Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երէկ արշալոյսին, շուրջ ժամը 4:20-ին, Իսրայէլ բռնագրաւեալ Կոլանի ուղղութենէն յարձակում գործած է եւ թիրախաւորած Դամասկոսի հարաւը գտնուող կէտեր:
Սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են իսրայէլեան հրթիռներուն եւ անոնցմէ մէկ քանին վնասազերծած: Վնասները միայն նիւթական եղած են: