Պայտըն-Էրտողան Հանդիպումը Յետաձգուա՞ծ Է
9 մայիսին Սպիտակ տան մէջ նախատեսուած Պայտըն-Էրտողան հանդիպումը յետաձգուած է Թուրքիոյ նախագահի աշխատանքային ժամանակացոյցի փոփոխութեան պատճառով: Շուտով պիտի ճշդուի հանդիպման նոր թուականը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թուրք պաշտօնատար մը: Սպիտակ տունը Էրտողանի այցելութեան մասին պաշտօնապէս չէ յայտարարած, սակայն մարտի վերջաւորութեան ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին ըսած էր, որ Սպիտակ տունը առաջարկած էր Պայտըն-Էրտողան հանդիպումը կատարել 9 մայիսին,...




















