Կը սպասուի, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի մինչեւ այս շաբաթավերջ հրամանագիր պիտի ստորագրէ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար Վալերի Զալուժնիի հրաժարականի մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը` վկայակոչելով աղբիւրներ:
Աղբիւրներուն համաձայն, Զալուժնին 29 յունուարին կանչուած է Ուքրանիոյ նախագահի աշխատակազմ, ուր երկրին ղեկավարը յայտարարած է իր մօտալուտ պաշտօնանկութեան մասին: Զելենսքի անոր առաջարկած է այլ պաշտօն վարել, սակայն Զալուժնի մերժած է: