«Բ. Կանաչեան» Երաժշտանոցի Սենեկային Համոյթի Ելոյթը Զարեհեան Դպրեվանքին Մէջ
Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի սենեկային համոյթը` ղեկավարութեամբ տնօրէններ Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեաններու, 14 մարտին` երեկոյեան ժամը 7:00-ին ելոյթ ունեցաւ Զարեհեան դպրեվանքին մէջ: «Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճի խնամակալութեան անունով խօսք առաւ Վարդան Յովսէփեան, որ դպրեվանքի սաներուն ներկայացուց Համազգայինի երաժշտական քոլեճը, անոր տարած աշխատանքը: Ան դիտել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի սեմին կատարուած այս նախաձեռնութիւնը կը միտի հայ երաժշտութիւնը հրամցնել նոր սերունդին`...



















