Միջազգային

Քենաանի. «Շրջանին Մէջ Յաւելեալ Լարուածութիւն Չենք Ուզեր»

Քենաանի. «Շրջանին Մէջ Յաւելեալ Լարուածութիւն Չենք Ուզեր»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտնեց. «Իսրայէլի դէմ մեր քայլերը ինքնապաշտպանութիւն էին եւ բռնագրաւող գոյացութեան յարձակումներուն հակադարձութիւն»: «Արհեստավարժ կերպով վարուեցանք, եւ Իսրայէլին մեր հակադարձութիւնը տրամաբանական եւ պատասխանատու էր», ըսաւ ան: «Շրջանին մէջ յաւելեալ լարուածութիւն չենք ուզեր», շեշտեց Քենաանի` աւելցնելով. «Մեր քայլը անհրաժեշտ էր եւ յարմար հետեւանք սիոնական գոյացութեան ու Արեւմուտքի անպատասխանատու վարմունքին»: Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդը իր...

Ըստ «Թէ. Ռէ. Թէ.»-ի.  «Սի. Այ. Էյ.»-ը Անգարայէն Խնդրած Է Իրանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Միջնորդութիւն Կատարել

Ըստ «Թէ. Ռէ. Թէ.»-ի. «Սի. Այ. Էյ.»-ը Անգարայէն Խնդրած Է Իրանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Միջնորդութիւն Կատարել

«Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է թրքական գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի տնօրէն Իպրահիմ Քալընի հետ` խնդրելով, որ միջնորդութիւն կատարէ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին»-ը` յղում կատարելով թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.»-ին: Ըստ թրքական պետական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին, երկու կողմերը նաեւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման բանակցութիւններուն վերաբերեալ տեսակէտներու փոխանակում կատարած են: Թրքական պատկերասփիւռի կայանը կ՛աւելցնէ, որ Քալըն իր ամերիկացի պաշտօնակիցին...

Յորդանան Իրանէն Կը Պահանջէ Դադրիլ Պաղեստինեան Դատի Նկատմամբ Իր Կեցուածքը Կասկածի Տակ Առնելէ

Յորդանան Իրանէն Կը Պահանջէ Դադրիլ Պաղեստինեան Դատի Նկատմամբ Իր Կեցուածքը Կասկածի Տակ Առնելէ

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչեց Ամմանի մէջ Իրանի դեսպանը, եւ անոր երկրէն պահանջեց դադրիլ պաղեստինեան դատի նկատմամբ Յորդանանի կեցուածքները «կասկածի տակ առնելէ»: Յորդանան Իսրայէլի վրայ իրանեան յարձակումի ընթացքին իր օդային տարածքին մէջ «թռչող մարմիններու» վնասազերծումը յայտարարած էր: Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի յորդանանեան «Մամլաքա» պատկերասփիւռի պետական կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Նախարարութիւնը այսօր Իրանի դեսպանը կանչեց եւ...

Պլինքըն Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Իսրայէլի Վրայ Իրանի Կատարած Յարձակումը

Պլինքըն Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Իսրայէլի Վրայ Իրանի Կատարած Յարձակումը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 14 ապրիլին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըրի, օրակարգի վրայ էր Իրանի կողմէ Իսրայէլի վրայ «բացայայտ եւ աննախադէպ» յարձակումը: Ամերիկեան կողմին հաղորդումով, Պլինքըն շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆիտանին շրջանին մէջ հետագայ մագլցումը կանխարգիլելու ուղղութեամբ...

Իսլամական Հանրապետութեան  Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Իսրայէլի Վրայ Իրանեան Ուղղակի Յարձակում

Իսլամական Հանրապետութեան Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Իսրայէլի Վրայ Իրանեան Ուղղակի Յարձակում

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը շաբաթ գիշեր իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ուղղակի յարձակում գործեց Իսրայէլի վրայ` հակադարձելով Դամասկոսի մէջ իր հիւպատոսարանին վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումին, որ պատճառած էր 7 զոհ, ներառեալ Յեղափոխական պահակագունդի Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ հրամանատար զօր. Մոհամետ Ռիտա Զահիտին: Յարձակումը շուրջ 5 ժամ տեւեց: Իրան յայտնեց, որ Իսրայէլի ուղղութեամբ իր արձակած հրթիռներուն կէսը յաջողութեամբ հարուածած է իր...

Ազրպէյճան-Յորդանան Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Համաձայնագիր

Ազրպէյճան-Յորդանան Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Համաձայնագիր

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով այցելած է Յորդանան: Այս մասին հաղորդեց «Թերթ»-ը: Բանակցութիւններու ընթացքին Հասանով քննարկած է զինուորական, ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան հարցեր: Կողմերը համաձայնագիր ստորագրած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին:  

Ֆրանսա, Յորդանան Եւ Եգիպտոս Կազայի Մէջ  Անմիջական Զինադադարի Կոչ Կ՛ուղղեն

Ֆրանսա, Յորդանան Եւ Եգիպտոս Կազայի Մէջ Անմիջական Զինադադարի Կոչ Կ՛ուղղեն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի յայտնեցին, որ Կազայի մէջ մարդկային կորուստները «անտանելի են», եւ ընդգծեցին Կազայի մէջ «անմիջական» զինադադար հաստատելու «հրատապ կարիքը» եւ «բոլոր գերիները» ազատ արձակելու հրամայականը` զգուշացնելով Իսրայէլը Ռաֆահի դէմ իր հաւանական յարձակումին «վտանգաւոր հետեւանքներէն»: Երեք ղեկավարները ֆրանսական «Լը Մոնտ», ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ», յորդանանեան «Ռայ» եւ եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթերուն...

Թուրքիա Իսրայէլի Դէմ Քայլեր Կ՛որդեգրէ Կազա  Օդի Ճամբով Օժանդակութիւններ Հասցնելու  Անգարայի Խնդրանքը Մերժելուն Համար

Թուրքիա Իսրայէլի Դէմ Քայլեր Կ՛որդեգրէ Կազա Օդի Ճամբով Օժանդակութիւններ Հասցնելու Անգարայի Խնդրանքը Մերժելուն Համար

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ իր երկիրը որոշած է Իսրայէլի դէմ նոր քայլեր որդեգրել` նշելով, որ թրքական օդուժը ուզած է մասնակցիլ Կազայի վրայ օժանդակութիւններ նետելու գործողութեան, սակայն անոր դիմումը, «որ յորդանանեան իշխանութիւններուն կողմէ ողջունուեցաւ, Իսրայէլի կողմէ մերժուեցաւ»: Այս մասին հաղորդեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: «Որոշեցինք Իսրայէլի դէմ շարք մը նոր քայլեր որդեգրել», ըսաւ Ֆիտան` նշելով, որ «Կազայի...

Գահիրէի Բանակցութիւններուն Մէջ Յառաջընթացի Մասին Հակասական Լուրեր

Գահիրէի Բանակցութիւններուն Մէջ Յառաջընթացի Մասին Հակասական Լուրեր

Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համար Գահիրէի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ «որոշակի յառաջընթաց» արձանագրուած է: Այս մասին եգիպտական բարձրաստիճան աղբիւր մը յայտնեց եգիպտական «Գահիրա» պատկերասփիւռի կայանին: «Բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կայ, եւ կողմերուն միջեւ գլխաւոր առանցքներու շուրջ համաձայնութիւն», նշած է աղբիւրը` աւելցնելով. «Գահիրէի մէջ բանակցութիւններու փուլին տեսակէտներու մերձեցման առումով մեծ յառաջընթաց կ՛արձանագրուի»: Եգիպտական «Մասրիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Համասի ու Քաթարի պատուիրակութիւնները...

Զելենսքի. «Ուքրանիան Պատերազմին Մէջ Պարտութեան Պիտի Մատնուի, Եթէ Ամերիկեան Քոնկրեսը Օժանդակութիւններու Թղթածրարը Չվաւերացնէ»

Զելենսքի. «Ուքրանիան Պատերազմին Մէջ Պարտութեան Պիտի Մատնուի, Եթէ Ամերիկեան Քոնկրեսը Օժանդակութիւններու Թղթածրարը Չվաւերացնէ»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի զգուշացուց, որ Քիեւ Ռուսիոյ դէմ պատերազմին մէջ պարտութեան պիտի մատնուի, եթէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը չվաւերացնէ Մոսկուայի ներխուժման դիմակայման համար իրեն յատկացուած զինուորական օժանդակութիւններու թղթածրարը: Զելենսքի նուիրատուութիւններու ապահովման համար եւ Քիեւի հովանաւորութիւնը վայելող «Եունայթըտ24» հարթակին հետ առցանց ժողովի ընթացքին յայտնեց. «Պէտք է որոշակի կերպով ըսել, որ եթէ Քոնկրեսը Ուքրանիոյ չօգնէ, ապա Ուքրանիան պատերազմին մէջ պիտի պարտուի»: Ան...

