Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ երէկ առաւօտեան շուրջ ժամը 1:30-ին ամերիկեան ուժերը յարձակում գործած են «Իրանի աջակցութիւնը վայելող» հուսիներու Անսարուլլա շարժումին պատկանող անօդաչու թռչող սարքերու կառավարման կեդրոնի եւ 10 անօդաչու թռչող սարքերու վրայ:
Ամերիկեան ուժերը այդ քայլին դիմած են, որովհետեւ նշեալ թիրախները նկատած են «շրջանին մէջ առեւտրական նաւերու եւ ամերիկեան ծովուժի նաւերուն անմիջական վտանգ» եւ զանոնք հարուածած են «ինքնապաշտպանութեան համար»:
«Այս քայլը պիտի պաշտպանէ նաւարկման ազատութիւնը եւ միջազգային ջուրերը աւելի ապահով պիտի դարձնէ ամերիկեան ծովուժի նաւերուն ու առեւտրական նաւերուն համար», նշեց կեդրոնական հրամանատարութիւնը:
Հուսիներուն պատկանող «Մասիրա» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգները եւ Բրիտանիան հարուածած են Անսարուլլա շարժումի դիրքերը:
Յարձակումի ենթարկուած է Հուտէյտա նաւահանգստային քաղաքի Ժապպան շրջանը, որ կը գտնուի Կարմիր ծովու ափին: