Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ Կազայի մէջ «բախում չունենալու» մարտահրաւէրը Կազայի մէջ կարիքաւորներուն մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու դիմաց մեծագոյն խոչընդոտն է:
Պլինքըն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աշխարհի տարածքին գործող պաշտօնեաներու ժողովի ընթացքին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն դէպի խիտ բնակեցուած տարածք մարդասիրական յաւելեալ օժանդակութիւն հասցնելու եւ քաղաքայինները աւելի լաւ ձեւով պաշտպանելու համար «ամէն օր» ճնշում կը բանեցնէ իսրայէլացիներուն վրայ:
«Հարաւին մէջ, առանձնակի մեծագոյն խնդիրը բախում չըլլալն է. վստահ ըլլալը, որ մարդասիրական ոլորտին մէջ գործողները գիտեն, թէ կրնան անվտանգ կերպով ամէն տեղ երթալ` Կազա հասած օժանդակութիւնները հասցնելու համար այդ շրջանին մէջ վայրեր, որոնք անոնց կարիքը ունին», ըսաւ Պլինքըն:
«Ասիկա շարունակական ջանք եւ շարունակական յառաջ մղում է: Մենք ամէն օր իւրաքանչիւր անձի վրայ այս գծով ճնշում կը բանեցնենք: Նաեւ աշխուժ կերպով ճնշում կը բանեցենք քաղաքայինները աւելի լաւ պաշտպանելու կարեւորութեան ուղղութեամբ», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես շեշտեց. «Պաղեստինցի գաղթականներու օժանդակութեան ու աշխատանքի գործակալութիւնը` ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն Կազայի մէջ մարդասիրական օժանդակութիւններու ողնասիւնն է»:
Կութիերես ՄԱԿ-ի պաղեստինցիներու իրաւունքներու հարցով յանձնախումբին յայտնեց. «Երէկ հանդիպում ունեցայ նուիրատուներու հետ` լսելու համար անոնց մտավախութիւնները, եւ մասնաւորաբար այն քայլերը, զորս կը կատարենք զանոնք փարատելու համար: ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն ամբողջ Կազայի մէջ մարդասիրական կարիքներու բաւարարման ողնասիւնն է»:
«Արապիա» հաղորդեց, որ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն յայտարարած է. «Մեծ հաւանականութեամբ, ֆինանսաւորման առկախման պատճառով պիտի ստիպուինք փետրուարի վերջաւորութեան Կազայի եւ շրջանին մէջ մեր աշխատանքները դադրեցնել»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլին աջակցող արեւմտեան երկիրներու` Մալթայի, Պուլկարիոյ, Չեխիոյ, Հունգարիոյ, Ռումանիոյ, Ուքրանիոյ, Սլովաքիոյ եւ Սիերա Լէոնէի դեսպաններուն հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց. «Ժամանակն է, որ միջազգային ընտանիքն ու ինքնին ՄԱԿ-ը հասկնան, որ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի առաքելութիւնը պէտք է վերջ գտնէ»` աւելցնելով. «ՄԱԿ-ի այլ գործակալութիւններ եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններ կան, որոնք պէտք է ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի տեղը առնեն»:
«ՄԱԿ-ը իւրայատուկ կազմակերպութիւն մը չէ, երբ հարցը կը վերաբերի Իսրայէլի: Անիկա յաճախ անհաւատալի չափով կողմնակալ կ՛ըլլայ: Մարդկային իրաւանց յանձնախումբ ունի, եթէ կարելի է զայն այդպէս կոչել, որ իր որոշումներուն մեծ մասը Իսրայէլի դէմ է, եւ Իրանի, Եմէնի կամ բռնարարքներ եւ յարձակում արձանագրուող այլ վայրերու դէմ մէկ որոշում չէ հրապարակուած», ըսաւ ան:
«Չեմ ուզեր ըսել, որ պահանջուածը այդ պետութիւնները եւ մեզ դատապարտելն է, որովհետեւ Իսրայէլ բարբարոսութեան դէմ քաղաքակրթութեան պատերազմը կը մղէ, եւ կը հակադարձէ առանց մեր կողմէ գրգռութեան շղթայազերծուած վայրագ յարձակումներու, եւ որովհետեւ ատիկա կը կատարէ քաղաքայիններուն հասած վնասը կարելի եղածին չափ նուազեցնելու որեւէ բանակի կողմէ թափուող բացարձակապէս մեծագոյն ջանքով, երբ կը կռուինք թշնամիի մը դէմ, որ երկակի պատերազմական ոճիր կը գործէ», աւելցուց Իսրայէլի վարչապետը:
Նեթանիահու նաեւ յայտնեց. «Ունինք կարմիր գիծեր, որոնց շարքին այն, որ պատերազմը պիտի չդադրեցնենք, բանակը Կազայէն պիտի չհեռացնենք եւ հազարաւոր արգելափակեալներ ազատ պիտի չարձակենք»:
«Փոխանակման գործարքի կը ձգտինք, սակայն ոչ որեւէ գինով», նշեց ան:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի ղեկավար Տաւիտ Պեռնաղ Իսրայէլի զինուորական ղեկավարութեան ներկայացուցած է ծրագիր մը, որով պաղեստինեան Համաս շարժումին կ՛առաջարկուի 35-օրեայ զինադադար` 35 իսրայէլացի գերիներու ազատ արձակման դիմաց:
Հաւանական գործարքը պիտի կրէ փուլային բնոյթ. նախ կը նախատեսուի կիներու եւ տարեցներու, ինչպէս նաեւ հիւանդներու եւ վիրաւորներու ազատ արձակում: Զինադադարը կրնայ երկարաձգուիլ յաւելեալ մէկ շաբաթով` երկրորդ փուլին բանակցելու համար ազատ արձակելու համար այն գերիները, որոնց մէջ կրնան մտնել քաղաքային պաշտպանութեան մասնակիցները եւ այն տղամարդիկ, որոնց Համաս կը նկատէ մարտերու մասնակիցներ:
Իսրայէլի բանտերէն ազատ արձակուելիք պաղեստինցի բանտարկեալներու թիւը տակաւին կը ճշդուի: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին տուեալներով` իսրայէլեան իշխանութիւնները կ՛ուզեն ազատ արձակել այն բանտարկեալները, որոնք «թեթեւ իրաւախախտումներ» կատարած են, սակայն Համաս կը պնդէ, որ իրենց յանձնուին անոնք, որոնք իսրայէլեան տեսանկիւնէն «ծանր յանցագործութիւններ» կատարած են:
«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի համաձայն, «առաջարկուած զինադուլի համաձայնութիւնը իսրայէլեան ուժերու Կազայի մէջ խիստ բնակութեամբ շրջաններէն հեռու առժամեայ վերադիրքաւորում կը ներառէ»:
Համասի ղեկավարներէն Ուսամա Համտան յայտարարեց. «Այն լուրը, թէ շաբաթ օր զինադուլ պիտի յայտարարուի, ճիշդ չէ, մանաւանդ որ մեզի ներկայացուած առաջարկին շուրջ խորքային առարկութիւններ ունինք»:
Ան շեշտեց, որ պաղեստինեան որեւէ վերադասաւորում ներքին խնդիր է, եւ ոչ ոք պէտք է անոր միջամտէ, «եւ մենք նախաձեռնեցինք փրկութեան նախաձեռնութիւն մը պաղեստինցի ժողովուրդին արտօնելու ղեկավարութիւն ընտրելու, եւ ոչ ոք կրնայ բռնի կերպով ստանձնել պաղեստինցի ժողովուրդի ղեկավարութիւնը: Մենք պիտի յարգենք ընտրութիւններուն արդիւնքը, ինչ ալ ըլլայ այդ», նշեց Համտան:
Ան շեշտեց, որ այն, ինչ որ Իսրայէլը մարտի դաշտի մէջ չկրցաւ ձեռք ձգել, պիտի չկարենայ քաղաքականութեամբ ձեռք ձգել:
Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար, ծայրայեղ աջակողմեան Պեցլըէլ Սմոթրիչ յայտնեց. «Չեմ ուզեր գերիներու ընտանիքները ապակողմնորոշել, իմ գնահատումով համաձայնութիւն պիտի չըլլայ»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Մաարիւ» կայքը:
Քոլոմպիոյ նախագահ Կուսթաւօ Փիեթրօ Նեթանիահուի խնդրանքով առաջարկեց «խաղաղութեան յանձնախումբ»-ի ճամբով Կազայի մէջ գերիներու ազատ արձակման հարցին մէջ միջնորդութիւն կատարել:
Քոլոմպիոյ պատմութեան մէջ առաջին ձախակողմեան նախագահը հրապարակաւ Պաղեստինեան դատին զօրակցող եւ Իսրայէլը Կազայի մէջ «ցեղասպանութիւն» գործելու յանցանքով ամբաստանող քաղաքական գործիչ մըն է:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ յայտնեց. «Քրտնաջան կերպով կ՛աշխատիմ պատանդներու վերադարձի միջոց գտնելու, մարդասիրական ճգնաժամին վերջ տալու եւ Կազայի եւ Իսրայէլի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար»
«Աշխատանք կը տանինք իսրայէլացիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ խաղաղութեան հաստատման համար` հիմնուելով երկու պետութիւններու եւ կողք-կողքի բնակող երկու ժողովուրդներու (սկզբունքին) վրայ», աւելցուց Պայտըն:
«Արապիա», յղում կատարելով «Ռոյթըրզ»-ին, հաղորդեց. «Պայտըն պիտի ստորագրէ գործադիր որոշում մը, որ թիրախ կը դարձնէ Այսրյորդանանի մէջ բռնարարքներու մեղսակից իսրայէլացի բնակեցուածները»:
Միւս կողմէ, «Իրաքի մէջ Իսլամական դիմադրութիւն» խմբաւորումը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ անօդաչու թռչող սարքով յարձակում գործած է Հայֆայի նաւահանգիստին վրայ:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ 27 հոկտեմբեր 2023-ին Կազայի դէմ ցամաքային գործողութիւն շղթայազերծելէ ետք, իսրայէլեան բանակը առաջին անգամ ըլլալով ամբողջութեամբ հեռացած է Կազա քաղաքի հիւսիսարեւմտեան շրջաններէն եւ Կազայի հիւսիսէն: Պաղեստինցի լրագրող Անաս Շարիֆ իր կարգին «Էքս»-ի վրայ գրեց, որ ցամաքային գործողութեան սկիզբէն ետք առաջին անգամ ըլլալով կրցած է հասնիլ Կազա քաղաքի հիւսիս արեւմտեան շրջան, որովհետեւ իսրայէլեան ուժերը նահանջած են` իրենց ետին ձգելով մեծ աւեր:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը մօտեցած է գոյացմանը Եգիպտոսի հետ Կազայի եւ Եգիպտոսի միջեւ գտնուող Ֆիլատելֆիա ճակատին շուրջ փոխհասկացողութիւններու, որոնք կը ներառեն Ռաֆահի մէջ տեղւոյն բնակչութեան տեղահանման նպատակով զինուորական գործողութենէն խուսափում` կանխարգիլելու համար անոնց Եգիպտոս ուղղուիլը: