Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթար. «Իսրայէլ Եւ Համաս Սկզբունքային Համաձայնութիւն Տուին Նոր Գործարքի Առաջարկին»

Փետրուար 3, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտնեց, որ Համաս «դրական նախնական հաստատում» փոխանցած է Կազայի մէջ զինադուլի եւ գերիներու ազատ արձակման առաջարկին: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը:

«Փարիզի մէջ գումարուած ժողովը յաջողեցաւ միախառնել առաջարկները… Իսրայէլեան կողմը համաձայն գտնուեցաւ այս առաջարկին, իսկ այժմ Համասի կողմէ դրական նախնական հաստատում ունինք», յայտնեց Անսարի, սակայն աւելցուց. «Տակաւին մեր դիմաց շատ դժուար ճամբայ ունինք»:

«Մենք լաւատես ենք, որովհետեւ երկու կողմերն ալ այժմ համաձայն գտնուեցան սկզբունքին, որ կրնայ կռիւի դադրեցման յանգեցնել», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կը յուսանք, որ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին կը կարողանանք այս հարցով լաւ լուրեր յայտարարել»:

Քաթարցի պաշտօնատար մը աւելի ուշ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Համաս «դրական կերպով» ընկալած է Կազայի մէջ զինադուլի հաստատման եւ գերիներու ազատ արձակման առաջարկ մը, սակայն տակաւին պատասխան չէ տուած:

«Տակաւին համաձայնութիւն չգոյացաւ: Համաս առաջարկը դրական կերպով ընկալեց, սակայն կը սպասենք անոնց պատասխանին», նշած է պաշտօնատարը:

Համասի քաղաքական գրասենեակի անդամ Մոհամետ Նազզալ, սակայն, հերքեց, թէ պաղեստինեան շարժումը Փարիզի ժողովէն բխած առաջարկին վերաբերեալ իր պատասխանը կողմերէն ոեւէ մէկուն փոխանցած է:

Նազզալ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Համասի Պաղեստին եւ արտասահման գտնուող ղեկավարութիւնը տակաւին խորհրդակցութիւններու փուլի մէջ է:

Համասի ղեկավարներէն Ուսամա Համտան իր կարգին յայտնեց. «Մինչեւ այս պահս չենք կրնար համաձայնութեան գոյացման մասին խօսիլ եւ տակաւին սկզբնաւորութեան ենք»:

«Համաձայնութեան հասնելու բազմաթիւ փորձեր կատարուեցան, սակայն բռնագրաւումը զանոնք միշտ խոչընդոտեց», աւելցուց Համտան:

Լիբանանի մէջ Համասի բանբեր Ուալիտ Քիլանի «Նաշրա»-ին յայտնեց, որ շարժումի ղեկավարութիւնը տակաւին կը սերտէ Փարիզի հանդիպումէն ետք իրեն ներկայացուած առաջարկը` նշելով, որ Համաս յառաջիկայ ժամերուն պիտի ներկայացնէ իր պատասխանը:

Ան ըսաւ, որ առաջարկներուն մէջ դրական ցուցանիշներ կան, որոնց վրայ պիտի հիմնուի շարժումի պատասխանը:

Յիշեցնենք, որ անցեալ կիրակի Փարիզի մէջ Քաթարի վարչապետին, «Սի.Այ.Էյ.»-ի, Մոսատի, Շապաքի եւ եգիպտական հետախուզութեան տնօրէններուն մասնակցութեամբ գումարուած էր ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկուած է 6 շաբաթ տեւողութեամբ զինադուլի եւ գերիներու փոխանակման առաջարկ մը:

Յիշեցնենք նաեւ, որ նոյեմբերին Քաթարի միջնորդութեամբ գոյացած էր մէկ շաբաթ տեւողութեամբ զինադադար մը, որուն ընթացքին գերիներու փոխանակում տեղի ունեցած էր եւ պաշարեալ Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ մատակարարուած էին:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր կը փորձէ գերիներու փոխանակման գործարքին ընդդիմացող առանցք մը գոյացնել եւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին արգիլել զայն կնքել:

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցլաէլ Սմոթրիչ բուռն կերպով ընդդիմացաւ գերիներու փոխանակման գործարքի մը, որուն ընթացքին իսրայէլացի գերիներու ազատ արձակման դիմաց Իսրայէլի կողմէ հազարաւոր պաղեստինցի գերիներ ազատ պիտի արձակուին: Ըստ անոր, այդպիսի գործարք մը Համաս շարժումին հիւլէական ռումբ ունենալ պահանջելուն նման է: «Ենթադրենք, որ Կազայի մէջ Համասի ղեկավար Եահիա Սընուարը հիւլէական ռումբ պիտի պահանջէ, բոլոր առեւանգեալները վերադարձնելու համար այդ գինը պիտի վճարե՞նք: Ատիկա շատ անհեթեթ է, եւ փողոցները պիտի ողողե՞նք հազարաւոր խափանարարներով, որոնք վաղը հազարաւոր իսրայէլացիներ պիտի սպաննեն, ասիկա ընդունելի՞ գին է», հարց տուաւ Սմոթրիչ:

Մինչ այդ, հաղորդուեցաւ, որ Համասի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէ կ՛այցելէ Գահիրէ` եգիպտական հետախուզութեան տնօրէն Ապպաս Քամելի հետ գերիներու փոխանակման գործարքը քննարկելու համար:

Կը սպասուի, որ Համաս յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին ներկայացնէ առաջարկուած գործարքին իր պատասխանը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Շեպա-Թել Հոշիմիր» հիւանդանոցին մէջ վիրաւոր զինուորներու այցելելու ընթացքին շեշտեց, որ պատերազմը «պիտի շարունակուի մինչեւ Համասի դէմ ամբողջական յաղթանակը»:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլ եւ Եգիպտոս կը մօտենան համաձայնութեան` յօգուտ Ռաֆահ ապաստանած շուրջ երկու միլիոն պաղեստինցիները Կազայի մէջ այլ շրջան տեղափոխելու փոխարէն Իսրայէլին Ռաֆահի եւ Եգիպտոսի միջեւ գտնուող Ֆիլատելֆիա ճակատին վրայ «որոշ ազդեցութեան» տրամադրման:

Իսրայէլացի երկու ապահովական աղբիւրներ ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Իսրայէլ Եգիպտոսին խոստացած է Ռաֆահի շրջանին մէջ զինուորական գործողութեան չձեռնարկելու, նախքան այդտեղ գտնուող քաղաքայիններուն շրջանէն հեռանալ արտօնելը, որպէսզի պաղեստինցի գաղթականներուն եգիպտական հողեր ապաստանելու վտանգը նուազի, բան մը, որ «Եգիպտոսի կեդրոնական մտավախութիւնն է»:

Դիւանագէտներ հաղորդեցին, որ Ալճերիան չորեքշաբթի օր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցած է նախագիծ մը, որ կը պահանջէ Կազայի մէջ մարդասիրական նպատակներով զինադադար հաստատել, քայլ մը, որուն դէմ են Միացեալ Նահանգներ:

Նախագիծը կը մերժէ պաղեստինցի քաղաքայիններու բռնի տեղահանումը եւ բոլոր կողմերէն կը պահանջէ յարգել միջազգային օրէնքը, ինչպէս նաեւ ապահովել միջազգային օժանդակութիւններու ամբողջ Կազայի տարածք արագ, անխոչընդոտ եւ անվտանգ հասանելիութիւնը:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ յայտարարեցին, որ Միացեալ Նահանգներ Այսրյորդանանի մէջ պաղեստինցիներու դէմ բռնարարքներ գործելու յանցանքով ամբաստանուած շարք մը իսրայէլացի բնակեցուածներու դէմ պատժամիջոցներ հաստատած են: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած էր, որ այդ բռնարարքներուն մակարդակը «անտանելի» դարձած է:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը յայտնեց, որ Այսրյորդանանի մէջ իսրայէլացի բնակեցուածները «կը յարգեն օրէնքը», եւ իշխանութիւնները զայն չյարգողները հաշուետուութեան կ՛ենթարկեն, «ուստի կարիք չկայ այս հարցին շուրջ արտակարգ քայլեր որդեգրելու»:

Նախորդը

Դամասկոսի Հարաւը Գտնուող Թիրախներու Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Միջազգային

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Փարիզի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Իսրայէլեան Պատուիրակութեան Մը Հետ

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?