Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քըրպի. «Պայտըն Ո՛չ Իրանի Հետ Յաւելեալ Պատերազմ, Ո՛չ Ալ Տագնապի Ընդլայնում Կամ Խորացում Կ՛ուզէ»

Ապրիլ 18, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ո՛չ Իրանի հետ յաւելեալ պատերազմ, ո՛չ ալ տագնապի ընդլայնում կամ խորացում կ՛ուզէ:

Ան Փենսիլվանիա նահանգ ուղղուող նախագահական օդանաւին մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ Ռաֆահի հարցին շուրջ իսրայէլացիներուն հետ ժողովին վերաբերեալ նորութիւններ չկան` աւելցնելով. «Տակաւին կը յուսանք առցանց ժողովէն ետք նոր փուլի մը սկսիլ, եւ յառաջիկայ օրերուն այլ ժողով մը գումարել»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ուաշինկթըն յառաջիկայ օրերուն լրացուցիչ պատժամիջոցներ պիտի հաստատէ Թեհրանի դէմ` ուղղուած հրթիռներու, անօդաչու թռչող սարքերու, ինչպէս նաեւ Յեղափոխական պահակագունդի եւ Իրանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համագործակցող ընկերութիւններու դէմ:

Սալիվըն կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի վրայ Իրանի յարձակումէն ետք Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներու եւ գործընկերներու, ներառեալ «Եօթներու խմբակ»-ը, ինչպէս նաեւ Քոնկրեսի երկու կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ կ՛աշխատի «համապարփակ արձագանգի» ուղղութեամբ:

Ըստ անոր, Ուաշինկթըն կը յուսայ, որ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներն ու գործընկերները հետեւելով անոնց օրինակին իրենց սեփական պատժամիջոցները կը հաստատեն:

Ան ընդգծած է, որ «նոր պատժամիջոցներն ու այլ քայլերը» ուղղուած պիտի ըլլան Իրանը զսպելուն, «թուլացնելու անոր զինուորական կարելիութիւններն ու արդիւնաւէտութիւնը»:

«Ճնշումը պիտի շարունակուի», ըսած է Սալիվըն` նշելով, որ վերջին երեք տարուան ընթացքին աւելի քան 600 անհատ եւ կազմակերպութիւն ենթարկուած է Միացեալ Նահանգներու հակաիրանեան պատժամիջոցներուն:

«Մենք պիտի չվարանինք շարունակել քայլերու ձեռնարկել` համաձայնաբար ամբողջ աշխարհի մեր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն, ինչպէս նաեւ Քոնկրեսին հետ` Իրանի կառավարութիւնը պատասխանատուութեան ենթարկելու անոր չարամիտ եւ ապակայունացնող գործողութիւններուն համար», ըսած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդականը:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն ըսաւ. «Յստակ է, որ իսրայէլացիները Իրանի դէմ քայլի դիմելու որոշում պիտի տան»: Ան յոյս յայտնեց, որ Իսրայէլ վարուի այնպիսի ձեւով, որ մագլցումի չի յանգեցներ:

«Կ՛ուզենք Իրանի դէմ համակարգուած պատժամիջոցներ տեսնել, եւ «Եօթներու խմբակ»-ը պէտք է յստակ եւ աներկբայելի պատգամ մը յղէ Թեհրանին», ըսաւ Քամերոն:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց, որ Ուաշինկթընի գնահատականը այն է, որ Թեհրան Իրանի դէմ իսրայէլեան որեւէ հարուածի պիտի հակադարձէ հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումներու նոր փուլով:

Ամերիկացի պաշտօնատարը նշեց. «Դժուար պիտի ըլլայ կրկնել շաբաթ օր իրանեան յարձակումը ձախողութեան մատնելու յաջողութիւնը, եթէ Թեհրան հարիւրաւոր հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր արձակէ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտնեց, որ Իսրայէլ Իրանին պատասխան հարուած հասցնելու հարցը չէ քննարկած Միացեալ Նահանգներու հետ:

Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ արդեօք Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներուն յայտնա՞ծ է, թէ ի՞նչ քայլեր կը նախատեսէ ձեռնարկել ի պատասխան Իրանի յարձակումին, Միլլըր ըսաւ. «Անոնք չեն յայտնած»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտարարեց, որ Իրան ձախողեցաւ իր հրթիռային յարձակումին մէջ եւ պիտի չկարենայ Իսրայէլը զսպել: «Ասիկա միջազգային գործընկերներու հետ մեր նախապատրաստութեան արդիւնքն է, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի պաշտպանութեան զօրքերու կարելիութիւնները», ըսաւ Կալանթ:

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի յայտնեց. «Մեր դէմ իսրայէլեան որեւէ քայլ, նոյնիսկ եթէ սահմանափակ ըլլայ, ուժեղ եւ վճռական հակադարձութեան պիտի արժանանայ»:

«Իսրայէլի դէմ մեր զինուորական գործողութիւնները տապալեցին սիոնական գոյացութեան ուժը, եւ մեր հակադարձութիւնը սերտուած ու ճշգրիտ էր», ըսաւ Ռայիսի` աւելցնելով. «Մեր հակադարձութիւնը Ուաշինկթընին եւ Իսրայէլի աջակիցներուն իրազեկում էր, թէ մեր զինեալ ուժերը հզօր են եւ պատրաստ որեւէ սպառնալիք դիմակայելու»:

«Մեր զինեալ ուժերը ոչ միայն շրջանին մէջ, այլ` աշխարհի վրայ կարեւոր կարողականութիւններէն են», ըսաւ Իրանի նախագահը` նշելով. «Շրջանին մէջ օտար ուժերու կարիքը չունինք, որովհետեւ շրջանի երկիրները կարող են անոր անվտանգութիւնը երաշխաւորել»:

«Շրջանի պետութիւններուն կ՛ըսենք, որ մեր ուժերը անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը կ՛ամրապնդեն, եւ պէտք չէ սիոնական գոյացութեան վրայ վստահութիւն ունենալ», աւելցուց Ռայիսի:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «13 ապրիլի գիշերը շրջանին մէջ շարունակուող մագլցումին եւ լարուածութեան հիմնական պատասխանատուները Նեթանիահուն ու անոր արիւնարբու վարչակազմն են»: Ան նաեւ նշեց, որ Իսրայէլի վարչապետը «կը փորձէ երկարաձգել պատերազմը` իշխանութեան վրայ մնալու համար»:

«Անոնք, որոնք ամիսներ շարունակ Կազայի դէմ պատերազմի հարցով լուռ մնացին, անմիջապէս դատապարտեցին Իրանի հակադարձութիւնը», երբ «պէտք էր Նեթանիահուն դատապարտել», ըսաւ Էրտողան:

Ան նշեց, որ «Իսրայէլ կը ջանայ շրջանային տագնապ յառաջացնել», եւ Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսարանին վրայ Իսրայէլի յարձակումը «միջազգային օրէնքի եւ Վիեննայի համաձայնութեան ոտնահարում» կը նկատուի:

Էրտողան յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի շրջանը «նոր լարուածութիւններով յղի է», եթէ Կազայի մէջ անիրաւութիւնն ու ցեղասպանութիւնը չդադրին:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ 9 հրթիռներ «Նեւաթիմ»-ի մէջ շրջանցած են իսրայէլեան օդային պաշտպանութեան համակարգերը, եւ ոչ թէ իսրայէլեան բանակի բանբերին պնդածին նման 7-ը: Անոնք նաեւ անճիշդ որակեցին անոր այն պնդումը, թէ իրանեան որեւէ անօդաչու թռչող սարք Իսրայէլի օդային տարածք չէ մտած: Անոնք նշեցին, որ իրանեան անօդաչու թռչող սարք մը Հերմոնի շրջան մուտք գործելով զայն հարուածած է:

Նախորդը

Քաթարի Վարչապետ. «Իսրայէլի Եւ Համասի Միջեւ Բանակցութիւնները Նուրբ Շրջանէ Կ՛անցնին»

Յաջորդը

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Տեղի Ունենալիք Կարեւոր Ձեռնարկներ

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?