Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթարի Վարչապետ. «Իսրայէլի Եւ Համասի Միջեւ Բանակցութիւնները Նուրբ Շրջանէ Կ՛անցնին»

Ապրիլ 18, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի երէկ յայտարարեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ գերիներու ազատ արձակման բանակցութիւնները նուրբ փուլէ կ՛անցնին` աւելցնելով, որ կարելի եղածին չափ խոչընդոտները յաղթահարելու փորձեր գոյութիւն ունին:

Ան նշեց, որ իր երկիրը կը դատապարտէ հաւաքական պատիժի քաղաքականութիւնը, որ Իսրայէլ կը շարունակէ կիրարկել Կազայի մէջ, եւ որուն կողքին Այսրյորդանանի մէջ մագլցումի ալ կը դիմէ:

Քաթարի վարչապետը Տոհայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Դժբախտաբար բանակցութիւնները յառաջ ընթանալու եւ տապալելու միջեւ կ՛ընթանան, եւ ներկայ փուլին կ՛անցնինք նուրբ ժամանակաշրջանէ մը, որուն մէջ որոշ ձախողում կայ»:

«Կը փորձենք կարելի եղածին չափ լուծել այդ ձախողումը, յառաջ ընթանալ, վերջ տալ Կազայի մէջ ժողովուրդի այս տառապանքին եւ միեւնոյն ժամանակ ազատել գերիները», աւելցուց ան:

Բանակցութիւններուն մէջ օրերէ ի վեր անորոշութիւն կը տիրէր: Պաղեստինեան Համաս շարժումը միջնորդներուն փոխանցած էր իր պատասխանը` հաստատելով, որ կառչած կը մնայ իր պահանջներուն, ինչ որ Իսրայէլ Համասի կողմէ ամերիկեան առաջարկին մերժում նկատեց:

Համաս շարժումը յայտարարեց, որ առաջարկը մերժած չէ, այլ պարզապէս անոր վրայ կարգ մը կէտեր աւելցուցած է:

Ամերիկեան առաջարկը կը բաղկանայ 3 փուլերէ, որոնց շուրջ յունուարին Փարիզի մէջ ժողովի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցած էին Եգիպտոսի, Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութիւններու ղեկավարներն ու Քաթարի վարչապետը:

Առաջարկը կը ներառէր 6 շաբթուան զինադադար, 40 իսրայէլացի գերիներու դիմաց 800-էն 900 պաղեստինցի բանտարկեալներու ազատ արձակում, օրական սննդեղէնով բեռնաւորուած 400-էն 500 բեռնակառքերու Կազա մուտք եւ գաղթականներու հիւսիսային Կազա տունդարձ:

Նախորդը

Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Պաղեստինը ՄԱԿ-ի Անդամ Ընդունիլ Յանձնարարող Նախագիծի Շուրջ Քուէարկութիւն Պիտի Կատարէ

Յաջորդը

Քըրպի. «Պայտըն Ո՛չ Իրանի Հետ Յաւելեալ Պատերազմ, Ո՛չ Ալ Տագնապի Ընդլայնում Կամ Խորացում Կ՛ուզէ»

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?