Միջազգային

Մաքրոն. «Եթէ Ռուսիան Յաղթէ, Եւրոպան Պիտի Մնայ  Առանց Անվտանգութեան Գործող Ճարտարապետութեան,  Ինչ Որ Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ Նաեւ Կովկասի Մէջ»

Մաքրոն. «Եթէ Ռուսիան Յաղթէ, Եւրոպան Պիտի Մնայ Առանց Անվտանգութեան Գործող Ճարտարապետութեան, Ինչ Որ Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ Նաեւ Կովկասի Մէջ»

Եւրոպական Միութիւնը պէտք է համարձակ որոշումներ տայ` պաշտպանելու Ուքրանիան` կանխարգիլելով այդ երկրին իր զինուորական աջակցութիւնը դադրեցնելու կամ նուազեցնելու Միացեալ Նահանգներու որեւէ որոշում: «Տը Կարտիըն» կը հաղորդէ, որ Մաքրոն այս մասին ըսած  է Շուէտի մէջ` ընդգծելով, որ Եւրոպայի ապագայ անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը, ներառեալ եւրոպական տարածքը ընդգրկող սպառազինութիւններու վերահսկման համաձայնագիրները, այլեւս չեն կրնար իրագործուիլ միայն Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ կողմէ, եւ Եւրոպան պէտք...

Հանիէ. «Կը Սերտենք Փարիզի Առաջարկը,  Եւ Մեր Պատասխանը Կազայի Վրայ Յարձակումը  Դադրեցնելու Եւ Բռնագրաւման Ուժերը  Հեռացնելու Հիմամբ Պիտի Ըլլայ»

Հանիէ. «Կը Սերտենք Փարիզի Առաջարկը, Եւ Մեր Պատասխանը Կազայի Վրայ Յարձակումը Դադրեցնելու Եւ Բռնագրաւման Ուժերը Հեռացնելու Հիմամբ Պիտի Ըլլայ»

Պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէ, մեկնաբանելով Փարիզի մէջ կիրակի, 28 յունուարին գումարուած ժողովն ու անոր ընթացքին քննարկուած` Կազայի պատերազմի դադրեցման եւ գերիներու ազատ արձակման գաղափարները, յայտնեց. «Շարժումը ստանձնեց ժողովի ընթացքին քննարկուած առաջարկը, զայն կը սերտէ եւ իր պատասխանը պիտի տայ Կազայի վրայ դաժան յարձակումի դադրեցման եւ բռնագրաւման ուժերու ամբողջովին Կազայէն դուրս քաշուելուն հիմամբ, ուստի շարժումը բաց է...

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարներու.  Ամերիկեան Ուժերուն Վրայ Կատարուած  Յարձակումներուն Հակադարձելու Փենթակոնի  Ընտրանքները Կը Ներառեն Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ  Իրանեան Տարրերու Հարուածում

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարներու. Ամերիկեան Ուժերուն Վրայ Կատարուած Յարձակումներուն Հակադարձելու Փենթակոնի Ընտրանքները Կը Ներառեն Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ Իրանեան Տարրերու Հարուածում

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Փոլիթիքօ» կայքին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իր խորհրդականներուն ցուցմունք տուած է ներկայացնել «Աշտարակ 22»-ին մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուժերուն վրայ կատարուած յարձակումին հակադարձելու ընտրանքները, որոնք ամերիկեան ուժերուն վրայ այլ յարձակում կը զսպեն: «Փենթակոնի սեղանին վրայ գտնուող ընտրանքները կը ներառեն Սուրիոյ կամ Իրաքի մէջ իրանեան տարրերու հարուածում», նշած են ամերիկացի պաշտօնատարները: «Փենթակոնի սեղանին վրայ գտնուող ընտրանքները...

«Յոյն-Թրքական Յարաբերութիւնները Կարգաւորման  Ճամբու Վրայ Են, Եւ Մենք Պէտք Է  Պահպանենք Այդ Ձեռքբերումները»  Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը

«Յոյն-Թրքական Յարաբերութիւնները Կարգաւորման Ճամբու Վրայ Են, Եւ Մենք Պէտք Է Պահպանենք Այդ Ձեռքբերումները» Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս մտադիր է մայիսին այցելել Անգարա` անցեալ տարուան դեկտեմբերին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Աթէնք կատարած այցելութեան ի պատասխան: Այս մասին Յունաստանի վարչապետը յայտարարած է «Սքայ 100,3» ձայնասփիւռի կայանին: Անոր համաձայն, թուրք-յունական յարաբերութիւններուն մէջ յաջողուած է լաւ մթնոլորտ ստեղծել: «Մենք շատ կարեւոր քայլեր կատարած ենք երկու երկիրներու մերձեցման ուղղութեամբ: Յոյն-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորման ճամբուն վրայ են, եւ մենք...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Հաստատած Է  Թուրքիոյ «Էֆ-16»-ներու Վաճառքը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հաստատած Է Թուրքիոյ «Էֆ-16»-ներու Վաճառքը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Քոնկրեսին փոխանցած է, որ հաւանութիւն տուած է Թուրքիոյ 23 միլիառ տոլարի «Էֆ-16» հալածիչներու եւ յարակից սարքաւորումներու վաճառքին: Այս մասին հաղորդեց «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչները օրաթերթին յայտնած են, որ ատիկա կատարուած է, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ստորագրած է Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը արտօնող փաստաթուղթերը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ...

Պոլսոյ Սանթա Մարիա Եկեղեցւոյ Մէջ  Յարձակումի Հարցով Ձերբակալուած Են  47 Անձեր, Ներառեալ Ռուսիոյ Քաղաքացի Մը

Պոլսոյ Սանթա Մարիա Եկեղեցւոյ Մէջ Յարձակումի Հարցով Ձերբակալուած Են 47 Անձեր, Ներառեալ Ռուսիոյ Քաղաքացի Մը

Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը 28 յունուարին Պոլսոյ կաթողիկէ Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած կրակոցի հետ կապ ունենալու կասկածանքով ձերբակալած է 47 անձեր, որոնց շարքին` Ռուսիոյ քաղաքացի մը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Էրլիքայան: Անոր համաձայն, ձերբակալուածները տեղափոխուած են անվտանգութեան վարչութիւն, ուր անոնցմէ վկայութիւններ պիտի առնուին` միջադէպին անոնց հաւանական մասնակցութեան առնչուած:...

Նեթանիահուի Գրասենեակը Փարիզի Բանակցութիւնները «Շինիչ» Կ՛որակէ

Նեթանիահուի Գրասենեակը Փարիզի Բանակցութիւնները «Շինիչ» Կ՛որակէ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը յայտարարեց, որ Փարիզի մէջ կիրակի օր Կազայի մէջ պահուող իսրայէլացի գերիներու ազատ արձակման գործարքին շուրջ փոխադարձ հասկացողութեան հասնելու նպատակով տեղի ունեցած բանակցութիւնները «շինիչ» էին` միեւնոյն ժամանակ շեշտելով, որ գոյութիւն ունին «մեծ բացեր», որոնք կողմերը այս շաբթուան ընթացքին գումարուելիք յաւելեալ ժողովներու ընթացքին պիտի քննարկեն: Փարիզի ժողովին մասնակցած էին «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզը, Մոսատի եւ Շապաքի ղեկավարներ...

Իսլամապատ Այցելելով`  Ապտոլլահեան. «Ահաբեկչութեան  Պիտի Չարտօնենք Իրանի Եւ Փաքիստանի  Յարաբերութիւնները Քայքայել»

Իսլամապատ Այցելելով` Ապտոլլահեան. «Ահաբեկչութեան Պիտի Չարտօնենք Իրանի Եւ Փաքիստանի Յարաբերութիւնները Քայքայել»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երէկ Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ իր փաքիստանցի պաշտօնակից Ապպա Ժիլանիի հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը ահաբեկչութեան պիտի չարտօնէ Իրանի եւ Փաքիստանի յարաբերութիւնները քայքայել: «Հասարակաց սահմանամերձ շրջաններ գտնուող ահաբեկիչները անկասկած կը գործադրեն հրամանները երրորդ երկրի մը, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն կայունութիւնը չ՛ուզեր», ըսաւ Ապտոլլահեան` աւելցնելով. «Այսօր համաձայնեցանք երկկողմանի...

Թեհրան. «Իրան Կապ Չունի Շրջանին Մէջ  Ամերիկեան Ուժերուն Վրայ Կատարուած  Յարձակումներուն Հետ»

Թեհրան. «Իրան Կապ Չունի Շրջանին Մէջ Ամերիկեան Ուժերուն Վրայ Կատարուած Յարձակումներուն Հետ»

ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի դեսպան Ամիր Սայիտ Իրուանի յայտնեց. «Իրան կապ չունի շրջանին մէջ ամերիկեան ուժերուն վրայ կատարուած յարձակումներուն հետ»: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց. «Դիմադրութեան ուժերը մեզմէ հրամաններ չեն ստանար եւ պաղեստինցի ժողովուրդը պաշտպանելու իրենց որոշումները կու տան անկախ կերպով»: «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպան Միքայէլ Հերցոկ յայտարարած է. «Յորդանանի մէջ վերջին յարձակումը...

Էրտողան-Փութին Հանդիպումը`  9 Օգոստոսին

Փութին Կրնայ Փետրուարին Այցելել Թուրքիա

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Թուրքիա այցելութիւնը կրնայ տեղի ունենալ մօտաւորապէս փետրուարին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Անգարայի մէջ դիւանագիտական աղբիւրի մը: Ըստ աղբիւրին, ամէն ինչ կախեալ պիտի ըլլայ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն ժամանակացոյցէն: Համակարգումը կը շարունակուի դիւանագիտական ուղիներով: Փութին նախապէս յայտարարած էր, որ կը ծրագրէ տարեսկիզբին հանդիպիլ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, իսկ մինչ այդ անոնք...

Կութիերես. «7 Հոկտեմբերի Յարձակումին  Մեղսակից ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի 12 Պաշտօնեաներէն  9-ը Գործէ Արձակեցինք»

Կութիերես. «7 Հոկտեմբերի Յարձակումին Մեղսակից ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի 12 Պաշտօնեաներէն 9-ը Գործէ Արձակեցինք»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես նուիրատու երկիրներուն կոչ ուղղեց` երաշխաւորելու (ՄԱԿ-ի) Պաղեստինցի գաղթականներու օժանդակութեան եւ աշխատանքի գործակալութեան (ՈՒՆԵՐՈՒԱ) աշխատանքներու շարունակականութիւնը: Նուիրատու երկիրներէն շատեր առկախեցին իրենց ֆինանսաւորումը, երբ Իսրայէլ գործակալութենէն պաշտօնեաներ ամբաստանեց 7 հոկտեմբերին պաղեստինեան Համաս շարժումի շղթայազերծած «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան մեղսակցութեան մէջ: «Մինչ կը հասկնամ անոնց մտահոգութիւնը, եւ ես եւս զարհուրեցայ այդ ամբաստանութիւններէն, իրենց նպաստները դադրեցուցած կառավարութիւններուն կոչ կ՛ուղղեմ` առնուազն...

Արդարադատութեան Միջազգային  Դատարանի Վճիռէն Ետք.  Չորեքշաբթի Ապահովութեան  Խորհուրդի Արտակարգ Նիստ

Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի Վճիռէն Ետք. Չորեքշաբթի Ապահովութեան Խորհուրդի Արտակարգ Նիստ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ժողով մը պիտի գումարէ քննարկելու համար Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 26 յունուարին որդեգրած վճիռը, որ Իսրայէլէն կը պահանջէ Կազայի մէջ ցեղասպանութեան որեւէ արարք կանխարգիլելու քայլեր որդեգրել: Այս մասին հաղորդեց Ապահովութեան խորհուրդի ֆրանսական նախագահութիւնը: Ալճերիոյ պահանջով ժողովը պիտի գումարուի չորեքշաբթի օր` ՊԷյրութի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 6:00-ին: Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի նիստ պահանջած է «Արդարադատութեան միջազգային...

Յորդանանի Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայանի Դէմ  Յարձակումը 3 Զոհեր Եւ Բազմաթիւ  Վիրաւորներ Պատճառեց

Յորդանանի Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայանի Դէմ Յարձակումը 3 Զոհեր Եւ Բազմաթիւ Վիրաւորներ Պատճառեց

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը երէկ երեկոյեան յայտնեց, որ Յորդանանի հիւսիս արեւելքը գտնուող Սուրիոյ եւ Իրաքի սահմանակից Տորիէ ռազմակայանին վրայ ականուած անօդաչու թռչող սարքով յարձակումի պատճառով 3 ամերիկացի զինուորներ մահացած են եւ առնուազն 25 ուրիշներ վիրաւորուած: Ամերիկացի պաշտօնատար մը իր կարգին յայտնեց, որ 34 զինուորներու առողջական կացութեան մօտէն կը հետեւին: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն խոստացաւ հաշուետուութեան ենթարկել յարձակումին պատասխանատուները` նշելով,...

Պոլսոյ Մէջ Ս. Պատարագի Ընթացքին  Յարձակում` Եկեղեցիի Մը Վրայ

Պոլսոյ Մէջ Ս. Պատարագի Ընթացքին Յարձակում` Եկեղեցիի Մը Վրայ

Երէկ Ս. պատարագի ընթացքին Պոլսոյ կաթողիկէ Սանթա Մարիա եկեղեցւոյ վրայ տեղի ունեցաւ զինեալ յարձակում մը` պատճառելով զոհ մը եւ վիրաւորներ: Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Եիրլիքայա յայտնեց. «Յարձակումին հեղինակները ձերբակալելու ջանքերը ընթացք առին»: Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Եըլմազ Թունճ յայտարարեց. «Ընդհանուր դատախազի գրասենեակը Պոլսոյ մէջ իտալական եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակումին շուրջ հետաքննութեան սկսաւ»: Թրքական «Ա հապեր» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ...

Գերիներու Փոխանակման Գործարքի Կէտերուն Մեծամասնութեան Շուրջ Սկզբունքային Փոխադարձ Հասկացողութի՞ւն

Գերիներու Փոխանակման Գործարքի Կէտերուն Մեծամասնութեան Շուրջ Սկզբունքային Փոխադարձ Հասկացողութի՞ւն

Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններէն լաւատեղեակ իսրայէլեան աղբիւր մը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնած է. «Իսրայէլ եւ Համաս գերիներու փոխանակման գործարքի կէտերուն մեծամասնութեան շուրջ սկզբունքային փոխադարձ հասկացողութիւններ գոյացուցին»: Աղբիւրը նշած է, որ գործարքին տեւողութիւնը 35 օր է, որուն ընթացքին Կազա պահուող իսրայէլացի գերիները ազատ պիտի արձակուին` պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակման եւ մարդասիրական օժանդակութիւնները Կազա հասցնելու դիմաց: «Համաձայնութիւն գոյացաւ ազատ արձակուելիք...

Էրտողան Հաստատած Է Թուրքիոյ Կողմէ  Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Վաւերացումը.  Այժմ Հերթը Հունգարիոյ Է

Էրտողան Հաստատած Է Թուրքիոյ Կողմէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Վաւերացումը. Այժմ Հերթը Հունգարիոյ Է

Էրտողան պաշտօնապէս հաւանութիւն տուած է Թուրքիոյ կողմէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումի վաւերացման: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: Թուրքիոյ խորհրդարանը երեքշաբթի, 23 յունուարին քուէարկած էր ի նպաստ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումի վաւերացման: 346 երեսփոխաններէն 287-ը թեր քուէարկած էին, 55-ը` դէմ, 4-ը` ձեռնպահ: Այժմ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներէն կը մնայ միայն Հունգարիան, որ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումը չէ վաւերացուցած: Շուէտի վարչապետ Ուլֆ Քրիսթերսոն...

Ապտոլլահեան. «Իրանի Նախագահի Թուրքիա  Այցելութեան Արդիւնքները 2 Երկիրներուն Միջեւ  Երկկողմանի Եւ Շրջանային  Համագործակցութեան Նոր Էջի Սկիզբն Են»

Ապտոլլահեան. «Իրանի Նախագահի Թուրքիա Այցելութեան Արդիւնքները 2 Երկիրներուն Միջեւ Երկկողմանի Եւ Շրջանային Համագործակցութեան Նոր Էջի Սկիզբն Են»

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի Թուրքիա պաշտօնական այցելութիւնն ու անոր արդիւնքները երկու երկիրներուն միջեւ երկկողմանի եւ շրջանային համագործակցութեան նոր էջի սկիզբն են: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան: «Երկկողմանի համաձայնագիրները բարի դրացնութեան եւ բազմազանացման քաղաքականութեան ծիրին մէջ են եւ կը վերաբերին յարաբերութիւններու բոլոր ոլորտներուն, ներառեալ առեւտուրը, ներդրումները, տնտեսութիւնը, մաքսայինը, արդիւնաբերութիւնը, սահմանային շուկաներու եւ ազատ...

Հունգարիոյ Հետախուզական Ծառայութիւնները  Կանխարգիլած Են Երկրին Մէջ  Իշխանութեան Բռնագրաւումը

Հունգարիոյ Հետախուզական Ծառայութիւնները Կանխարգիլած Են Երկրին Մէջ Իշխանութեան Բռնագրաւումը

Հունգարիոյ հետախուզական ծառայութիւնները լուծարած են «Սքիւթական Հունգարիա» խմբաւորումը, որ կը նախապատրաստուէր իշխանութեան զինեալ գրաւման: Ռուսական «Իզ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ազգային ոստիկանութեան վարչութիւնը: Ոստիկանութենէն յայտնած են, որ 11 մարդ բերման ենթարկուած է, ութ ուրիշներ հարցաքննուած են: «Յատուկ գործողութիւնը միաժամանակ գործադրուած է Վեսփրեմ, Փեշթ, Զալա, Պաչ-Քիշքուն եւ Պուտափեշթ քաղաքներու մէջ: Գրեթէ 150 ոստիկան ձերբակալութիւններ եւ խուզարկութիւններ կատարած...

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Իրանը` Չընելու  Քայլեր, Որոնք Պիտի Վատթարացնեն  Միջին Արեւելքի Ճգնաժամը

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Իրանը` Չընելու Քայլեր, Որոնք Պիտի Վատթարացնեն Միջին Արեւելքի Ճգնաժամը

Միացեալ Նահանգներ զգուշացուցին Իրանը` չընելու քայլեր, որոնք կրնան սրել Միջին Արեւելքի ներկայ ճգնաժամը: Այս մասին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Միջին Արեւելքի կացութեան վերաբերեալ բաց բանավէճի ընթացքին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքային անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարցերով տեղակալ Ուզրա Զէյան: «Միացեալ Նահանգներ բազմիցս զգուշացուցած են Իրանն ու անոր դրածոյ ուժերը, որ չօգտուին պահէն` գործելու համար յարձակումներ, որոնք կը...

Լաւրով. «Ռուսիան Ուշադրութիւն Պիտի Դարձնէ  Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ ԱՊՀ-ի  Անվտանգութեան Ապահովման»

Լաւրով. «Ռուսիան Ուշադրութիւն Պիտի Դարձնէ Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ ԱՊՀ-ի Անվտանգութեան Ապահովման»

Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) սահմաններուն վրայ աճող լարուածութեան լոյսին տակ Ռուսիան, իբրեւ ԱՊՀ-ի նախագահող երկիր, ուշադրութիւն պիտի դարձնէ միութեան անվտանգութեան ապահովման բոլոր ոլորտներուն մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու մնայուն լիազօր ներկայացուցիչներու խորհուրդին ուղղուած տեսաուղերձին մէջ ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «ԱՊՀ-ի արտաքին սահմաններու ծիրին մէջ համաշխարհային անկայունութեան եւ լարուածութեան աճի...

Page 170 of 882 1 … 169 170 171 … 882

Արխիւներ