Միջազգային

Էրտողան. «Եգիպտոս Այս Այցելութիւնը Երկու Երկիրներու Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Էջ Կը Բանայ»

Էրտողան. «Եգիպտոս Այս Այցելութիւնը Երկու Երկիրներու Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Էջ Կը Բանայ»

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի 14 փետրուարին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ընդունելով ըսաւ. «Երկու երկիրներուն միջեւ նոր էջ բանանք»: Սիսի Գահիրէի մէջ Էրտողանի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Թուրքիան եւ Եգիպտոսը շարք մը հասարակաց ապահովական եւ տնտեսական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն»: Ան աւելցուց. «Միջին Արեւելքի շրջանի կայունութեան եւ տարակարծութիւններու լուծման կը ձգտինք»: Ան նաեւ ըսաւ, որ Եգիպտոս կը ձգտի...

Փութին Կը Նախընտրէ «Փորձառու Եւ Կանխատեսելի» Պայտընի Հետ Աշխատիլ

Փութին Կը Նախընտրէ «Փորձառու Եւ Կանխատեսելի» Պայտընի Հետ Աշխատիլ

Ռուսիան պատրաստ է աշխատելու Միացեալ Նահանգներու ոեւէ նախագահի հետ, որ ընտրուած է ամերիկացի ժողովուրդին կողմէ, սակայն նախընտրելի է Ճօ Պայտընի հետ: Այս մասին լրագրող Փաւել Զարուպինի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: Տեսանիւթը հրապարակուած է Քրեմլինի թելեկրամեան ալիքին վրայ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՛ր քաղաքական գործիչը Ռուսիոյ համար աւելի լաւ է իբրեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ` Պայտը՞նը, թէ՞...

Պայտըն. «Աշխատանք Կը Տանինք Առնուազն 6 Շաբաթ Տեւողութեամբ Հանդարտեցման Յանգեցնող Գերիներու Ազատագրման Համաձայնութեան Վրայ»

Պայտըն. «Աշխատանք Կը Տանինք Առնուազն 6 Շաբաթ Տեւողութեամբ Հանդարտեցման Յանգեցնող Գերիներու Ազատագրման Համաձայնութեան Վրայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ իր երկիրը աշխատանք կը տանի գերիներու ազատ արձակման համաձայնութեան մը շուրջ, որ պիտի յանգեցնէ առնուազն վեց շաբաթ տեւողութեամբ հանդարտեցման: Պայտըն Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Կազայի մէջ մեծ թիւով պաղեստինցիներ, քաղաքայիններ եւ մանուկներ սպաննուած են: Պայտըն յայտնեց. «Մենք գիշեր ցերեկ խաղաղութեան համար կ՛աշխատինք, եւ պէտք չէ Ռաֆահի մէջ զինուորական...

Ամերիկացի Քոնկրեսականները Պայտընին  Կոչ Ուղղած Են Օդային Ճամբով Արցախի  Մարդասիրական Օգնութիւն Հասցնելու  Տարբերակը Ուսումնասիրելու

Մինչ Ծերակոյտը Վաւերացուց, Ներկայացուցիչներու Տան Նախագահը Մերժեց Ուքրանիոյ Եւ Իսրայէլի Զինուորական Օժանդակութիւններու Տրամադրման Օրինագիծը

Իսրայէլին, Ուքրանիոյ եւ Թայուանին 95 միլիառ տոլար օգնութիւն յատկացնելու վերաբերեալ օրինագիծը բաւականաչափ քուէներ ստացած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ որդեգրուելու համար: Օրէնքի նախագիծին ծիրին մէջ Ուքրանիան պէտք է աւելի քան 60 միլիառ տոլար ստանայ: Իսրայէլը պիտի ստանայ 17,6 միլիառ տոլար: Նախաձեռնութեան թեր քուէարկած է 70 ծերակուտական, դէմ` 29: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սպիտակ տունը կ՛ըսէ, թէ Իսրայէլի վերաբերեալ իր...

Ռաֆահի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում Մը Հարիւրաւոր Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Կը Պատճառէ

Ռաֆահի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում Մը Հարիւրաւոր Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Կը Պատճառէ

Իսրայէլեան օդուժը երէկ արշալոյսին բուռն յարձակումներ գործելով հարուածեց տուներ եւ մզկիթներ, ուր պատսպարուած էին գաղթականներ: Ռաֆահ քաղաքի ռմբակոծման մասնակցեցան նաեւ իսրայէլեան մարտանաւեր: Իսրայէլեան ռմբակոծման պատճառով արձանագրուեցան աւելի քան 100 զոհեր եւ 230 վիրաւորներ, որոնց մեծամասնութիւնը կիներ եւ մանուկներ էին: «Մայատին»-ի համաձայն, իսրայէլեան ռմբաձիգները քանի մը ժամուան մէջ աւելի քան 50 յարձակում գործած են: Պաղեստինեան Համաս շարժումը յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակի`...

Հուսիները Կարմիր Ծովուն Մէջ Հարուածած Են Ամերիկեան «Սթար Այրիս» Նաւը

Հուսիները Կարմիր Ծովուն Մէջ Հարուածած Են Ամերիկեան «Սթար Այրիս» Նաւը

Հուսիներու ղեկավարութեամբ եմէնեան զինեալ ուժերը յայտարարեցին. «Մեր ծովուժը Կարմիր ծովուն մէջ շարք մը ցամաք-ծով յարմար հրթիռներով թիրախաւորեց ամերիկեան «Սթար Այրիս» նաւը, եւ հարուածը ճշգրիտ եւ ուղղակի էր»: Եմէնեան ուժերը նշեցին, որ իսրայէլեան նաւերու կամ դէպի իսրայէլեան նաւահանգիստներ նաւարկումը արգիլելու որոշումի գործադրումը կը շարունակեն, մինչեւ որ Կազայի վրայ յարձակումը դադրեցուի եւ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ հաստատուած պաշարումը վերցուի` աւելցնելով, որ պիտի չտատամսին...

Ամերիկայի Հետ Բանակցութիւններ` Իրաքի Մէջ Միջազգային Դաշինքի Ուժերու Առաքելութիւնը Աստիճանաբար Կրճատելու Ժամանակացոյցի Շուրջ

Ամերիկայի Հետ Բանակցութիւններ` Իրաքի Մէջ Միջազգային Դաշինքի Ուժերու Առաքելութիւնը Աստիճանաբար Կրճատելու Ժամանակացոյցի Շուրջ

Իրաքեան բանակի բանբերը յայտարարեց, որ Իրաքն ու Միացեալ Նահանգները բանակցած են Իրաքի մէջ «Միջազգային դաշինքի ուժերու առաքելութեան ուսումնասիրուած եւ աստիճանական կրճատման ու ի վերջոյ աւարտման» ժամանակացոյց կազմելու շուրջ: Բանակցութիւնները սկսան յունուարին, սակայն հազիւ 24 ժամ ետք ամերիկացի 3 զինուորներ սպաննուեցան Յորդանանի մէջ յարձակումի ընթացքին, որ, ըստ Միացեալ Նահանգներու, գործուած է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ Իրանի դաշնակից խմբաւորումներու կողմէ:

Քոնկրեսը Որոշած Է Հաւանութիւն Տալ Թուրքիոյ 40 Նոր «Էֆ-16»-ներ Վաճառելու Գործարքին

Քոնկրեսը Որոշած Է Հաւանութիւն Տալ Թուրքիոյ 40 Նոր «Էֆ-16»-ներ Վաճառելու Գործարքին

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը որոշած է հաստատել Թուրքիոյ 40 նոր «Էֆ-16» հալածիչներ վաճառելու եւ արդէն վաճառուած «Էֆ-16» հալածիչներու արդիականացման գործարքը: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ յայտնած է Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը: «Քոնկրեսի այս շաբթուան որոշումը` հաւանութիւն տալու Թուրքիոյ կողմէ 40 նոր «Էֆ-16» հալածիչներու ձեռքբերման եւ եւս 79-ի արդիականացման, մեծ յառաջընթաց է: Թուրքիոյ մէջ «Էֆ-16» հալածիչներու գոյութիւնը չափազանց կարեւոր է ՕԹԱՆ-ի ուժերուն...

Ռաֆահի Դէմ Ծրագրուող Իսրայէլեան Զինուորական Գործողութեան Մը Հետեւանքներէն Զգուշացնող Կեցուածքներ

Ռաֆահի Դէմ Ծրագրուող Իսրայէլեան Զինուորական Գործողութեան Մը Հետեւանքներէն Զգուշացնող Կեցուածքներ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան բանակին հրամայեց Ռաֆահէն քաղաքայիններու հեռացման եւ Համասի գունդերը պարտութեան մատնելու «միացեալ ծրագիր» պատրաստել: Այս մասին ուրբաթ օր հաղորդեց Նեթանիահուի գրասենեակը: «Անկարելի է պատերազմի նպատակները իրագործել առանց Համասը ոչնչացնելու եւ Համասի գունդերը Ռաֆահի մէջ ձգելով: Ընդհակառակը, յստակ է, որ Ռաֆահի մէջ աշխուժ գործունէութիւնը կը պահանջէ, որ քաղաքայինները հեռանան կռիւի շրջաններէն», ըսած է Նեթանիահու: Իսրայէլի վարչապետը երէկ...

Կողմերը Կը Քննարկեն  Համասի Պատասխանը

Կողմերը Կը Քննարկեն Համասի Պատասխանը

Պաղեստինեան Համաս շարժումը յայտարարեց, որ Քաթարին ու Եգիպտոսին յանձնած է Իսրայէլի հետ գերիներու փոխանակման մասին առաջարկներուն իր պատասխանը: Կը նշուի, որ Համասի արձագանգը դրական եղած է` ողջունելով զինադադարի դրութիւնը, պաղեստինցիներու մարդասիրական օգնութեան ապահովումը, Կազայի վերականգնումը, շրջափակման չեղեալ նկատուիլն ու գերիներու վերջնական փոխանակումը: «Ռոյթըրզ» ծանօթացած է փաստաթուղթի նախագիծին: Ծրագիրը բաղկացած է 3 փուլերէ (իւրաքանչիւրը` 45 օր)` իսրայէլացի գերիներու փոխանակում պաղեստինցի գերիներու...

«Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելքի Մէջ  Կացութեան Սրման Չեն Ձգտիր»  Կ՛ըսէ Փենթակոնի Բանբերը

«Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելքի Մէջ Կացութեան Սրման Չեն Ձգտիր» Կ՛ըսէ Փենթակոնի Բանբերը

Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելքի մէջ կացութեան սրման չեն ձգտիր եւ Իրանի հետ տագնապ չեն ուզեր: Այս մասին յայտնեց Փենթակոնի բանբեր Սապրինա Սինկ: Լրագրողները անկէ խնդրած են մեկնաբանել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Մոսկուայի դիրքորոշումը, որուն համաձայն, Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի մէջ տագնապ կը հրահրէ: «Ես պիտի ըսէի, որ ամերիկեան զօրքերու վրայ աւելի քան 160 յարձակումները կը յանգեցնեն շրջանին մէջ լարուածութեան աճի: Մենք...

Ազրպէյճանի Նախագահական Արտակարգ Ընտրութիւն. Ալիեւ Իր Ընտանիքին Հետ Քուէարկեց Բռնագրաւեալ Ստեփանակերտի Մէջ

Ազրպէյճանի Նախագահական Արտակարգ Ընտրութիւն. Ալիեւ Իր Ընտանիքին Հետ Քուէարկեց Բռնագրաւեալ Ստեփանակերտի Մէջ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ անոր ընտանիքի անդամները քուէարկած են բռնագրաւեալ Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի ընտրատեղամասերէն մէկուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Երէկ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական արտակարգ ընտրութիւն: Ընտրատեղամասեր բացուած են նաեւ բռնագրաւեալ Արցախի մէջ: Ազրպէյճանի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահին համաձայն, ընտրութեան նախնական արդիւնքները պիտի հրապարակուէին գիշերուան ժամը 21:00-ին: Ընտրութեան կը մասնակցին 7 թեկնածուներ, ներառեալ գործող...

Ռիատ Թեհրանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Մաղմուրա Շրջանի  Արեւելեան Ծայրամասի Սահմանագծման Շուրջ  Բանակցութիւններու Սկսելու

Ռիատ. «Ուաշինկթընին Յայտնեցինք, Թէ Իսրայէլի Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններ Չկան Առանց Պաղեստինի Անկախ Պետութեան Ճանաչման»

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց. «Ինչ կը վերաբերի արաբ-իսրայէլեան խաղաղութեան հոլովոյթին շուրջ Միացեալ Նահանգներու հետ ընթացող քննարկումներուն, եւ այդ առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբերի խօսքերուն լոյսին տակ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաստատէ, որ Սէուտական Արաբիոյ պաղեստինեան դատի եւ պաղեստինցի եղբայրական ժողովուրդի իր օրինական իրաւունքները ստանալու կարեւորութեան վերաբերեալ դիրքորոշումը էր եւ կը մնայ հաստատ»: «Ամերիկեան վարչակազմին ներկայացուցինք մեր...

Պլինքըն Եւ Սիսի Քննարկեցին Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Ջանքերը

Պլինքըն Եւ Սիսի Քննարկեցին Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Ջանքերը

Եգիպտոսի նախագահական պալատը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ քննարկած է Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու եւ Իսրայէլի ու Համասի միջեւ գերիներու փոխանակում կատարելու ջանքերը: Անոնք քննարկած են նաեւ Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն մատակարարելու ջանքերը: Եգիպտոսի նախագահը ընդգծած է Կազայի մէջ մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրման մէջ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի «առանցքային դերակատարութիւն»: «Անհրաժեշտ է...

Ուաշինկթըն. «Հիւլէական Գործարքի  Վերականգնման Վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան  Առաջարկին Թեհրանի Պատասխանը Կառուցողական Չէ»

Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգներ Իրաքը Նախապէս Տեղեակ Չպահեցին Իրանամէտ Խմբաւորումներու Դէմ Հարուածներէն»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իրաքեան կառավարութիւնը նախապէս տեղեակ չպահեց Իրաքի մէջ իրանամէտ խմբաւորումներու դէմ հարուածներէն: Յիշեցնենք, որ Սպիտակ տունը ճիշդ հակառակը յայտարարած էր: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթել յայտնեց. «Ինչ կը վերաբերի ուրբաթ օր տեղի ունեցած հակադարձութեան` հարուածներէն անմիջապէս ետք տեղեակ պահեցինք իրաքեան կառավարութիւնը»: «Իրաքեան կառավարութիւնը շրջանի բոլոր երկիրներուն նման լաւապէս հասկցաւ, որ...

Զինեալ Յարձակում Պոլսոյ Արդարադատութեան Պալատին Վրայ

Զինեալ Յարձակում Պոլսոյ Արդարադատութեան Պալատին Վրայ

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայա երէկ յայտնեց, որ Պոլսոյ Չաղլայան շրջանին մէջ գտնուող արդարադատութեան պալատին առջեւ խուզարկման կէտին վրայ զինեալ յարձակումի պատճառով արձանագրուած են երկու մահեր եւ վեց վիրաւորներ, որոնց շարքին` երեք ոստիկաններ: Երլիքայա «Էքս»-ի վրայ գրեց, որ սպաննուած են երկու զինեալներ, որոնցմէ մէկը կին է: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մէկ տարի առաջ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքին մէջ տեղի ունեցած...

«Քուէյթին Տուրրա Դաշտի Խնդիրը Իրաւաբանական  Բանակցութիւններով Լուծելու  Մեր Պատրաստ Ըլլալը Յայտնեցինք»  Կ՛ըսէ Թեհրան

Թեհրան. «Սուրիոյ, Իրաքի Եւ Եմէնի Դէմ Ամերիկայի Գործողութիւնները Կը Հակասեն Պատերազմը Չընդարձակելու Վերաբերեալ Պնդումներուն»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եմէնի մէջ Ամերիկայի եւ Բրիտանիոյ գործողութիւնները կը հակասեն պատերազմը չընդարձակելու վերաբերեալ պնդումներուն»: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շեշտեց. «Եմէնի մէջ ամերիկեան եւ բրիտանական յարձակումները շրջանի մէջ տագնապն ու հակամարտութիւնը հրահրելու փորձ են»: «Շրջանին մէջ ամերիկեան գործողութիւնները կ՛ոտնահարեն միջազգային օրէնքը եւ Իսրայէլին կ՛արտօնեն շարունակել Կազայի մէջ իր ոճիրները», նշեց նախարարութիւնը:...

Էրտողան Կը Յուսայ, Որ Փութինի Հետ Պիտի Հանդիպի Սեպտեմբերին

Ֆիտան Էրտողան-Փութին Սպասուող Հանդիպումի Օրակարգին Մասին Որոշ Մանրամասնութիւններ Կը Հաղորդէ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Թուրքիա յառաջիկայ այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել, մասնաւորաբար, ուժանիւթային ոլորտին մէջ ռուս-թրքական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Ազրպէյճանական «Թրենտ» գործակալութեան համաձայն, «Ա-հապեր» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան: Ընդգծելով, որ Փութինն ու Էրտողանը պարբերաբար կը հաղորդակցին, յառաջիկայ այցելութիւնն ալ ծրագրաւորուած է, Ֆիտան ըսած է, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահները կը նախատեսեն քննարկել «համագործակցութիւնը կազային...

Ֆիտան. «Միացեալ Նահանգներ «Էս-400»-ները  Օգտագործած Են Թուրքիան «Էֆ-35»-ներու  Ծրագիրէն Դուրս Բերելու Համար»

Ֆիտան. «Միացեալ Նահանգներ «Էս-400»-ները Օգտագործած Են Թուրքիան «Էֆ-35»-ներու Ծրագիրէն Դուրս Բերելու Համար»

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիայէն «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումը օգտագործած է իբրեւ պատրուակ Թուրքիան «ԷՖ-35» հալածիչներու ստեղծման ծրագիրէն բացառելու համար: Այդ պատճառով Անգարան վնասներ կրած է, եւ թուլացած են անոր գործառնական կարելիութիւնները: Այս մասին թրքական «Ա-հապեր» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան: «ԷՖ-35»-ներու ծրագիրէն հանելու խնդիրը մեր քաղաքականութեան եւ մեր հակաօդային պաշտպանութեան կարելիութիւններու բարելաւման արտացոլումը դարձած է:...

Ազրպէյճան ԵԱՀԿ-ի Դէտ Մը Արտաքսած Է

Ազրպէյճան ԵԱՀԿ-ի Դէտ Մը Արտաքսած Է

Ազրպէյճանի մէջ 7 փետրուարին նախատեսուած նախագահական ընտրութենէն երեք օր առաջ, երկրին իշխանութիւնները արգիլած են ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի կարճաժամկէտ դէտ, զուիցերիացի Նիք Կուկերի մուտքը երկիր: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, որ այս մասին հաղորդած է ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը: Ըստ լրատուամիջոցի, 4 փետրուարին Ազրպէյճանի սահմանապահները Պաքուի օդակայանին մէջ գրաւած են Կուկերի անձնագիրը եւ երեք ժամ ետք Պոլսոյ...

Page 168 of 882 1 … 167 168 169 … 882

Արխիւներ