Միջազգային

Պորել. «Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ Օգնելու Համար Զինուորական Հիմնադրամ Պիտի Ստեղծէ»

Պորել. «Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ Օգնելու Համար Զինուորական Հիմնադրամ Պիտի Ստեղծէ»

Եւրոպական Միութիւնը կը նախատեսէ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի ծիրին մէջ Ուքրանիոյ օգնելու համար զինուորական հիմնադրամ ստեղծել: «Քորրեսփոնտենթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպումէն ետք յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել: «Այսօր բովանդակային քննարկում եղած է Ուքրանիոյ զինուորական օգնութեան մասին, քննարկած ենք կացութիւնը մարտադաշտին վրայ, զինուորական մատակարարումներու առնչուած իրավիճակը, Ուքրանիոյ աջակցութեան...

Պեն Ղաֆիր. «Պայտըն Կը Վնասէ Կազայի Մէջ  Իսրայէլի Պատերազմական Ջանքերուն»

Պեն Ղաֆիր. «Պայտըն Կը Վնասէ Կազայի Մէջ Իսրայէլի Պատերազմական Ջանքերուն»

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր յայտարարեց. «Պայտըն կը խոչընդոտէ Կազայի մէջ Իսրայէլի պատերազմական ջանքերուն»: Ան այս մասին յայտնեց «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Պեն Ղաֆիր ամերիկեան օրաթերթին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Համասը ոչնչացնելու համար մեծ ազատութիւն կ՛ընծայէ»: Ծայրայեղ աջակողմեան քաղաքական գործիչը ըսաւ, որ պէտք է Կազայի բնակիչները քաջալերել կամաւոր կերպով տեղահանուելու, եւ այդ...

Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ 85 Թիրախներ Հարուածելէ Ետք.  Ուաշինկթըն. «Իրանի Հետ Ուղղակի Կամ Անուղղակի Պատերազմի Չենք Ձգտիր»

Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ 85 Թիրախներ Հարուածելէ Ետք. Ուաշինկթըն. «Իրանի Հետ Ուղղակի Կամ Անուղղակի Պատերազմի Չենք Ձգտիր»

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Այն, ինչ որ ուրբաթ օր տեղի ունեցաւ, սկիզբն էր եւ ոչ թէ աւարտը: Պիտի ըլլան յաւելեալ քայլեր, որոնցմէ մէկ քանին տեսանելի, եւ թերեւս մէկ քանին անտեսանելի… այդ քայլերը իբրեւ պատերազմական բաց արշաւ չեմ որակեր»: Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ Միացեալ...

Իրաքէն Եւ Սուրիայէն Ետք, Ամերիկեան Հարուածներ`  Նաեւ Եմէնի Մէջ Հուսիներու Դէմ

Իրաքէն Եւ Սուրիայէն Ետք, Ամերիկեան Հարուածներ` Նաեւ Եմէնի Մէջ Հուսիներու Դէմ

Ամերիկեան բանակը նոր հարուած մը հասցուցած է Եմէնի տարածքին` թիրախաւորելով հուսիներու Անսարուլլա շարժումին պատկանող հականաւային թեւաւոր հրթիռներ: Այս մասին հաղորդեց ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը: Հրամանատարութիւնը նշեց, որ յարձակումը  «ինքնապաշտպանութեան քայլերու ծիրին մէջ» գործուած է Սանաայի ժամանակացոյցով առաւօտեան շուրջ ժամը 4:00-ին: Ըստ ամերիկեան բանակին, թեւաւոր հրթիռները յայտնաբերուած են հուսիներու կողմէ վերահսկուող տարածքին մէջ: Ամերիկացիները համոզուած են, որ անոնք անմիջական վտանգ կը...

Պայտըն Յաղթած Է Հարաւային Քարոլայնայի Մէջ Դեմոկրատական Կուսակցութեան Թեկնածուի Նախնական Ընտրութեան

Պայտըն Յաղթած Է Հարաւային Քարոլայնայի Մէջ Դեմոկրատական Կուսակցութեան Թեկնածուի Նախնական Ընտրութեան

Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Ճօ Պայտըն յաղթած է Հարաւային Քարոլայնայի մէջ դեմոկրատականներու նախնական ընտրութեան: Ան ստացած է քուէներու աւելի քան 96 առ հարիւրը: Այս մասին հաղորդեց «Էսոշիէյթըտ Փրես»: Նոյն նահանգին մէջ դեմոկրատ թեկնածուներ` գրող Մարիան Ուիլիըմսըն եւ քոնկրեսական Տին Ֆիլիփս ստացած են համապատասխանաբար քուէներուն 2 առ հարիւրը եւ 1,6 առ հարիւրը: Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 5 նոյեմբերին:...

