Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր յայտարարեց. «Պայտըն կը խոչընդոտէ Կազայի մէջ Իսրայէլի պատերազմական ջանքերուն»: Ան այս մասին յայտնեց «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
Պեն Ղաֆիր ամերիկեան օրաթերթին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Համասը ոչնչացնելու համար մեծ ազատութիւն կ՛ընծայէ»:
Ծայրայեղ աջակողմեան քաղաքական գործիչը ըսաւ, որ պէտք է Կազայի բնակիչները քաջալերել կամաւոր կերպով տեղահանուելու, եւ այդ մէկը կատարելու համար անոնց պէտք է նիւթական խայծեր տրամադրել:
Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարարին կարծիքով` Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «կանգնած է խաչմերուկի վրայ, եւ պէտք է ընտրէ իր ուղղութիւնը»: Պեն Ղաֆիր պատրաստակամութիւն յայտնեց Իսրայէլի համախոհական կառավարութեան իր աջակցութիւնը շահագործելու` «Նեթանիահուի իշխանութիւնը ականահարելու» համար:
Ան վերահաստատեց, որ պիտի ընդդիմանայ «Համասի հետ որեւէ գործարքի», որ կրնայ պաղեստինցի հազարաւոր գերիներու ազատ արձակման կամ «շարժումը ոչնչացնելէ առաջ պատերազմի աւարտին» յանգեցնել:
Իսրայէլեան ընդդիմութենէն պաշտօնատար մը «Ուոլ Սթրիթ»-ին յայտնեց, որ «երբ Պեն Ղաֆիր բերանը կը բանայ, կը ստեղծէ թշնամական հակադարձութիւններ, որոնք կը դժուարացնեն պատերազմին մէջ եւ գերիներու վերադարձին համար մեր պայքարը»:
Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ բուռն կերպով քննադատեց Պեն Ղաֆիրի յայտարարութիւնները` հարցազրոյցը նկատելով «Իսրայէլի միջազգային վարկին ու պատերազմի ջանքերուն ուղղակի վնաս»` նշելով, որ անոնք «կը վնասեն Իսրայէլի անվտանգութեան եւ հիմնական կերպով կ՛ապացուցեն, որ ան արտաքին քաղաքականութենէ բնաւ չի հասկնար»:
Լափիտ Նեթանիահուէն պահանջեց «զսպել Պեն Ղաֆիրը»` միեւնոյն ժամանակ նշելով. «Նեթանիահուն իր կառավարութեան մէջ ծայրայեղականներուն վրայ վերահսկողութիւն չունի»:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը մտածեց իսրայէլացի նախարարներ Իթամար Պեն Ղաֆիրն ու Պեցլաէլ Սմոթրիչը ներառել պատժամիջոցներու ենթակայ անձերու ցուցակին վրայ»: Ան աւելցուց, որ վարչակազմը «որոշեց զանոնք ներկայիս (ցուցակէն) դուրս պահել եւ կեդրոնանալ անոնց վրայ, որոնք յարձակումներ գործած են»:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ հինգշաբթի օր Այսրյորդանանի մէջ պաղեստինցիներու վրայ յարձակումներ գործելու յանցանքով մեղադրուած իսրայէլացի բնակեցուածներու դէմ պատժամիջոցներ հաստատեցին:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կառավարութեան ամէն շաբաթեայ նիստի ընթացքին յայտարարեց. «Իբրեւ իր գոյութեան եւ իր ապագային համար պայքարող գերիշխան պետութիւն, մենք մեր որոշումները կը կայացնենք նոյնիսկ այն պարագային, երբ համաձայնութիւն չկայ մեր ամերիկացի ընկերներուն հետ»:
«Ես օգնութեան կարիք չունիմ Միացեալ Նահանգներուն եւ միջազգային ընտանիքին հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու համար», աւելցուցած է Նեթանիահուն` նշելով, որ ան ատիկա կ՛ընէ «տարիներ շարունակ»` «անշեղօրէն պաշտպանելով ազգային շահերը»:
«Ես կ՛ուզեմ յստակ ըսել մեր քաղաքականութեան մասին. գլխաւոր նպատակը, նախ եւ առաջ, Համասի ոչնչացումն է», ըսած է ան` ընդգծելով, որ Իսրայէլ պատերազմը պիտի չաւարտէ, քանի տակաւին չէ հասած իր բոլոր նպատակներուն` «Համասի ոչնչացումը, մեր բոլոր պատանդներու վերադարձը եւ Կազան երբեք Իսրայէլի համար սպառնալիք չներկայացնելու ապահովումը»:
Խօսելով գերիներու փոխանակման հաւանական գործարքին մասին` Նեթանիահու ըսաւ. «Մենք ոչ մէկ գնով պիտի համաձայնինք որեւէ գործարքի»: Անոր համաձայն, մեծ թիւով պաղեստինցիներու ազատ արձակման համաձայնութեան մասին մամլոյ հաղորդագրութիւնները չեն համապատասխաներ իրականութեան:
Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Նեթանիահու չ՛ուզեր Համասի պատասխանը ստանալէ առաջ գերիներու փոխանակման գործարքի քննարկման համար սեղմ նախարարաց խորհուրդի նիստ գումարել:
«Վարչապետարանը կը վախնայ, որ տարակարծութիւնները խորանան, եւ գործարքին նկատմամբ իսրայէլացիներու դիրքորոշումին վերաբերեալ տեղեկութիւններ սպրդին», նշեց ձայնասփիւռի կայանը:
Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէ շաբաթ օր Տոհայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ հետախուզութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալընի հետ, եւ անոր հետ քննարկեց Կազայի կացութիւնը, զինադադարի հաստատման, պաշարման վերջ տալու, մարդասիրական օժանդակութիւն մատակարարելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ գերիներու փոխանակման բանակցութիւններու վերջին զարգացումները:
Ժողովին մասնակիցները վերահաստատած են իրենց դիրքորոշումը, թէ Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պաղեստինեան անկախ պետութեան ստեղծումը շրջանին մէջ կայունութեան հիմն է»:
Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը այս շաբաթ Իսրայէլին 17,6 միլիառ տոլար արժողութեամբ օժանդակութիւններու մատակարարման նախագիծի շուրջ քուէարկութիւն պիտի կատարէ:
Մինչ այդ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիան յայտարարեց, որ իր երկիրը 5 միլիոն տոլար կը յատկացնէ` աջակցելու ՄԱԿ-ի մարդասիրական եւ Կազայի վերաշինութեան հարցերու յանձնակատար Սիկրիտ Քաակի ջանքերուն:
«Սապահ». «Թուրքիան Կրնայ Պաղեստինի
Խաղաղութեան Երաշխաւոր Դառնալ»
Թուրքիան պատրաստ է Պաղեստինի խաղաղութեան երաշխաւորի դերով հանդէս գալու` շրջանին մէջ իր զինուորական ներկայութեամբ: Այս մասին հաղորդեց թրքական «Սապահ» օրաթերթը` յղում կատարելով աղբիւրներուն:
«Թուրքիան կը նշէ, որ պատրաստ է իր մարդասիրական, քաղաքական եւ զինուորական ներկայութեամբ դառնալ պաղեստինեան կողմին մէջ խաղաղութեան երաշխաւորներէն մէկը», կը նշուի յօդուածին մէջ:
Հրատարակութեան համաձայն, համաշխարհային օրակարգ պիտի դրուի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի առաջարկը` կազմակերպելու պաղեստինեւիսրայէլեան խաղաղութեան միջազգային խորհրդաժողով, որուն պիտի մասնակցին շրջանի բոլոր արդիւնաւէտ դերակատարները:


