Միջազգային

Պոլսոյ Տոլմապահչէ  Պալատին Դէմ Յարձակումի Փորձ

Պոլսոյ Տոլմապահչէ Պալատին Դէմ Յարձակումի Փորձ

Թրքական արգիլեալ մարքսական խմբաւորում մը երէկ ստանձնեց յարձակումի փորձի պատասխանատուութիւնը Պոլսոյ մէջ գտնուող  Օսմանեան ժամանակաշրջանի պալատի մը դէմ, ուր նախապէս կը գտնուէր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գրասենեակը: Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատը յայտնեց, որ իր անդամներէն մէկը 1 յունուարի յետմիջօրէին յարձակում գործած է Պոսփորի վրայ գտնուող պատմական Տոլմապահչէ պալատին մուտքին: Ան երկու ձեռնառումբ նետած է պալատին առջեւ պատուոյ պահակ կանգնած...

Լիթուանիա Պաշտօնապէս  Միացաւ Եւրոյի Գօտիին

Լիթուանիա Պաշտօնապէս Միացաւ Եւրոյի Գօտիին

Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Լիթուանիան 1 յունուար 2015-էն սկսեալ անցած է եւրոյով հաշուարկներու` դառնալով Եւրոյի գօտիի անդամ  19-րդ երկիրը: Այսպիսով, երկիրը հրաժարած է իր ազգային դրամանիշէն: Դրամատնային հաշիւներուն մէջ գոյութիւն ունեցող լիթուանական լիթը 1 յունուարէն սկսեալ մեքենայաբար եւ անվճար կերպով պիտի փոխուի եւրոյի: Լիթուանիոյ ազգային դրամանիշով վճարումները կարելի պիտի ըլլայ կատարել մինչեւ 15 յունուար: Նախապէս Լիթուանիոյ ելեւմուտքի նախարար Ռիմանթաս Շաճիւս...

Լաթվիա Վեց Ամիսով Պիտի Գլխաւորէ  Եւրոպական Միութեան Խորհուրդը

Լաթվիա Վեց Ամիսով Պիտի Գլխաւորէ Եւրոպական Միութեան Խորհուրդը

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Լաթվիան 1 յունուար 2015-էն սկսեալ դարձած է Եւրոպական միութեան խորհուրդի նախագահող երկիր: Ռիկայի մէջ այդ կարգավիճակի իրենց առաջնահերթութիւնները կը նկատեն Եւրոպական Միութեան մրցունակութեան բարձրացումը, միասնական եւրոպական շուկայի զարգացումը եւ տեղեկատուական հանրութեան ամրապնդումը: Լաթվիա, որ Եւրոպական Միութեան անդամ դարձած է 2004-ին, առաջին անգամն է, որ կը գլխաւորէ խորհուրդը` նախագահութիւնը ստանալով Իտալիայէն: Լաթվիոյ պարտականութիւններու կատարման համար պատասխանատու...

Վատիկան Պիտի Հրաժարի  Թուղթի Օգտագործումէն

Վատիկան Պիտի Հրաժարի Թուղթի Օգտագործումէն

Euromag.ru կայքը կը հաղորդէ, որ դրամի խնայողութիւն կատարելու նպատակով` Վատիկանը 1 յունուարէն սկսեալ պիտի հրաժարի պապի օրհնութեան գիրին համար օգտագործուող թուղթերէն` անցնելով փաստաթուղթերու կազմութեան ելեկտրոնային տարբերակին: Պապի օրհնութեան գիրերը կը վաճառուին ամբողջ աշխարհի մէջ եւ նախատեսուած են պսակադրութեան եւ մկրտութեան արարողութիւնները շնորհաւորելու համար: 2013-ին այդ թուղթերէն վաճառուած է 250 հազար օրինակ: Պապի օրհնութեան գիրերը կը վաճառուին 7-25 եւրոյի` Վատիկանի գանձարանին...

Էրտողան Պիտի Այցելէ  Ղազախստան

Էրտողան Պիտի Այցելէ Ղազախստան

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Էրլան Իտրիսով յայտարարած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 2015-ին պիտի այցելէ Ղազախստան: Իտրիսով ըսած է, որ Թուրքիոյ հետ Ղազախստանի յարաբերութիւնները երկարաժամկէտ եւ ռազմավարական բնոյթ կը կրեն: Գոյութիւն ունին բարձր մակարդակի փոխադարձ գործակցութեան հաստատութիւններ: «Այնպէս, որ մենք մօտ ատենէն կը սպասենք մեր բարեկամ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Ղազախստան այցելութիւնը», ըսած...

Page 882 of 882 1 … 881 882

Արխիւներ