Փեսքով. «Փութինի Թուրքիա Կատարելիք  Այցելութեան Օրակարգին Վրայ Երկկողմանի Յարաբերութիւններն Են Եւ Ուքրանիոյ Հարցը»

Փեսքով. «Փութինի Թուրքիա Կատարելիք Այցելութեան Օրակարգին Վրայ Երկկողմանի Յարաբերութիւններն Են Եւ Ուքրանիոյ Հարցը»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Թուրքիա նախատեսուող այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին ռուս-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւնները, առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը, շրջանային խնդիրները, որոնց շարքին` Ուքրանիոյ հարցը: Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: Ան նշած է, որ Փութինի եւ Էրտողանի իւրաքանչիւր հանդիպում օրակարգի տեսանկիւնէն շատ յագեցած է: «Օրակարգի վրայ նախ եւ առաջ ռուս-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւններն...

Քաթար. «Իսրայէլ Եւ Համաս Սկզբունքային  Համաձայնութիւն Տուին Նոր Գործարքի Առաջարկին»

Քաթար. «Իսրայէլ Եւ Համաս Սկզբունքային Համաձայնութիւն Տուին Նոր Գործարքի Առաջարկին»

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտնեց, որ Համաս «դրական նախնական հաստատում» փոխանցած է Կազայի մէջ զինադուլի եւ գերիներու ազատ արձակման առաջարկին: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: «Փարիզի մէջ գումարուած ժողովը յաջողեցաւ միախառնել առաջարկները… Իսրայէլեան կողմը համաձայն գտնուեցաւ այս առաջարկին, իսկ այժմ Համասի կողմէ դրական նախնական հաստատում ունինք», յայտնեց Անսարի, սակայն աւելցուց. «Տակաւին մեր դիմաց շատ դժուար ճամբայ...

Դամասկոսի Հարաւը Գտնուող Թիրախներու Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում

Դամասկոսի Հարաւը Գտնուող Թիրախներու Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երէկ արշալոյսին, շուրջ ժամը 4:20-ին, Իսրայէլ բռնագրաւեալ Կոլանի ուղղութենէն յարձակում գործած է եւ թիրախաւորած Դամասկոսի հարաւը գտնուող կէտեր: Սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են իսրայէլեան հրթիռներուն եւ անոնցմէ մէկ քանին վնասազերծած: Վնասները միայն նիւթական եղած են:  

Օսթին. «Վերջին Զարգացումները Ուաշինկթընը  Պիտի Չմղեն Իր Ուժերը Իրաքէն Եւ Սուրիայէն  Հեռացնելու Մասին Մտածելու»

Օսթին. «Վերջին Զարգացումները Ուաշինկթընը Պիտի Չմղեն Իր Ուժերը Իրաքէն Եւ Սուրիայէն Հեռացնելու Մասին Մտածելու»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին շեշտեց, որ ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ վտանգաւոր պահ է, սակայն Ուաշինկթըն աշխատանք կը տանի տագնապի ընդլայնումէն խուսափելու: Փենթակոնի ղեկավարը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ բազմաթիւ մակարդակներու պատասխան պիտի տան Յորդանանի մէջ իրենց ուժերուն վրայ կատարուած յարձակումին, որուն պատճառով ամերիկացի 3 զինուորներ մահացան եւ աւելի քան 40 ուրիշներ վիրաւորուեցան: Օսթին ընդգծեց, որ վերջին զարգացումները Ուաշինկթընը պիտի...

Ռայիսի. «Իրանի Ուժը Կը Ստեղծէ Անվտանգութիւն,  Շրջանի Երկիրները Կրնան Ապաւինիլ Ատոր»

Ռայիսի. «Իրանի Ուժը Կը Ստեղծէ Անվտանգութիւն, Շրջանի Երկիրները Կրնան Ապաւինիլ Ատոր»

Եթէ երկիր մը կը ցանկայ կռիւ ընել, Իրանը խիստ պատասխան պիտի տայ: Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի: «Նախապէս, երբ կ՛ուզէին Իրանի հետ խօսիլ, կ՛ըսէին, որ սեղանին վրայ զինուորական տարբերակ դրուած է, իսկ հիմա կ՛ըսեն` մենք մտադիր չենք Իրանի հետ տագնապ ունենալ», ըսած է Ռայիսի: Անոր համաձայն, Իրանի ուժը անվտանգութիւն կը...

Հունգարիոյ Խորհրդարանը Երկուշաբթի Օր  Պիտի Քննարկէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի  Անդամակցութեան Դիմումը

Հունգարիոյ Խորհրդարանը Երկուշաբթի Օր Պիտի Քննարկէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Դիմումը

Հունգարիոյ խորհրդարանը 5 փետրուարին արտակարգ նիստի հրաւիրած է Շուէտի ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան արձանագրութիւնը վաւերացնելու համար, հակառակ այն իրողութեան, որ խորհրդարանի նախագահն ու կառավարութիւնը կը պնդէին, թէ ատոր համար արտակարգ նիստ գումարելու անհրաժեշտութիւն չեն տեսներ: Հունգարիոյ խորհրդարանի հերթական նստաշրջանը պիտի սկսի 26 փետրուարին: Հունգարիան ՕԹԱՆ-ի անդամ միակ երկիրն է, որ տակաւին չէ վաւերացուցած Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումը:  

Քրեմլին. «Փաշինեանն Ու Ալիեւը Պատրաստ Են  Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Կնքման»

Փեսքով Մեկնաբանած Է Թրքական Դրամատուներու Կողմէ Ռուսական Ընկերութիւններու Հաշիւներու Փակումը

Քրեմլինը տեղեակ է այն խնդիրներէն, որոնց ռուսական ընկերութիւններն ու անհատները կը բախին թրքական դրամատուներուն մէջ, եւ այս նիւթով կապի մէջ է Անգարայի հետ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Այո՛, մենք տեղեակ ենք թրքական դրամատուներուն մէջ ռուս յաճախորդներու համար ստեղծուած դժուարութիւններէն: Եւ մենք աշխուժ երկխօսութեան մէջ ենք մեր թուրք...

Պլինքըն. «Ուաշինկթըն Ամէն Օր Ճնշում  Կը Բանեցնէ Իսրայէլացիներուն Վրայ»

Պլինքըն. «Ուաշինկթըն Ամէն Օր Ճնշում Կը Բանեցնէ Իսրայէլացիներուն Վրայ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ Կազայի մէջ «բախում չունենալու» մարտահրաւէրը Կազայի մէջ կարիքաւորներուն մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու դիմաց մեծագոյն խոչընդոտն է: Պլինքըն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աշխարհի տարածքին գործող պաշտօնեաներու ժողովի ընթացքին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն դէպի խիտ բնակեցուած տարածք մարդասիրական յաւելեալ օժանդակութիւն հասցնելու եւ քաղաքայինները աւելի լաւ ձեւով պաշտպանելու համար «ամէն օր» ճնշում կը բանեցնէ իսրայէլացիներուն...

Ուաշինկթըն. «Ասատի` Իշխանութենէն  Հեռացման Ժամկէտը Ամերիկեան  Պատկերացումին Մէջ Չէ Ճշդուած»

Քըրպի. «Յորդանանի Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայանի Դէմ Յարձակումին Հեղինակը «Իրաքի Մէջ Իսլամական Դիմադրութիւն»-ն Է»

Յորդանանի հիւսիս-արեւելքին մէջ ամերիկեան ռազմակայանի վրայ ամերիկացի երեք զինուորներու կեանքերը խլած յարձակումին ետին կանգնած են շարք մը իսլամական խմբաւորումներ: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի: «Մենք կը կարծենք, որ Յորդանանի մէջ կատարուած յարձակումը ծրագրուած էր, ապահովուած ծրագիրներով եւ աջակցուած հովանաւոր կազմակերպութեան կողմէ, որուն անունը «Իրաքի մէջ Իսլամական դիմադրութիւն» է», ըսած...

Միացեալ Նահանգներ Եւ Բրիտանիա Եմէնի Մէջ  Հուսիներու Թիրախներ Հարուածած Են

Միացեալ Նահանգներ Եւ Բրիտանիա Եմէնի Մէջ Հուսիներու Թիրախներ Հարուածած Են

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ երէկ առաւօտեան շուրջ ժամը 1:30-ին ամերիկեան ուժերը յարձակում գործած են «Իրանի աջակցութիւնը վայելող» հուսիներու Անսարուլլա շարժումին պատկանող անօդաչու թռչող սարքերու կառավարման կեդրոնի եւ 10 անօդաչու թռչող սարքերու վրայ: Ամերիկեան ուժերը այդ քայլին դիմած են, որովհետեւ նշեալ թիրախները նկատած են «շրջանին մէջ առեւտրական նաւերու եւ ամերիկեան ծովուժի նաւերուն անմիջական վտանգ» եւ զանոնք հարուածած են «ինքնապաշտպանութեան...

