Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ 85 Թիրախներ Հարուածելէ Ետք. Ուաշինկթըն. «Իրանի Հետ Ուղղակի Կամ Անուղղակի Պատերազմի Չենք Ձգտիր»

Փետրուար 5, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Այն, ինչ որ ուրբաթ օր տեղի ունեցաւ, սկիզբն էր եւ ոչ թէ աւարտը: Պիտի ըլլան յաւելեալ քայլեր, որոնցմէ մէկ քանին տեսանելի, եւ թերեւս մէկ քանին անտեսանելի… այդ քայլերը իբրեւ պատերազմական բաց արշաւ չեմ որակեր»:

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը տակաւին կը գնահատէ ամերիկեան բանակին` Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ուրբաթ գիշեր իրանամէտ զինեալ խմբաւորումներու վրայ կատարուած յարձակումներուն պատճառած վնասները:

Ան նշեց, որ 7 տարբեր դիրքերու մէջ (3-ը Իրաքի մէջ եւ 4-ը` Սուրիոյ մէջ) 85 թիրախներու դէմ գործողութեան մասնակից ամերիկեան ռմբաձիգները շուրջ կէս ժամուան մէջ աւելի քան 125 թիրախահար հրթիռներ արձակած են եւ հեռացած:

«Չենք ուզեր շրջանին մէջ ամերիկեան դիրքերու կամ ամերիկացի զինուորներու վրայ մէկ այլ յարձակում տեսնել», ընդգծեց ան` աւելցնելով, որ այս «վրէժխնդրական» հարուածներուն եւ ուրբաթ օր Յորդանանի մէջ ամերիկեան ռազմակայանին վրայ յարձակումին պատճառով մահացած ամերիկացի 3 զինուորներու դիակներու Միացեալ Նահանգներ վերադարձի արարողութեան միջեւ կապ չկայ:

Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանի առնչուած թիրախներուն դէմ «վրէժխնդրական» յարձակումներու շղթայազերծումէն առաջ տեղեակ պահած են իրաքեան կառավարութիւնը: Ան նաեւ յայտնեց, որ անցեալ կիրակի, 28 յունուարին  ամերիկեան ռազմակայանին վրայ կատարուած յարձակումէն ետք Իրանի հետ որեւէ «հաղորդակցութիւն», ոչ իսկ ոչ պաշտօնական կամ անուղղակի հաղորդակցութիւն տեղի չէ ունեցած:

«Իրանի հետ պատերազմի չենք ձգտիր», յայտարարեց Քըրպի:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ամերիկեան յարձակումներու շղթայազերծումէն ետք յայտարարեց. «Իմ ցուցմունքովս ամերիկեան ուժերը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ թիրախներ հարուածեցին: Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ թիրախաւորուած կառոյցները Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին եւ անոր հետեւորդ խմբաւորումներուն կողմէ կ՛օգտագործուին մեր ուժերուն վրայ յարձակումներ գործելու համար: Այսօր սկսած մեր հակադարձութիւնը պիտի շարունակուի ժամկէտներու ընթացքին եւ վայրերու մէջ, զորս մենք կ՛ընտրենք»:

«Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելքի կամ աշխարհի վրայ որեւէ այլ վայրի մէջ տագնապ ստեղծելու չեն ձգտիր», նշեց Պայտըն` նշելով. «Անոնք, որոնք մեզի վնաս հասցնել կրնան ջանալ, թող իմանան, որ պիտի հակադարձենք»:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար Մայքըլ Քորելա յայտնեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս ջոկատ»-ը «ամերիկացիներու անվտանգութեան եւ Իրաքի ու շրջանի կայունութեան ուղղակի սպառնալիք է»` շեշտելով. «Պիտի շարունակենք պատշաճ քայլեր որդեգրել եւ անհրաժեշտ ամէն բան պիտի ընենք պաշտպանելու մեր քաղաքացիները եւ արդարադատութեան յանձնելու անոնց անվտանգութեան սպառնացողները»:

Իրաքեան կառավարութեան բանբեր Պասեմ Աուատի, սակայն, հերքեց Քըրպիի` իրաքեան կառավարութիւնը նախօրօք տեղեակ պահած ըլլալու յայտարարութիւնը` զայն որակելով «միջազգային հանրային կարծիքը ապակողմնորոշելու եւ բոլոր միջազգային օրէնքներուն եւ կանոններուն հիմամբ մերժելի այս ոճիրին պատասխանատուութենէն խուսափելու համար սուտ պնդում», ինչպէս նաեւ «Իրաքի գերիշխանութեան դէմ նոր յարձակում»:

«Այս թշնամական հարուածը, Իրաքի եւ շրջանի անվտանգութիւնը գահավէժի եզրին պիտի դնէ, ինչպէս նաեւ կը հակասէ պահանջուած կայունութեան ամրապնդման ջանքերուն», նշեց Իրաքի կառավարութեան բանբերը` աւելցնելով. «Իրաքը կը վերահաստատէ, թէ կը մերժէ, որ իր հողերը հաշիւներու մաքրութեան թատերաբեմ ըլլան, եւ բոլոր կողմերը պէտք է անոր գիտակցին: Մեր երկրին հողն ու գերիշխանութիւնը հակառակորդ կողմերու միջեւ պատգամներ յղելու եւ ուժ ցուցադրելու յարմար վայր չէ»:

Ան նշեց, որ յարձակումին պատճառով արձանագրուած են 16 զոհեր, ներառեալ քաղաքայիններ, ինչպէս նաեւ 25 վիրաւորներ եւ բնակուած շէնքերու ու քաղաքացիներու սեփականութեան հասած են վնասներ:

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ շաբաթ արշալոյսին տեղի ունեցած ամերիկեան յարձակումին պատճառով շարք մը քաղաքայիններ ու զինուորներ մահացած են եւ ուրիշներ վիրաւորուած, ինչպէս նաեւ հասարակական ու սեփական կալուածներու մեծ վնասներ հասած են:

«Արեւելեան Սուրիոյ մէջ այն շրջանը, որ ամերիկեան ուժերը թիրախաւորեցին, այն շրջանն է, ուր սուրիական բանակը կը կռուի ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորման մնացորդին դէմ, եւ այս իրողութիւնը կը հաստատէ, որ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց զինեալ ուժերը մեղսակից են եւ դաշնակից այդ խմբաւորման, եւ աշխատանք կը տանին զայն բոլոր կեղտոտ միջոցներով վերակենդանացնելու` իբրեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ օգտագործելի թեւեր»:

«Այսօր արշալոյսին տեղի ունեցած ամերիկեան յարձակումը որեւէ արդարացում չունի, այլ միայն փորձ մըն է ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ տկարացնելու սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները», նշեց նախարարութիւնը` շեշտելով. «Ամերիկեան ուժերուն կողմէ սուրիական հողերու մէկ մասին բռնագրաւումը չի կրնար շարունակուիլ, եւ բանակի ու զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարութիւնը կը վերահաստատէ, որ կը շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ իր պատերազմը մինչեւ անոր ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ իր վճռականութիւնը ամէն ահաբեկչութենէ եւ բռնագրաւումէ ազատագրելու սուրիական բոլոր հողերը»:

Դիւանագիտական աղբիւրներ շաբաթ օր ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեցին. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երկուշաբթի օր նիստ մը պիտի գումարէ` քննարկելու համար Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան յարձակումները»:

Նախքան այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Սուրիոյ ու Իրաքի վրայ կատարուած ամերիկեան յարձակումները եւ զանոնք նկատեց միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում մը: Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց` այդ հարցով Ապահովութեան խորհուրդի նիստ մը գումարելու:

«Յստակ է, որ ամերիկեան օդային հարուածները յատուկ կերպով ծրագրուած են շրջանին մէջ տագնապը հրահրելու համար», նշեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն յայտնած է. «Իրան իր գործակատարներու յարձակումներուն պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ»:

«Կարիքը ունինք Իրանին յստակ պատգամ յղելու, թէ այն, ինչ որ անոր գործակատարները կ՛ընեն, անընդունելի է», նշեց Քամերոն:

Նախորդը

Իրաքէն Եւ Սուրիայէն Ետք, Ամերիկեան Հարուածներ` Նաեւ Եմէնի Մէջ Հուսիներու Դէմ

Յաջորդը

Պեն Ղաֆիր. «Պայտըն Կը Վնասէ Կազայի Մէջ Իսրայէլի Պատերազմական Ջանքերուն»

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?