Իրան միշտ ընդգծած է, որ օտարերկրեայ զօրքերու Հարաւային Կովկաս մուտքը չի նպաստեր անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման եւ շրջանի ժողովուրդներու շահերու ապահովման: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ երէկ Թեհրանի մէջ այդ մասին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի:
Անոր համաձայն, Հարաւային Կովկասի անվտանգութիւնը Իրանի համար կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններէն մէկն է: «Հարաւային Կովկասի անվտանգութիւնը կ՛ազդէ ամբողջ շրջանի անվտանգութեան վրայ», աւելցուցած է ան:
Քենաանի ըսած է, թէ Իրանի ռազմավարութիւնը բանակցութիւններ եւ բազմակողմ երկխօսութիւն վարելն է` օգտագործելով գոյութիւն ունեցող մեքանիզմները Հարաւային Կովկասի մէջ տարակարծութիւնները կարգաւորելու եւ խաղաղութիւն, կայունութիւն ու անվտանգութիւն հաստատելու համար: