Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Թուրքիա նախատեսուող այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին ռուս-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւնները, առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը, շրջանային խնդիրները, որոնց շարքին` Ուքրանիոյ հարցը:
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
Ան նշած է, որ Փութինի եւ Էրտողանի իւրաքանչիւր հանդիպում օրակարգի տեսանկիւնէն շատ յագեցած է:
«Օրակարգի վրայ նախ եւ առաջ ռուս-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւններն են եւ մեր առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը», նշած է Քրեմլինի բանբերը:
«Թուրքիան այն սակաւաթիւ երկիրներէն է, որ այս առումով բաւական սկզբունքային ու ինքնուրոյն դիրքորոշում որդեգրած է եւ կը շարունակէ մեզի հետ առեւտրատնտեսական համագործակցութիւն կառուցել», ընդգծած է Փեսքով:
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քատուղարը նշած է, որ յառաջիկային պիտի յայտարարէ Ռուսիոյ նախագահի Թուրքիա այցելութեան թուականը:


