Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարար. «Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Համար Ժամանակի Կը Կարօտինք»

Փետրուար 1, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի յայտնեց. «Մենք Միջին Արեւելքի մէջ աճող լարուածութեան խաղաղ լուծումի մը որոնումը կը քննարկենք»: Այս մասին հաղորդեց «Ֆոքս Նիուզ»-ը:

«Մենք զինադադարի հաստատման եւ գերիներու ազատ արձակման համար աշխատելու համար ժամանակի կը կարօտինք», նշեց ան:

«Ազատ արձակուելիք գերիներուն թիւը չճշդուեցաւ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կեդրոնացումը պէտք է ըլլայ պատերազմին վերջ տալու եւ գերիները իրենց ընտանիքին վերադարձնելու վրայ»:

Պըն Ապտելռահման շեշտեց, որ «Ուաշինկթընի եւ Տոհայի յարաբերութիւնները շատ ամուր են, եւ փոխադարձ վստահութիւն գոյութիւն ունի»` աւելցնելով. «Երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող մեծ դաշինքը կը նպաստէ շրջանային կայունութեան վերականգնման»:

«Պիտի շարունակենք Իրանի հետ խօսիլ շրջանին մէջ կողմերուն միջեւ լարուածութիւնը նուազեցնել քաջալերելու համար», ըսաւ ան` նշելով. «Զինուորական ուղին մեր ուզած արդիւնքը պիտի չիրականացնէ»:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսար ամերիկեան «Փի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Բանակցութիւններուն մէջ հասած ենք լաւ պահու մը, եւ ձեռք բերինք շարք մը հասարակաց կէտեր, որոնց երկու ամիսէ ի վեր կարելի չէր եղած հասնիլ»:

«Համաս յայտարարեց, որ (համաձայնութեան) նախագիծը ստացած է եւ զայն կը քննարկէ, բան մը, որմէ երկու շաբաթ առաջ հեռու էինք», աւելցուց ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ իր քաթարցի պաշտօնակից Մոհամետ պըն Ապտելռահմանի հետ քննարկած է իսրայէլացի գերիներու եւ Կազայի մէջ «երկարատեւ զինադուլ» հաստատելու ջանքերը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ երկու նախարարները քննարկած են «Համասի կողմէ կալանաւորուած բոլոր պատանդներուն անմիջական ազատ արձակումը դիւրացնելու կարեւորութիւնը»:

Պլինքըն «երախտապարտութիւն յայտնած է Քաթարին` անցեալ 7 հոկտեմբերէն ի վեր թափած անփոխարինելու միջնորդական ջանքերուն համար»:

Ըստ հաղորդակցութեան, երկու կողմերը համաձայնած են շարունակելու Կազայի մէջ քաղաքայիններուն յաւելեալ օժանդակութիւններ տրամադրելու եւ միջազգային մարդասիրական օրէնքի համահունչ քաղաքայինները պաշտպանել յորդորելու համար անմիջական համակարգումը շարունակելու:

«Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են աւելի խաղաղ, ամբողջական ու բարգաւաճ Միջին Արեւելքի շրջանի մը` Իսրայէլին անվտանգութիւն ապահովելով եւ պաղեստինեան անկախ պետութեան ստեղծումով», շեշտած է Պլինքըն:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ քաթարեան դիւանագիտութեան պետը Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվընի հետ քննարկած է Կազայի մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու կարելիութիւնները:

«Ժազիրա» կը տեղեկացնէ, որ Սպիտակ տունը հաղորդած է. «Սալիվըն Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարարին յորդորեց անյապաղ պատանդներու ազատ արձակումը երաշխաւորելու համար ամէն ջանք թափել»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը հերքեց, թէ գերիներու փոխանակման առաջարկի ծիրին մէջ պաղեստինեան անվտանգութեան մարմիններու անդամ գերիներու ազատ արձակման տարազի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է կամ այդպիսի տարազ մը քննարկուած է:

«Պատերազմը պիտի աւարտի այն ժամանակ միայն, երբ իր բոլոր նպատակները իրագործէ: Իսրայէլեան բանակը Կազայէն պիտի չհեռանայ, եւ հազարաւոր զինեալներ ազատ պիտի չարձակուին», շեշտեց Նեթանիահուի գրասենեակը:

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց. «Նեթանիահուի ծրագիրը 4 տարուան ընթացքին Պաղեստինի պետութեան ճանաչում կը ներառէ»:

Պաղեստինեան Իսլամական Ժիհատ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Զիատ Նախալէ իր կարգին յայտարարեց, որ իր ղեկավարած շարժումը մաս պիտի չկազմէ Կազայի դէմ պատերազմին վերաբերեալ որեւէ փոխադարձ հասկացողութեան, առանց ամբողջական զինադադարի երաշխաւորման:

Լաւատեղեակ երկու աղբիւրներ իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնած են, որ Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոն Տերմոր կ՛այցելէ Ուաշինկթըն, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվընի եւ ամերիկեան վարչակազմէն այլ պաշտօնատարներու հետ` «քննարկելու համար Կազայի մէջ պատերազմը եւ անոր յաջորդող օրուան ծրագիրները»:

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ նաեւ «Ուալլա»-ին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն մտադիր է յառաջիկայ շաբաթ, պատերազմի սկիզբէն ի վեր 6-րդ անգամ ըլլալով Իսրայէլ այցելել եւ «գլխաւորաբար քննարկել պատերազմին յաջորդող օրուան հարցը»:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան զինուորական պատուիրակութիւն մը Ուաշինկթընի մէջ գումարած է շարք մը ժողովներ` ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն փոխարինելու ճնշում բանեցնելու համար:

Կազայի հարցով ՄԱԿ-ի օժանդակութիւնները համակարգող Սիկրիտ Քաղ, սակայն, յայտնեց, որ որեւէ կազմակերպութիւն չի կրնար ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն փոխարինել:

Բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Թայմզ աֆ Իզրայէլ»-ին յայտնած է. «(Իսրայէլեան) կառավարութիւնը ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի անմիջապէս փակման չի զօրակցիր, մեկնելով մտավախութենէն մարդասիրական աղէտի մը, որ իրեն կը ստիպէ պատերազմը դադրեցնել»:

Պաշտօնատարներ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնած էին, որ Միացեալ Նահանգներ 7 հոկտեմբերին Համասի շղթայազերծած «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի մեղսակցութեան վերաբերեալ Իսրայէլի պնդումներուն շուրջ անկախ հետաքննութիւն չեն կատարած, եւ այդ պնդումներուն վտանգաւորութիւնը ամերիկեան վարչակազմին ստիպած է քայլեր որդեգրելու:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ վերջին օրերուն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին եւ պատերազմի սեղմ նախարարաց խորհուրդին մէջ նախարար Պենի Կանցին առաջարկած է պատերազմի աւարտէն երկու տարի կամ վեց ամիս ետք ընդհանուր ընտրութիւններ կատարել:

Նախորդը

Պայտըն. «Որոշեցի Մեր Ռազմակայանին Վրայ Կատարուած Յարձակումին Ինչպէս Հակադարձել»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?