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Փութին 12 Փետրուարին  Պիտի Այցելէ Թուրքիա

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Փութին 12 Փետրուարին Պիտի Այցելէ Թուրքիա

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ բանակցութիւններու համար Թուրքիա այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ 12 փետրուարին: Այս մասին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է թուրք պաշտօնատար մը: Աղբիւրը հաստատած է Փութինի Թուրքիա այցելութեան մասին տեղեկութիւնը եւ նշած ճշգրիտ օրը: Նշուած է, որ ատիկա 2020-էն ի վեր Փութինի` ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիր առաջին այցելութիւնը պիտի ըլլայ: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի...

«Զելենսքին Այս Շաբաթ Պիտի Պաշտօնազրկէ Ուքրանական Զինեալ Ուժերու Հրամանատար Զալուժնին»  Կը Հաղորդէ «Սի. Էն. Էն.»

«Զելենսքին Այս Շաբաթ Պիտի Պաշտօնազրկէ Ուքրանական Զինեալ Ուժերու Հրամանատար Զալուժնին» Կը Հաղորդէ «Սի. Էն. Էն.»

Կը սպասուի, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի մինչեւ այս շաբաթավերջ հրամանագիր պիտի ստորագրէ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար Վալերի Զալուժնիի հրաժարականի մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը` վկայակոչելով աղբիւրներ: Աղբիւրներուն համաձայն, Զալուժնին 29 յունուարին կանչուած է Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմ, ուր երկրին ղեկավարը յայտարարած է իր մօտալուտ պաշտօնանկութեան մասին: Զելենսքի անոր առաջարկած է այլ պաշտօն վարել, սակայն Զալուժնի մերժած է:

Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարար.  «Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համար  Ժամանակի Կը Կարօտինք»

Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարար. «Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համար Ժամանակի Կը Կարօտինք»

Քաթարի վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի յայտնեց. «Մենք Միջին Արեւելքի մէջ աճող լարուածութեան խաղաղ լուծումի մը որոնումը կը քննարկենք»: Այս մասին հաղորդեց «Ֆոքս Նիուզ»-ը: «Մենք զինադադարի հաստատման եւ գերիներու ազատ արձակման համար աշխատելու համար ժամանակի կը կարօտինք», նշեց ան: «Ազատ արձակուելիք գերիներուն թիւը չճշդուեցաւ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կեդրոնացումը պէտք է ըլլայ պատերազմին վերջ տալու եւ...

Պայտըն. «Որոշեցի Մեր Ռազմակայանին Վրայ  Կատարուած Յարձակումին Ինչպէս Հակադարձել»

Պայտըն. «Որոշեցի Մեր Ռազմակայանին Վրայ Կատարուած Յարձակումին Ինչպէս Հակադարձել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Սպիտակ տունէն Ֆլորիտա նախընտրական շրջապտոյտի մեկնելէ առաջ լրագրողներուն յայտնեց, որ Յորդանանի մէջ ամերիկացի 3 զինուորներու մահուան եւ բազմաթիւ ուրիշներու վիրաւորման պատճառ դարձած կիրակի օրուան յարձակումին հակադարձելու բնոյթը որոշած է: «Իրան պատասխանատու է Յորդանան-Սուրիա սահմանին վրայ գտնուող «Աշտարակ 22»-ին վրայ յարձակումի ընթացքին օգտագործուած զէնքերու մատակարարման», ըսաւ Պայտըն` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի ընդլայնում չեն...

Հուսիները Յարձակած Են Ամերիկեան «Կրէյվլի» Ռազմանաւին Վրայ

Հուսիները Յարձակած Են Ամերիկեան «Կրէյվլի» Ռազմանաւին Վրայ

Եմէնի հիւսիսին իշխող հուսիներու Անսարուլլա շարժումը երէկ յայտարարեց, որ Կարմիր ծովուն մէջ յարձակում գործած է ամերիկեան «Կրէյվլի» ռազմանաւին վրայ: Այս մասին յայտնեց հուսիներու զինուորական բանբեր Եահիա Սարիհ: «Մեր ծովուժը համապատասխան հականաւային հրթիռներ արձակած է Կարմիր ծովուն մէջ ամերիկեան «Կրէյվլի» հրթիռակիրին ուղղութեամբ», ըսած է ան: Ան նշեց. «Ամերիկեան եւ բրիտանական բոլոր մարտանաւերը, որոնք մասնակցած են մեր երկրին վրայ յարձակումին, մեր զինեալ...

Page 169 of 882 1 … 168 169 170 … 882

Արխիւներ