Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն. «Կը Շարունակենք Դաշնակիցներու Հետ Իսրայէլի Վրայ Իրանեան Յարձակումին Դիւանագիտութեան Ճամբով Հակադարձելու Շուրջ Աշխատանքը»

Ապրիլ 19, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կը շարունակէ դաշնակիցներու եւ գործընկերներու հետ աշխատանքը «Իսրայէլի վրայ իրանեան անպատասխանատու յարձակումին դիւանագիտութեան ճամբով» հակադարձելու համար:

Նախարարութիւնը նշեց, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ «իսրայէլացիներուն հետ խօսիլ մագլցումը զսպելու եւ դէպի Իրանի հետ ուղղակի տագնապ սայթաքումը կանխարգիլելու համար»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած է. «Իրանի մէջ իսրայէլեան փոքր հարուած մը հաւանական է, որ իրանեան հակազդեցութեան յանգեցնէ»:

Կայքը նշեց, որ Ուաշինկթըն կը յուսայ, որ իսրայէլեան որեւէ հարուածի Իրանի հակադարձութիւնը իր առաջին յարձակումէն փոքր ըլլայ եւ փոխադարձ յարձակումներու դադրեցման յանգեցնէ:

Իսրայէլացի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են. «Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ, նախարարներու պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամներ Պենի Կանց եւ Այզընքոթ, ինչպէս նաեւ բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի Իրանին հակադարձելու ճնշում կը բանեցնեն»:

Իսրայէլեան եւ ամերիկեան աղբիւրներ կայքին յայտնած են. «Իսրայէլ երկուշաբթի երեկոյեան Իրանը հարուածելը քննարկեց, սակայն վերջաւորութեան որոշեց զայն յետաձգել»:

«Իսրայէլ երկուշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին յայտնեց, որ որոշած է Իրանը հարուածելէ առաջ սպասել», նշած են վերոնշեալ աղբիւրները:

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Իսրայէլ այս շաբաթ առնուազն երկու անգամ պատրաստուած է Իրանը հարուածել, սակայն ետդարձ կատարած է:

Աղբիւրները նշեցին, որ Իսրայէլի նախարարներու պատերազմական սեղմ խորհուրդը քննարկած է Իրանին հակադարձելու շարք մը ընտրանքներ, որոնց շարքին շրջանին մէջ Իրանի կամակատարներու վրայ յարձակումը` առանց թիրախաւորելու իրանեան հողերը: Պատկերասփիւռի կայանը նաեւ նշեց, որ այդ ընտրանքներուն շարքին էին Իրանի դէմ համացանցային յարձակում գործելը: Նշենք, որ հրէական զատիկը կը սկսի 22 ապրիլի երեկոյեան եւ կ՛աւարտի 30 ապրիլին:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը անհաւանական նկատեց, որ Իսրայէլ հրէական զատկուան տօնէն առաջ Իրանին հակադարձէ, սակայն նշեց, որ ատիկա կրնայ փոխուիլ:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին մասնակցելու համար Նիւ Եորք գտնուող Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան յայտնեց, որ Իսրայէլը պատժելու որոշում տալէ ետք «Ամերիկան տեղեակ պահեցինք, որ պէտք է միջազգային օրէնքի եւ օրինական ինքնապաշտպանութեան ծիրին մէջ հակադարձել իսրայէլեան գոյացութեան», «եւ գործողութենէն ետք Զուիցերիոյ ճամբով անոր փոխանցեցինք այլ նամակ մը, որուն մէջ ըսինք, որ շրջանին մէջ լարուածութեան մագլցումի չենք ձգտիր»:

«Անկեղծ խոստում» գործողութենէն առաջ ամերիկեան կողմին յստակօրէն ըսինք, որ շրջանին մէջ ամերիկեան ռազմակայաններն ու շահերը պիտի չթիրախաւորենք, բացի եթէ սիոնական գոյացութեան մեր հակադարձութեան ընթացքին ուզէ անոր պատերազմական աջակցութիւն տրամադրել», ըսաւ Ապտոլլահեան:

«Այդ նամակներուն մէջ Միացեալ Նահանգներուն անկեղծօրէն եւ յստակօրէն ըսինք, որ շրջանի մէջ լարուածութեան մագլցման չենք ձգտիր, եւ այն, ինչ ո՛ր կրնայ լարուածութեան մագլցման յանգեցնել, սիոնական գոյացութեան վարմունքն է», յայտնեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

«Եօթներու խմբակ»-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ իրենք կը խոստանան «սերտ համակարգում կատարել Իրանի զէնքեր ձեռքբերելու, զանոնք արտադրելու կամ տեղափոխելու կարողութիւնը սահմանափակելու համար»:

Իրանի նախագահի գրասենեակէն աղբիւր մը քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 16 ապրիլին իր իրանցի պաշտօնակից Իպրահիմ Ռայիսիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Թեհրանի եւ Թել Աւիւի միջեւ կացութեան հանդարտեցման եւ շրջանին մէջ մագլցումը կանխարգիլելու համար Ռուսիոյ միջնորդութիւնը առաջարկած է:

Աղբիւրը նշած է, որ Ռայիսի յայտնած է, թէ իր երկիրը չ՛ընդդիմանար այդ միջնորդութեան:

 

Նախորդը

Քաթար Վերատեսութեան Կ՛ենթարկէ Իսրայէլի Եւ Համասի Միջեւ Միջնորդի Իր Դերը, «Որովհետեւ Իր Դերը Չարաշահուեցաւ»

Յաջորդը

Լիբանանի Քաղաքական Հրատապ Հարցերը Առանցքային Նիւթ` Պատկան Կողմերու Խորհրդակցութեանց Ընթացքին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?