Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն. «Որոշեցի Մեր Ռազմակայանին Վրայ Կատարուած Յարձակումին Ինչպէս Հակադարձել»

Փետրուար 1, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Սպիտակ տունէն Ֆլորիտա նախընտրական շրջապտոյտի մեկնելէ առաջ լրագրողներուն յայտնեց, որ Յորդանանի մէջ ամերիկացի 3 զինուորներու մահուան եւ բազմաթիւ ուրիշներու վիրաւորման պատճառ դարձած կիրակի օրուան յարձակումին հակադարձելու բնոյթը որոշած է:

«Իրան պատասխանատու է Յորդանան-Սուրիա սահմանին վրայ գտնուող «Աշտարակ 22»-ին վրայ յարձակումի ընթացքին օգտագործուած զէնքերու մատակարարման», ըսաւ Պայտըն` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի ընդլայնում չեն ուզեր»:

Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն «քանի մը մակարդակի վրայ եւ փուլային գործադրութեամբ» վրիժառական գործողութիւններու ակնարկեց:

«Հըզպալլայի փաղանգներ-Իրաք»-ը երեքշաբթի գիշեր, իրաքեան կառավարութիւնը «նեղ կացութեան» չմատնելու նպատակով, ամերիկեան ուժերուն դէմ զինուորական եւ ապահովական գործողութիւններու առկախումը յայտարարեց:

Նշենք, որ նշեալ խմբաւորումը 7 հոկտեմբերին` Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումէն ի վեր Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններուն վրայ իր յարձակումներուն թիւը բարձրացուցած էր:

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իրան միջնորդներու ճամբով Միացեալ Նահանգներուն յայտնած է, որ եթէ իրանեան հողերը ուղղակի յարձակումի ենթարկուին, ապա Թեհրան անձամբ պիտի հակադարձէ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան դիրքերուն, ինչ որ երկու կողմերը ուղղակի ճակատումի պիտի յանգեցնէ:

«Սքայ Նիուզ» իր կարգին հաղորդեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար Հուսէյն Սալամի յայտարարած է. «Ամերիկեան որեւէ սպառնալիք անպատասխան պիտի չմնայ»:

ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարը յայտարարած է. «Պատերազմի չենք ձգտիր, սակայն անկէ չենք վախնար»:

«Երբեմն թշնամիները սպառնալիքներ կը հնչեցնեն, եւ նոյնիսկ այս օրերուն ամերիկացի պաշտօնատարներու խօսքերուն մէջ սպառնալիքներ կը լսենք: Անոնց կ՛ըսենք. «Մեզ փորձեցիք, եւ զիրար կը ճանչնանք: Որեւէ սպառնալիք անպատասխան պիտի չձգենք»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, թէ Յորդանանի մէջ ամերիկեան ռազմակայանին վրայ կատարուած յարձակումին Միացեալ Նահանգներու հակադարձութիւնը «յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին» տեղի պիտի ունենայ, եւ այդ հակադարձութեան ընթացքին «շարք մը թիրախներ» պիտի հարուածուին:

«Յարձակումները շատ ճշգրիտ ու ծրագրաւորուած պիտի ըլլան եւ թիրախ պիտի դարձնեն կառոյցներ ու անձեր, որոնք ամերիկեան ուժերուն վրայ յարձակումները դիւրացուցին», աւելցուցած է պաշտօնատարը:

Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս ջոկատ»-ի հրամանատար Իսմայիլ Քաանի այցելած է Սուրիա եւ Լիբանան` փորձելով զսպել շրջանին մէջ Իրանի դաշնակիցները: Օրաթերթի աղբիւրները յայտնած են. «Իրան Լիբանանի, Իրաքի եւ Եմէնի մէջ միլիսներու ղեկավարներուն յայտնած է, որ պատերազմը ընդլայնելու մտադրութիւն չունի»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Պի.Էս.»-ին յայտնած է, որ «Աշտարակ 22» ուղարկուած են հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, որոնք չունէր, որովհետեւ այդ դիրքը նախապէս յարձակումի չէր ենթարկուած, ուստի անոր օդային պաշտպանութիւնը Իրաքի եւ Սուրիոյ մնացեալ ռազմակայաններուն նման ուժեղ չէր:

Նշենք, որ նշեալ դիրքին վրայ կատարուած յարձակումին պատճառով 3 ամերիկացի զինուորներ մահացած էին եւ աւելի քան 40 ուրիշներ վիրաւորուած:

 

Նախորդը

Հուսիները Յարձակած Են Ամերիկեան «Կրէյվլի» Ռազմանաւին Վրայ

Յաջորդը

Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարար. «Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համար Ժամանակի Կը Կարօտինք»

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?