Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օսթին. «Վերջին Զարգացումները Ուաշինկթընը Պիտի Չմղեն Իր Ուժերը Իրաքէն Եւ Սուրիայէն Հեռացնելու Մասին Մտածելու»

February 3, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին շեշտեց, որ ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ վտանգաւոր պահ է, սակայն Ուաշինկթըն աշխատանք կը տանի տագնապի ընդլայնումէն խուսափելու:

Փենթակոնի ղեկավարը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ բազմաթիւ մակարդակներու պատասխան պիտի տան Յորդանանի մէջ իրենց ուժերուն վրայ կատարուած յարձակումին, որուն պատճառով ամերիկացի 3 զինուորներ մահացան եւ աւելի քան 40 ուրիշներ վիրաւորուեցան:

Օսթին ընդգծեց, որ վերջին զարգացումները Ուաշինկթընը պիտի չմղեն իր ուժերը Իրաքէն եւ Սուրիայէն հեռացնելու մասին մտածելու:

Ան ըսաւ, որ Իրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումները կը կանգնին Յորդանանի մէջ կատարուած արիւնալի յարձակումին ետին, եւ յստակ չէ, թէ Իրան որքանո՛վ տեղեակ է յարձակումէն, սակայն իրանցիները զանոնք կը մարզեն եւ կը ֆինանսաւորեն:

«Մեր զինուորները Իրանի կամակատարներուն կողմէ սպաննուեցան, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ամերիկեան ուժերուն վրայ որեւէ յարձակում պիտի չընդունի», յայտարարեց Օսթին:

«Ամերիկեան շահերն ու ամերիկացի ժողովուրդը պաշտպանելու բոլոր քայլերը պիտի որդեգրենք, եւ յարմար վայրին մէջ ու ժամանակին պիտի հակադարձենք: Պայտըն աչք պիտի չխփէ Իրանի ծայրայեղական կամակատարներու կողմէ մեր զինուորներու սպանութեան նկատմամբ», ըսաւ ան` աւելցնելով .«Պիտի շարունակենք տագնապի ընդլայնումէն խուսափիլ, սակայն մենք մեզ պաշտպանելու համար պէտք եղած քայլերը պիտի որդեգրենք»:

«Մեր նպատակը Կազայի մէջ այս տագնապի մակարդակը վերահսկողութեան տակ պահելն է, եւ արգելք հանդիսանալ, որ այս հարցերը լայնածաւալ պատերազմի վերածուին: Իրանին կոչ կ՛ուղղենք` դադրելու հուսիներուն տրամադրել զէնքեր, որոնք կ՛օգտագործուին նաւերու վրայ յարձակում գործելու համար», ըսաւ ան:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը նաեւ շեշտեց. «Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ տագնապ չենք ուզեր, եւ իսրայէլացիներուն հետ կապի մէջ ենք` երաշխաւորելու համար, որ պատերազմը չընդլայնի»:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը, յղում կատարելով ամերիկացի պաշտօնատարներու, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ այս շաբաթավերջին պիտի սկսին հարուածներ հասցնել Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ` ի պատասխան Յորդանանի մէջ իրենց ռազմակայանին վրայ կատարուած յարձակումին: Հարուածները պիտի ըլլան «բազմաստիճան»:

 

Նախորդը

Ռայիսի. «Իրանի Ուժը Կը Ստեղծէ Անվտանգութիւն, Շրջանի Երկիրները Կրնան Ապաւինիլ Ատոր»

Յաջորդը

Դամասկոսի Հարաւը Գտնուող Թիրախներու Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.