Միջազգային

Քըրպի. «Պայտըն Ո՛չ Իրանի Հետ Յաւելեալ Պատերազմ, Ո՛չ Ալ Տագնապի Ընդլայնում Կամ Խորացում Կ՛ուզէ»

Քըրպի. «Պայտըն Ո՛չ Իրանի Հետ Յաւելեալ Պատերազմ, Ո՛չ Ալ Տագնապի Ընդլայնում Կամ Խորացում Կ՛ուզէ»

Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ո՛չ Իրանի հետ յաւելեալ պատերազմ, ո՛չ ալ տագնապի ընդլայնում կամ խորացում կ՛ուզէ: Ան Փենսիլվանիա նահանգ ուղղուող նախագահական օդանաւին մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ Ռաֆահի հարցին շուրջ իսրայէլացիներուն հետ ժողովին վերաբերեալ նորութիւններ չկան` աւելցնելով. «Տակաւին կը յուսանք առցանց ժողովէն ետք նոր փուլի մը սկսիլ, եւ յառաջիկայ օրերուն...

Քաթարի Վարչապետ. «Իսրայէլի Եւ Համասի Միջեւ Բանակցութիւնները Նուրբ Շրջանէ Կ՛անցնին»

Քաթարի Վարչապետ. «Իսրայէլի Եւ Համասի Միջեւ Բանակցութիւնները Նուրբ Շրջանէ Կ՛անցնին»

Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի երէկ յայտարարեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ գերիներու ազատ արձակման բանակցութիւնները նուրբ փուլէ կ՛անցնին` աւելցնելով, որ կարելի եղածին չափ խոչընդոտները յաղթահարելու փորձեր գոյութիւն ունին: Ան նշեց, որ իր երկիրը կը դատապարտէ հաւաքական պատիժի քաղաքականութիւնը, որ Իսրայէլ կը շարունակէ կիրարկել Կազայի մէջ, եւ որուն կողքին Այսրյորդանանի մէջ մագլցումի ալ...

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Պիտի Քննարկէ Պաղեստինի` ՄԱԿ-ի Անդամակցութեան Հարցը

Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Պաղեստինը ՄԱԿ-ի Անդամ Ընդունիլ Յանձնարարող Նախագիծի Շուրջ Քուէարկութիւն Պիտի Կատարէ

Աղբիւրներ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այսօր քուէարկութիւն պիտի կատարէ Ալճերիոյ պատրաստած նախագիծին շուրջ, որ կը յանձնարարէ Պաղեստինի` ՄԱԿ-ի անդամակցութիւնը ընդունիլ: Պաղեստինեան իշխանութիւնները ապրիլին Ապահովութեան խորհուրդէն խնդրած էին ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամակցութեան համար իր 2011-ին ներկայացուցած դիմումը վերստին քննել, հակառակ այն իրողութեան, որ վեթոյի իրաւունք ունեցող Միացեալ Նահանգները բացայայտ կերպով այդ քայլին իրենց ընդդիմութիւնը արտայայտած են:...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու  Եւ Օմանի Մէջ Արտակարգ Առատութեամբ Անձրեւներ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Եւ Օմանի Մէջ Արտակարգ Առատութեամբ Անձրեւներ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային օդերեւութաբանական կեդրոնը յայտնեց, որ երեքշաբթի օր երկրին մէջ վերջին 75 տարուան մէջ ամէնէն առատ անձրեւները տեղացած են: Այս մասին կը յայտնէ էմիրաթական կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Կեդրոնին տուեալներով` Ապու Տապիի էմիրութեան արեւելքը գտնուող Այն քաղաքին մէջ, ուր տեղակայուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կլիմայական եւ տեղեկատուական եղանակային կայանը, նուազ քան 24 ժամուան ընթացքին 254,8 միլլիմեթր անձրեւ տեղացած է:...

Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչը Յառաջիկայ Օրերուն Հանդիպումներ Պիտի Ունենայ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ղեկավարութիւններուն Հետ

Պորել Քլաարը Ուզպեքիստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանի Թեկնածու Առաջադրած Է

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ բանագնաց Թոյվօ Քլաարի թեկնածութիւնը առաջադրած է Ուզպեքիստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանի պաշտօնին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ գերատեսչութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Կը հաղորդուի, որ Քլաարի թեկնածութիւնը պիտի հաստատուի Ուզպեքիստանի կառավարութեան պաշտօնական համաձայնութենէն ետք: Էսթոնացի դիւանագէտ Քլաար Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան...

Ռայիսի. «Մենք Ահաւոր, Լայնածաւալ Եւ Ցաւցնող  Կերպով Պիտի Հակադարձենք Իրանեան Շահերը  Թիրախաւորող Որեւէ Արարքի Եւ Զայն Բոլոր Գործողներուն»

Ռայիսի. «Մենք Ահաւոր, Լայնածաւալ Եւ Ցաւցնող Կերպով Պիտի Հակադարձենք Իրանեան Շահերը Թիրախաւորող Որեւէ Արարքի Եւ Զայն Բոլոր Գործողներուն»

Իրանի նախագահ Իպարհիմ Ռայիսի երէկ զգուշացուց. «Մենք ահաւոր, լայնածաւալ եւ ցաւցնող կերպով պիտի հակադարձենք իրանեան շահերը թիրախաւորող որեւէ արարքի եւ զայն բոլոր գործողներուն»: Ան այս մասին յայտարարեց Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին: Ռայիսի ըսաւ, որ Իրանը Դամասկոսի մէջ իր հիւպատոսարանին դէմ օդային հարուածին համար Իսրայէլը պատժելու գործողութիւնը յաջողութեամբ կատարեց: Իրանի նախագահը յայտնեց, որ...

Կազայի Պատերազմը Կը Պառակտէ  Իսրայէլի Ղեկավարութիւնը

Կազայի Պատերազմը Կը Պառակտէ Իսրայէլի Ղեկավարութիւնը

Մինչ Կազայի դէմ Իսրայէլի պատերազմը մուտք կը գործէ իր 7-րդ ամիսը, իսրայէլեան հասարակութիւնը մեծապէս պառակտուած է «յաղթանակի իրագործման» նկատմամբ: Նոյն կացութեան մէջ են Իսրայէլի նախարարներու պատերազմական սեղմ խորհուրդի երեք աւագ անդամները` Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթն ու բանակի նախկին հրամանատար Պենի Կանցը, որոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները վերջերս մեծապէս աճեցան եւ դարձան հրապարակային: Այս մասին կը գրէ...

Զելենսքի. «Իսրայէլը Յարձակումէն Պաշտպանած  Դաշնակիցները, Նոյնը Կրնան Ընել Ուքրանիոյ Համար»

Զելենսքի. «Իսրայէլը Յարձակումէն Պաշտպանած Դաշնակիցները, Նոյնը Կրնան Ընել Ուքրանիոյ Համար»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ըսած է, որ Իսրայէլը պաշտպանելու առումով դաշնակիցներուն վճռական գործողութիւնները կանխարգիլեցին Իրանի ահաբեկչութիւնն ու ենթակառոյցներու կորուստը: Անոր համոզումով նոյնը կարելի է ընել պաշտպանելու համար Ուքրանիան, որ Իսրայէլի նման ՕԹԱՆ-ի անդամ չէ: Այս մասին հաղորդեց ուքրանական «Ինթըրֆաքս» կայքը: Ըստ Զելենսքիի, ռուսական յարձակումներու սաստկութիւնը կը պահանջէ դաշնակիցներու աւելի մեծ համախմբում: Մասնաւորաբար, ինչպէս Զելենսքի նշած է, պաշտպանելով Իսրայէլը, ազատ աշխարհը...

Քենաանի. «Շրջանին Մէջ Յաւելեալ Լարուածութիւն Չենք Ուզեր»

Քենաանի. «Շրջանին Մէջ Յաւելեալ Լարուածութիւն Չենք Ուզեր»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտնեց. «Իսրայէլի դէմ մեր քայլերը ինքնապաշտպանութիւն էին եւ բռնագրաւող գոյացութեան յարձակումներուն հակադարձութիւն»: «Արհեստավարժ կերպով վարուեցանք, եւ Իսրայէլին մեր հակադարձութիւնը տրամաբանական եւ պատասխանատու էր», ըսաւ ան: «Շրջանին մէջ յաւելեալ լարուածութիւն չենք ուզեր», շեշտեց Քենաանի` աւելցնելով. «Մեր քայլը անհրաժեշտ էր եւ յարմար հետեւանք սիոնական գոյացութեան ու Արեւմուտքի անպատասխանատու վարմունքին»: Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդը իր...

Ըստ «Թէ. Ռէ. Թէ.»-ի.  «Սի. Այ. Էյ.»-ը Անգարայէն Խնդրած Է Իրանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Միջնորդութիւն Կատարել

Ըստ «Թէ. Ռէ. Թէ.»-ի. «Սի. Այ. Էյ.»-ը Անգարայէն Խնդրած Է Իրանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Միջնորդութիւն Կատարել

«Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է թրքական գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի տնօրէն Իպրահիմ Քալընի հետ` խնդրելով, որ միջնորդութիւն կատարէ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին»-ը` յղում կատարելով թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.»-ին: Ըստ թրքական պետական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին, երկու կողմերը նաեւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման բանակցութիւններուն վերաբերեալ տեսակէտներու փոխանակում կատարած են: Թրքական պատկերասփիւռի կայանը կ՛աւելցնէ, որ Քալըն իր ամերիկացի պաշտօնակիցին...

Յորդանան Իրանէն Կը Պահանջէ Դադրիլ Պաղեստինեան Դատի Նկատմամբ Իր Կեցուածքը Կասկածի Տակ Առնելէ

Յորդանան Իրանէն Կը Պահանջէ Դադրիլ Պաղեստինեան Դատի Նկատմամբ Իր Կեցուածքը Կասկածի Տակ Առնելէ

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչեց Ամմանի մէջ Իրանի դեսպանը, եւ անոր երկրէն պահանջեց դադրիլ պաղեստինեան դատի նկատմամբ Յորդանանի կեցուածքները «կասկածի տակ առնելէ»: Յորդանան Իսրայէլի վրայ իրանեան յարձակումի ընթացքին իր օդային տարածքին մէջ «թռչող մարմիններու» վնասազերծումը յայտարարած էր: Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի յորդանանեան «Մամլաքա» պատկերասփիւռի պետական կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Նախարարութիւնը այսօր Իրանի դեսպանը կանչեց եւ...

Պլինքըն Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Իսրայէլի Վրայ Իրանի Կատարած Յարձակումը

Պլինքըն Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Իսրայէլի Վրայ Իրանի Կատարած Յարձակումը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 14 ապրիլին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըրի, օրակարգի վրայ էր Իրանի կողմէ Իսրայէլի վրայ «բացայայտ եւ աննախադէպ» յարձակումը: Ամերիկեան կողմին հաղորդումով, Պլինքըն շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆիտանին շրջանին մէջ հետագայ մագլցումը կանխարգիլելու ուղղութեամբ...

Իսլամական Հանրապետութեան  Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Իսրայէլի Վրայ Իրանեան Ուղղակի Յարձակում

Իսլամական Հանրապետութեան Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Իսրայէլի Վրայ Իրանեան Ուղղակի Յարձակում

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը շաբաթ գիշեր իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ուղղակի յարձակում գործեց Իսրայէլի վրայ` հակադարձելով Դամասկոսի մէջ իր հիւպատոսարանին վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումին, որ պատճառած էր 7 զոհ, ներառեալ Յեղափոխական պահակագունդի Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ հրամանատար զօր. Մոհամետ Ռիտա Զահիտին: Յարձակումը շուրջ 5 ժամ տեւեց: Իրան յայտնեց, որ Իսրայէլի ուղղութեամբ իր արձակած հրթիռներուն կէսը յաջողութեամբ հարուածած է իր...

Ազրպէյճան-Յորդանան Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Համաձայնագիր

Ազրպէյճան-Յորդանան Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Համաձայնագիր

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով այցելած է Յորդանան: Այս մասին հաղորդեց «Թերթ»-ը: Բանակցութիւններու ընթացքին Հասանով քննարկած է զինուորական, ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան հարցեր: Կողմերը համաձայնագիր ստորագրած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին:  

Ֆրանսա, Յորդանան Եւ Եգիպտոս Կազայի Մէջ  Անմիջական Զինադադարի Կոչ Կ՛ուղղեն

Ֆրանսա, Յորդանան Եւ Եգիպտոս Կազայի Մէջ Անմիջական Զինադադարի Կոչ Կ՛ուղղեն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի յայտնեցին, որ Կազայի մէջ մարդկային կորուստները «անտանելի են», եւ ընդգծեցին Կազայի մէջ «անմիջական» զինադադար հաստատելու «հրատապ կարիքը» եւ «բոլոր գերիները» ազատ արձակելու հրամայականը` զգուշացնելով Իսրայէլը Ռաֆահի դէմ իր հաւանական յարձակումին «վտանգաւոր հետեւանքներէն»: Երեք ղեկավարները ֆրանսական «Լը Մոնտ», ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ», յորդանանեան «Ռայ» եւ եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթերուն...

Թուրքիա Իսրայէլի Դէմ Քայլեր Կ՛որդեգրէ Կազա  Օդի Ճամբով Օժանդակութիւններ Հասցնելու  Անգարայի Խնդրանքը Մերժելուն Համար

Թուրքիա Իսրայէլի Դէմ Քայլեր Կ՛որդեգրէ Կազա Օդի Ճամբով Օժանդակութիւններ Հասցնելու Անգարայի Խնդրանքը Մերժելուն Համար

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ իր երկիրը որոշած է Իսրայէլի դէմ նոր քայլեր որդեգրել` նշելով, որ թրքական օդուժը ուզած է մասնակցիլ Կազայի վրայ օժանդակութիւններ նետելու գործողութեան, սակայն անոր դիմումը, «որ յորդանանեան իշխանութիւններուն կողմէ ողջունուեցաւ, Իսրայէլի կողմէ մերժուեցաւ»: Այս մասին հաղորդեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: «Որոշեցինք Իսրայէլի դէմ շարք մը նոր քայլեր որդեգրել», ըսաւ Ֆիտան` նշելով, որ «Կազայի...

Գահիրէի Բանակցութիւններուն Մէջ Յառաջընթացի Մասին Հակասական Լուրեր

Գահիրէի Բանակցութիւններուն Մէջ Յառաջընթացի Մասին Հակասական Լուրեր

Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համար Գահիրէի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ «որոշակի յառաջընթաց» արձանագրուած է: Այս մասին եգիպտական բարձրաստիճան աղբիւր մը յայտնեց եգիպտական «Գահիրա» պատկերասփիւռի կայանին: «Բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կայ, եւ կողմերուն միջեւ գլխաւոր առանցքներու շուրջ համաձայնութիւն», նշած է աղբիւրը` աւելցնելով. «Գահիրէի մէջ բանակցութիւններու փուլին տեսակէտներու մերձեցման առումով մեծ յառաջընթաց կ՛արձանագրուի»: Եգիպտական «Մասրիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Համասի ու Քաթարի պատուիրակութիւնները...

Զելենսքի. «Ուքրանիան Պատերազմին Մէջ Պարտութեան Պիտի Մատնուի, Եթէ Ամերիկեան Քոնկրեսը Օժանդակութիւններու Թղթածրարը Չվաւերացնէ»

Զելենսքի. «Ուքրանիան Պատերազմին Մէջ Պարտութեան Պիտի Մատնուի, Եթէ Ամերիկեան Քոնկրեսը Օժանդակութիւններու Թղթածրարը Չվաւերացնէ»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի զգուշացուց, որ Քիեւ Ռուսիոյ դէմ պատերազմին մէջ պարտութեան պիտի մատնուի, եթէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը չվաւերացնէ Մոսկուայի ներխուժման դիմակայման համար իրեն յատկացուած զինուորական օժանդակութիւններու թղթածրարը: Զելենսքի նուիրատուութիւններու ապահովման համար եւ Քիեւի հովանաւորութիւնը վայելող «Եունայթըտ24» հարթակին հետ առցանց ժողովի ընթացքին յայտնեց. «Պէտք է որոշակի կերպով ըսել, որ եթէ Քոնկրեսը Ուքրանիոյ չօգնէ, ապա Ուքրանիան պատերազմին մէջ պիտի պարտուի»: Ան...

Գահիրէի Մէջ Կազայի Շուրջ Բանակցութիւններու Նոր Փուլ

Գահիրէի Մէջ Կազայի Շուրջ Բանակցութիւններու Նոր Փուլ

Երէկ Գահիրէի մէջ ընթացք առաւ Իսրայէլի ու Համասի միջեւ գերիներու փոխանակման եւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման գործարքի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու բանակցութիւններու նոր փուլ մը: Պաղեստինեան Համաս շարժումը շաբաթ օր յայտարարեց. «Խալիլ Հայէի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը վաղը պիտի մեկնի Գահիրէ` ընդառաջելով Եգիպտոսի հրաւէրին: Կառչած կը մնանք 14 մարտին մեր ներկայացուցած կեցուածքին, որ (իսրայէլեան) յարձակումին վերջ տալու բնական պահանջն է եւ անկէ...

«Շրջանին Մէջ Իսրայէլեան Դեսպանատուները Դադրեցան Ապահով Ըլլալէ»  Կ՛ըսէ Խամէնէիի Խորհրդատուն

«Շրջանին Մէջ Իսրայէլեան Դեսպանատուները Դադրեցան Ապահով Ըլլալէ» Կ՛ըսէ Խամէնէիի Խորհրդատուն

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի զինուորական հարցերու խորհրդատու Եահիա Ռահիմ Սաֆաւի յայտնեց, որ Իսրայէլ շրջանին մէջ 27 դեսպանատուներ փակած է` վախնալով Դամասկոսի մէջ իր հիւպատոսարանին վրայ իսրայէլեան յարձակումին Իրանի հակադարձութիւններէն: Ան ընդգծեց, որ շրջանին մէջ իսրայէլեան դեսպանատուները դադրած են ապահով ըլլալէ: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Սաֆաւի իրանեան հիւպատոսարանին վրայ կատարուած յարձակումներու զոհերուն յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի ընթացքին շեշտեց, որ...

Page 1 of 723 1 2 723

Արխիւներ