը:

«Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը, որուն առաջնահերթ խնդիրներէն է աջակցիլ եւ խթանել համացանցի մէջ հայերէն բովանդակութեան եւ Հայաստանի մասին օտար լեզուներով տեղեկութիւններու զարգացման, «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի ստեղծում եւ զարգացում» նախաձեռնութեան շրջանակներուն մէջ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամ»-ի հովանաւորութեամբ եւ աջակցութեամբ կազմակերպեց «Ուիքի դասընթացք` լիբանանահայ կրթական հաստատութիւններու եւ մամուլի  աշխատակիցներու  համար»: Դասընթացը նպատակ ունի «Ուիքիփետիա»-ի համակարգողներ պատրաստել Լիբանանի մէջ` զարգացնելու «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ն եւ տարածելու «Ուիքիփետիա»-ի մասնակցութեան գաղափարները եւ գործիքներու տիրապետումը Լիբանանի մէջ:

Մէկ շաբթուան ընթացքին մասնակիցները ծանօթացան «Ուիքիփետիա»-ի գաղափարախօսութեան եւ խմբագրութեան գործիքներուն ու եղանակներուն, ինչպէս նաեւ պատրաստեցին եւ «Ուիքիփետիա»-ին մէջ տեղադրեցին արեւմտահայերէն յօդուածներ: Դասընթացքի մասնակիցները շեշտեցին, թէ արեւմտահայերէնը համացանցի վրայ ապրող լեզու ըլլալու համար աշակերտներն ու երիտասարդները պէտք է մնայուն դրութեամբ գործածեն, եւ այս առնչութեամբ «Ուիքիփետիա»-ն արեւմտահայերէնը կենդանի պահելու լաւագոյն միջոցներէն մէկն է: Մասնակիցները քննարկեցին «Ուիքիփետիա»-ն Լիբանանի մէջ տարածելու կարելիութիւնները եւ հաստատեցին Լիբանանի մէջ ճամբար մը կազմակերպելու կարեւորութիւնը:

Այս առնչութեամբ, ճշդուեցաւ Լիբանանի մէջ կազմակերպուելիք «Ուիքի» ճամբարին ընդհանուր ծրագիրը: Մասնակից ուսուցիչները շեշտեցին, որ վարժարաններուն մէջ պիտի շարունակեն աշխատանքը` համապատասխան քաջալերական եւ աշխատանքային մթնոլորտ ստեղծելով աշակերտութեան մօտ:

Մասնակիցները յայտնեցին, որ լիբանանահայ աշակերտներուն մասնակցութիւնը Հայաստանի ճամբարներուն` էապէս կը նպաստէ փորձառութիւններու փոխանակման եւ ծրագիրի զարգացման:

Լիբանանի մէջ «Ուիքիփետիա»-ի աշխատանքներուն համակարգումը պիտի կատարէ Րաֆֆի Տեմիրճեան, իսկ լեզուական եզրերու հետ կապուած հարցերու վերաբերեալ մասնագէտներու հետ համակարգման աշխատանքներով պիտի զբաղի Արմէն Իւրնէշլեան:

Լիբանանահայ ուսուցիչներու եւ լրագրողներու աշխատանքը համադրելու առաջադրանքով, 8 մայիս 2015-ին, Պէյրութի մէջ պիտի կայանայ հանդիպում մը` մօտէն հետեւելու կատարուող աշխատանքներուն եւ ճշդելու հետագայ քայլերը: Յայտնենք, որ մասնակիցները Երեւանի մէջ այցելեցին «ԱՅԲ» վարժարան, ուր վարժարանի տնօրէն Արամ Փախչանեան ներկայացուց «ԱՅԲ» հիմնադրամին ծաւալած գործունէութիւնը եւ ծրագիրները:

Նախորդը

Թուղթին Ծագումը

Յաջորդը

Տեսակէտ. Մենք Կը Յարգենք Միայն Ինքզինք Եւ Մեզ Յարգողը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.