Գահիրէի Մէջ Կազայի Շուրջ Բանակցութիւններու Նոր Փուլ

Գահիրէի Մէջ Կազայի Շուրջ Բանակցութիւններու Նոր Փուլ

Երէկ Գահիրէի մէջ ընթացք առաւ Իսրայէլի ու Համասի միջեւ գերիներու փոխանակման եւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման գործարքի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու բանակցութիւններու նոր փուլ մը: Պաղեստինեան Համաս շարժումը շաբաթ օր յայտարարեց. «Խալիլ Հայէի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը վաղը պիտի մեկնի Գահիրէ` ընդառաջելով Եգիպտոսի հրաւէրին: Կառչած կը մնանք 14 մարտին մեր ներկայացուցած կեցուածքին, որ (իսրայէլեան) յարձակումին վերջ տալու բնական պահանջն է եւ անկէ...

«Շրջանին Մէջ Իսրայէլեան Դեսպանատուները Դադրեցան Ապահով Ըլլալէ»  Կ՛ըսէ Խամէնէիի Խորհրդատուն

«Շրջանին Մէջ Իսրայէլեան Դեսպանատուները Դադրեցան Ապահով Ըլլալէ» Կ՛ըսէ Խամէնէիի Խորհրդատուն

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի զինուորական հարցերու խորհրդատու Եահիա Ռահիմ Սաֆաւի յայտնեց, որ Իսրայէլ շրջանին մէջ 27 դեսպանատուներ փակած է` վախնալով Դամասկոսի մէջ իր հիւպատոսարանին վրայ իսրայէլեան յարձակումին Իրանի հակադարձութիւններէն: Ան ընդգծեց, որ շրջանին մէջ իսրայէլեան դեսպանատուները դադրած են ապահով ըլլալէ: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Սաֆաւի իրանեան հիւպատոսարանին վրայ կատարուած յարձակումներու զոհերուն յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի ընթացքին շեշտեց, որ...

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Պիտի Քննարկէ Պաղեստինի` ՄԱԿ-ի Անդամակցութեան Հարցը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Պիտի Քննարկէ Պաղեստինի` ՄԱԿ-ի Անդամակցութեան Հարցը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այսօր պիտի գումարէ փակ նիստ մը, որուն նիւթը պիտի ըլլայ Պաղեստինի խնդրանքը` վերսկսելու ՄԱԿ-ի մնայուն անդամ դառնալու դիմումի քննարկումը: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած են ՄԱԿ-ի մէջ Մալթայի մնայուն ներկայացուցչութենէն, որ ապրիլին կը վարէ Ապահովութեան խորհուրդի նախագահի պաշտօնը: Պաղեստինը այժմ ՄԱԿ-ի մէջ մնայուն դիտորդի կարգավիճակ ունի:

Միացեալ Նահանգներ Կը Զգուշացնեն Իսրայէլը

Միացեալ Նահանգներ Կը Զգուշացնեն Իսրայէլը

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս յայտնած է. «Պայտընի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միջեւ զրոյցը անկեղծ էր»: Այս մասին հաղորդեց «Աքսիոս» կայքը: «Պայտըն յստակ դարձուց, որ Ուաշինկթըն ինքնապաշտպանութեան մէջ առանձին պիտի չձգէ Իսրայէլը, սակայն, եթէ իր ընթացքը չփոխէ, մենք պիտի փոխենք մեր ընթացքը», աւելցուցած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը: Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 4 ապրիլին հեռաձայնային...

Նեթանիահու. «Պիտի Գիտնանք Ինչպէ՛ս Մենք Մեզ Պաշտպանել, Եւ Մեզ Ցաւցնողին Կամ Ցաւցնել Ծրագրողին Պիտի Ցաւցնենք»

Նեթանիահու. «Պիտի Գիտնանք Ինչպէ՛ս Մենք Մեզ Պաշտպանել, Եւ Մեզ Ցաւցնողին Կամ Ցաւցնել Ծրագրողին Պիտի Ցաւցնենք»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ Իրան տարիներէ ի վեր կը գործէ Իսրայէլի դէմ, ուստի Իսրայէլ պաշտպանողական ու յարձակողական գետնի վրայ Իրանի դէմ կը գործէ: Նեթանիահու Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդի նիստի սկիզբը յայտնեց. «Իրան տարիներէ ի վեր ուղղակի կերպով կամ իր կամակատարներուն ճամբով մեր դէմ կը գործէ, ուստի Իսրայէլ պաշտպանողական ու յարձակողական գետնի վրայ կը գործէ Իրանի եւ անոր կամակատարներուն դէմ»:...

4,8 Ռիխթըր Ուժգնութեամբ Երկրաշարժ` Նիւ Եորքի Մէջ

4,8 Ռիխթըր Ուժգնութեամբ Երկրաշարժ` Նիւ Եորքի Մէջ

Ամերիկեան իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ 4,8 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ուրբաթ առաւօտեան ցնցած է Նիւ Եորք քաղաքին գերբնակուած շրջաններէն մէկը, իսկ Մանհաթընի բոլոր շէնքերը ցնցուած են: Ամերիկեան երկրաբանական ուսումնասիրութիւններու խորհուրդը յայտարարեց, որ երկրաշարժին կեդրոնը Նիւ Ճըրզի նահանգի Լիբանան շրջանին մօտ էր:

Ուաշինկթըն. «Պաղեստինեան Պետութիւնը Պէտք Է Ուղղակի Բանակցութիւններու Ճամբով Ծնի Եւ Ոչ Թէ ՄԱԿ-ի Ծիրին Մէջ»

Ուաշինկթըն. «Պաղեստինեան Պետութիւնը Պէտք Է Ուղղակի Բանակցութիւններու Ճամբով Ծնի Եւ Ոչ Թէ ՄԱԿ-ի Ծիրին Մէջ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պաղեստինեան պետութիւնը պէտք է ուղղակի բանակցութիւններու ճամբով ծնի եւ ոչ թէ ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանելով պաղեստինցիներուն երեքշաբթի օր ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամակցութիւն ստանալու իրենց դիմումը վերանորոգելուն մասին հարցումի մը, յայտնեց. «Ասիկա հարց մըն է, որ պէտք է երկու կողմերուն միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու...

Ուքրանիոյ Հարցով Շոյկու-Լըքոռնիւ Երկխօսութեան Պատրաստակամութի՞ւն. Մոսկուա Կը Հաստատէ, Փարիզ Կը Հերքէ

Ուքրանիոյ Հարցով Շոյկու-Լըքոռնիւ Երկխօսութեան Պատրաստակամութի՞ւն. Մոսկուա Կը Հաստատէ, Փարիզ Կը Հերքէ

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու եւ անոր ֆրանսացի պաշտօնակից Սեպասթիան Լըքոռնիւ չորեքշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են Ուքրանիոյ տագնապին վերաբերեալ բանակցութիւններու կարելիութիւնը: «Ուքրանիոյ շուրջ երկխօսութիւն կատարելու պատրաստակամութիւնը նշուեցաւ: Եւ մեկնակէտը կրնայ հիմնուիլ Պոլսոյ խաղաղութեան նախաձեռնութեան վրայ», նշեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ զրոյցի ընթացքին Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նախարարը խստօրէն դատապարտած...

Էրտողան. «Թուրքիան Մտադիր Է Թէ՛ Իր Տարածքին Մէջ, Թէ՛ Ալ Յարակից Շրջանին Մէջ Ամբողջութեամբ Վերջ Դնել Ահաբեկչութեան»

Էրտողան. «Թուրքիան Մտադիր Է Թէ՛ Իր Տարածքին Մէջ, Թէ՛ Ալ Յարակից Շրջանին Մէջ Ամբողջութեամբ Վերջ Դնել Ահաբեկչութեան»

Թուրքիան մտադիր է թէ՛ իր տարածքին մէջ, թէ՛ ալ յարակից շրջանին մէջ ամբողջութեամբ վերջ դնել ահաբեկչութեան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: «Մենք վճռական ենք բոլորին ցոյց տալու, որ Թուրքիոյ եւ շրջանի ապագային մէջ ահաբեկչութեան համար տեղ չկայ: Վերջին ընտրութիւններէն ետք մեր վճռականութիւնը առաւել եւս ուժեղացած է: Բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւնները մեր...

Պլինքըն Եւ Մաքրոն Կազայի Պատերազմի Ընդլայնման Կանխարգիլման Եւ Լիբանանի Մէջ Մագլցումէ Խուսափելուն Կարեւորութիւնը Կը Շեշտեն

Պլինքըն Եւ Մաքրոն Կազայի Պատերազմի Ընդլայնման Կանխարգիլման Եւ Լիբանանի Մէջ Մագլցումէ Խուսափելուն Կարեւորութիւնը Կը Շեշտեն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ Փարիզ իր այցելութեան ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ քննարկած է դէպի Կազա օժանդակութիւններու յաւելման կարիքը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց. «Պլինքըն եւ Մաքրոն իրենց հանդիպումի ընթացքին վերահաստատեցին Կազայի տագնապի ընդլայնումի արգիլման եւ Լիբանանի մէջ որեւէ մագլցումէ խուսափելու կարեւորութիւնը»: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, մեկնաբանելով Կազայի մէջ «Միջազգային կեդրոնական խոհանոց»...

Page 160 of 882 1 … 159 160 161 … 882

Արխիւներ