Իրանի նախագահ Իպարհիմ Ռայիսի երէկ զգուշացուց. «Մենք ահաւոր, լայնածաւալ եւ ցաւցնող կերպով պիտի հակադարձենք իրանեան շահերը թիրախաւորող որեւէ արարքի եւ զայն բոլոր գործողներուն»: Ան այս մասին յայտարարեց Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:
Ռայիսի ըսաւ, որ Իրանը Դամասկոսի մէջ իր հիւպատոսարանին դէմ օդային հարուածին համար Իսրայէլը պատժելու գործողութիւնը յաջողութեամբ կատարեց:
Իրանի նախագահը յայտնեց, որ Թեհրանը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածով նախատեսուած ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին համապատասխան յարձակում գործեց այն կեդրոններուն վրայ, ուրկէ չարամիտ գործողութիւններ կատարուած են Իսլամական Հանրապետութեան դէմ:
«Կարգ մը արեւմտեան երկիրներու սիոնական գոյացութեան տրամադրած կոյր աջակցութիւնը շրջանին մէջ լարուածութեան հող կը ստեղծէ», նշեց Ռայիսի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան իր բրիտանացի պաշտօնակից Տէյվիտ Քամերոնին յայտնեց. «Իրան չ՛ուզեր լարուածութիւնը աւելցնել, սակայն անմիջապէս եւ նախկինէն աւելի մեծ ուժով պիտի հակադարձէ, եթէ Իսրայէլ վրիժառական արարքով հակադարձէ»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը եւ այլ աղբիւր մը ամերիկեան «Աքսիոս»-ին յայտնած են, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ կիրակի օր Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինին ըսած է, որ Իսրայէլ այլ ելք չունի, քան արձագանգել Իրանի կողմէ անցեալ շաբաթավերջին կատարուած հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերու աննախադէպ յարձակումին:
Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հրաժարած է Իրանի վրայ յարձակելէ: Իբրեւ պատճառ նշուած է իրանեան հարուածին պատճառած համեմատաբար փոքր վնասը:
Պայտըն Նեթանիահուի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ Իրանի յարձակումը անյաջող էր եւ որ ատիկա Իսրայէլի համար յաղթանակ էր:
Ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը, սակայն, հաղորդեց, որ ամերիկացի չորս պաշտօնատարներ նախատեսած են, որ իսրայէլեան հաւանական հակադարձութիւնը տեղի ունենայ այս շաբթուան վերջաւորութեան, եւ անոր ծաւալը պիտի ըլլայ սահմանափակ:
Անոնք հաւանական նկատած են նաեւ, որ իսրայէլեան հակազդեցութիւնը ներառէ հարուածներ Իրանի զինեալ ուժերուն եւ շրջանի մէջ Թեհրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումներուն:
Ամերիկացի պաշտօնատարները նշած են, որ մինչ Իսրայէլ անցեալ շաբաթ իրանեան հաւանական յարձակումին կը պատրաստուէր, իսրայէլացի պաշտօնատարներ իրենց ամերիկացի պաշտօնակիցներուն ներկայացուցած են հաւանական հակադարձութեան ընտրանքները:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ որեւէ նոր զարգացում պիտի յառաջացնէ բազմաթիւ հաւանականութիւններ, որոնցմէ ոմանք` շատ սարսափելի»: Ան յոյս յայտնեց, որ «Իսրայէլ մեզ տեղեակ կը պահէ Իրանին հակադարձելու իր ծրագիրներէն, որպէսզի պատրաստ ըլլանք մեր զինուորներն ու դիւանագէտները պաշտպանելու»:
«Եթէ Իսրայէլ հակադարձելէ հրաժարի, ապա լարուածութեան մեղմացում պիտի տեսնենք, եւ կացութիւնը պիտի վերադառնայ իր նախկին իրավիճակին», նշեց ամերիկացի պաշտօնատարը:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի նպատակը Իրանին վնասելն է, առանց համապարփակ պատերազմի պատճառ դառնալու` աւելցնելով, որ Իսրայէլ կ՛ուզէ Իրանի դէմ քայլի ձեռնարկել Միացեալ Նահանգներու հետ համակարգաբար:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Իսրայէլ կը քննարկէ հակադարձութեան ընտրանքներ, որոնք պատգամ կը յղեն` առանց մարդկային վնասներ պատճառելու: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան բանակէն պահանջած է հակադարձութեան համար թիրախներու ընտրանքներ ներկայացնել: Օրաթերթը կը նշէ, որ այդ ընտրանքներուն շարքին են Թեհրանի մէջ կառոյցի մը դէմ հաւանական հարուած կամ ելեկտրոնային յարձակում մը:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Իրանեան հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու արձակման զինուորական հակադարձութեան կողքին, ես Իրանի դէմ դիւանագիտական յարձակում մը կը ղեկավարեմ»:
«Այս առտու 32 պետութիւններու յղեցի նամակներ, եւ աշխարհի տարածքին տասնեակներով արտաքին գործոց նախարարներու եւ ականաւոր անձնաւորութիւններու հետ խօսեցայ` պահանջելով Իրանի հրթիռային ծրագիրին դէմ պատժամիջոցներ հաստատել եւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը ահաբեկչական կազմակերպութիւն յայտարարել` զսպելու եւ տկարացնելու համար Իրանը»:
«Պէտք է Իրանը հիմա կանգնեցնել, նախքան ուշ ըլլալը», շեշտեց Քաց:
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Նեթանիահու իր ղեկավարած Լիքուտ կուսակցութեան անդամ նախարարներուն յայտնած է. «Իսրայէլ իմաստուն կերպով պիտի հակադարձէ իրանեան յարձակումին»: Ան նաեւ նշած է, որ մերժած է իրանեան յարձակումէն ետք օտարերկրեայ ղեկավարներու հետ խօսիլ` չհակադարձելու ճնշումի չենթարկուելու համար:
Եւրոպացի պաշտօնատար մը ամերիկեան «Փոլիթիքօ» պարբերաթերթին յայտնեց, որ այս շաբաթ Իրանի դէմ եւրոպական պատժամիջոցներ պիտի հաստատուին:
Ան նշեց, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին յայտնած են, որ պէտք չէ կատարել անխոհեմ արարք մը, որ մագլցումի կը յանգեցնէ:
Ամերիկեան պարբերաթերթը շեշտեց, որ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւնները միաձայնութեամբ Իսրայէլին կոչ կ՛ուղղեն` Իրանի դէմ զինուորական հակադարձութենէն խուսափելու:
Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր իրանցի պաշտօնակից Իպրահիմ Ռայիսիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է Միջին Արեւելքի մէջ կացութեան վատթարացումը:
«Վլատիմիր Փութին յոյս յայտնած է, որ բոլոր կողմերը ողջամիտ զսպուածութիւն կը ցուցաբերեն եւ չեն արտօներ ճակատումի նոր փուլ, որ յղի է ամբողջ շրջանին համար աղէտալի հետեւանքներով», կը նշուի Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ:
Ռայիսի իր կարգին նշած է, որ Իրանի գործողութիւնները եղած են հարկադիր եւ սահմանափակ բնոյթի: Իրանի նախագահը վստահեցուցած է, որ Թեհրանը շահագրգռուած չէ «լարուածութեան հետագայ սրումով»:
Կողմերը նաեւ հաստատած են երկիրներու սկզբունքային մօտեցումները Միջին Արեւելքի մէջ կրակոցի անյապաղ դադրեցման օգտին:
Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարար Խաուաժա Մոհամետ Ասեֆ երէկ յայտնեց, որ Իրան իրաւունք ունի հակադարձելու Դամասկոսի մէջ իր հիւպատոսարանին վրայ իսրայէլեան յարձակումին: Ան զգուշացուց, որ շրջանին մէջ աճող լարուածութիւնը կրնայ ազդել այլ երկիրներու, ներառեալ Փաքիստանի վրայ, եւ պատերազմը կրնայ տարածուիլ Իսրայէլի աջակցող երկիրներուն վրայ:


