Եմէնի հիւսիսին իշխող հուսիներու Անսարուլլա շարժումը երէկ յայտարարեց, որ Կարմիր ծովուն մէջ յարձակում գործած է ամերիկեան «Կրէյվլի» ռազմանաւին վրայ: Այս մասին յայտնեց հուսիներու զինուորական բանբեր Եահիա Սարիհ:
«Մեր ծովուժը համապատասխան հականաւային հրթիռներ արձակած է Կարմիր ծովուն մէջ ամերիկեան «Կրէյվլի» հրթիռակիրին ուղղութեամբ», ըսած է ան:
Ան նշեց. «Ամերիկեան եւ բրիտանական բոլոր մարտանաւերը, որոնք մասնակցած են մեր երկրին վրայ յարձակումին, մեր զինեալ ուժերու իբրեւ թիրախ ճանչցուած են»:
Ան կրկին ընդգծեց, որ Եմէնի զինեալ ուժերը պիտի շարունակեն արգելակել Կարմիր եւ Արաբական ծովերուն ճամբով դէպի Իսրայէլի նաւահանգիստներ նաւարկող նաւերուն շարժումը, մինչեւ որ Կազայի զինուորական գործողութիւնները դադրեցուին:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց, որ «Կարմիր ծովուն մէջ անվտանգութեան պահպանութեան եւրոպական ուժ»-ը պիտի սկսի գործել 17 փետրուարին:
«Նշեալ ուժին առաքելութիւնը պիտի ըլլայ միայն նաւերը պաշտպանել, եւ անիկա մաս պիտի չկազմէ հուսիներուն վրայ կատարուելիք յարձակումներուն», նշեց Պորել: