Հունգարիոյ խորհրդարանը 5 փետրուարին արտակարգ նիստի հրաւիրած է Շուէտի ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան արձանագրութիւնը վաւերացնելու համար, հակառակ այն իրողութեան, որ խորհրդարանի նախագահն ու կառավարութիւնը կը պնդէին, թէ ատոր համար արտակարգ նիստ գումարելու անհրաժեշտութիւն չեն տեսներ:
Հունգարիոյ խորհրդարանի հերթական նստաշրջանը պիտի սկսի 26 փետրուարին:
Հունգարիան ՕԹԱՆ-ի անդամ միակ երկիրն է, որ տակաւին չէ վաւերացուցած Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումը: