Եթէ երկիր մը կը ցանկայ կռիւ ընել, Իրանը խիստ պատասխան պիտի տայ: Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի:
«Նախապէս, երբ կ՛ուզէին Իրանի հետ խօսիլ, կ՛ըսէին, որ սեղանին վրայ զինուորական տարբերակ դրուած է, իսկ հիմա կ՛ըսեն` մենք մտադիր չենք Իրանի հետ տագնապ ունենալ», ըսած է Ռայիսի:
Անոր համաձայն, Իրանի ուժը անվտանգութիւն կը ստեղծէ, եւ շրջանի երկիրները կրնան անոր ապաւինիլ:
«Մենք բազմիցս ըսած ենք, որ ոչ մէկ պատերազմի պիտի նախաձեռնենք, սակայն եթէ որեւէ երկիր ուզէ կռիւ ընել, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կտրուկ պատասխան պիտի տայ», եզրափակած է Ռայիսի:
ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ան Իրանի Հորմոզգան նահանգ այցելութեան ընթացքին յայտնած է, որ Արաբական ծոցին մէջ գտնուող երեք կղզիները Իրանի տարածքի անբաժանելի մասն են:
Ան ընդգծած է, որ վերջնական եւ պատմական փաստաթուղթերը միշտ հաստատած են Ապու Մուսա, ինչպէս նաեւ Մեծ եւ Փոքր Թոնպ կղզիներուն նկատմամբ Իրանի գերիշխանութիւնը:
Խօսելով շրջանին մէջ Իրանի կառուցողական դերին մասին` Ռայիսի ընդգծած է, որ շրջանին մէջ Իրանի դիրքորոշումը միշտ եղած է կայուն անվտանգութեան ապահովումը:
Ան յայտնած է, որ Արաբական ծոցին եւ Օմանի ծովուն մէջ Իրանի ներկայութիւնը անվտանգութիւն կ՛ապահովէ, իսկ օտարներու ներկայութիւնը կը սպառնայ շրջանային խաղաղութեան:
Նշենք, որ Իրանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ Ապու Մուսա, Մեծ եւ Փոքր Թոնպ կղզիներուն շուրջ վէճը ծագած է 1970-ական թուականներուն: Թեհրան կը պնդէ, որ անոնք իր տարածքի անքակտելի մասն են: Խնդիրի սրութիւնը պայմանաւորուած է Ապու Մուսա կղզիին վրայ քարիւղի որոշակի պաշարներու գոյութեամբ: