Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Պահանջատիրական Հաւաք
Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրումը եւ հայ ժողովուրդին յարութիւնը նոր աւիւն հանդիսացած են աշխարհով մէկ սփռուած հայ ժողովուրդին: Արդարեւ, հայուն գոյատեւումը, պահանջատիրական ոգին եւ արդարութեան ձայնը ապրուած կեանքի իրողութիւն դարձան Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու կտակին ժառանգորդներուն: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման իւրայատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 21 ապրիլ 2015-ին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի սրահին մէջ, հայերէն լեզուի դասատու Մարիա Նաճարեան- Ինճէեանի հսկողութեամբ եւ...
 
			
















