Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց. «Այսօր Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ խօսեցայ Իսրայէլի անվտանգութեան պաշտպանութեան ջանքերուն, պատանդներու ազատ արձակման եւ կեանք փրկող մարդասիրական յաւելեալ օժանդակութիւններ Կազայի մէջ պաղեստինցի քաղաքայիններուն հասցնելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ շրջանային լարուածութիւնները մեղմացնելու համար պէտք եղած քայլերուն մասին»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ Համասը միակ դերակատարն է, որ կը խանգարէ համաձայնութեան գոյացումը: «Հետեւաբար, մենք անոր պիտի հասցնենք լրացուցիչ եւ ցաւալի հարուածներ, եւ ատիկա տեղի պիտի ունենայ մօտ օրէն, մենք պիտի ուժեղացնենք Համասի վրայ զինուորական եւ քաղաքական ճնշումը, որովհետեւ ատիկա միակ ուղին է ազատելու մեր պատանդները եւ հասնելու մեր նպատակին», ըսաւ Նեթանիահու:
Յորդանանեան արքունիքը հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաք հեռաձայնած է Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին: Անոնք քննարկած են ներկայ զարգացումներն ու շրջանին մէջ մագլցումի վտանգը, որ կը սպառնայ միջազգային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան:
Ապտալլա Բ. թագաւորը միջազգային ընտանիքին դարձեալ կոչ ուղղած է աշխուժացնելու Կազայի մէջ անմիջական եւ մնայուն զինադադար հաստատելու ջանքերը` վերջ տալու համար Կազայի մէջ ահագնացող մարդասիրական աղէտին:
Ան զգուշացուցած է Ռաֆահի վրայ կատարուելիք իսրայէլեան յարձակումին վտանգաւոր հետեւանքներէն` ընդգծելով Կազայի քաղաքայինները պաշտպանելու եւ մարդասիրական օժանդակութեան անոնց հասնիլը երաշխաւորելու կարեւորութիւնը:
Յորդանանի թագաւորը նաեւ կարեւոր նկատած է ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի օգնութեան շարունակութիւնը, որպէսզի ՄԱԿ-ի գործակալութիւնը շարունակէ իր առաքելութիւնը կատարել:
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Նեթանիահու յայտնած է, թէ բանակցող պատուիրակութեան սուտ զեկուցումները յուսահատութիւն կը սերմանեն եւ Համասը կը մղեն կարծրացնելու իր դիրքորոշումը:
Աղբիւրներ կայանին յայտնած են, որ Նեթանիահու պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը կ՛ամբաստանէ դռնփակ քննարկումներէն տեղեկութիւններ սպրդեցնելու յանցանքով:
Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ մէջբերելով հաղորդեց նաեւ, որ բացի Քաթարէն չկայ այլ պետութիւն մը, որ կարող է գործարքին շուրջ համաձայնութիւնը յաջողցնել: