Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազայի Պատերազմը Կը Պառակտէ Իսրայէլի Ղեկավարութիւնը

Ապրիլ 17, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ Կազայի դէմ Իսրայէլի պատերազմը մուտք կը գործէ իր 7-րդ ամիսը, իսրայէլեան հասարակութիւնը մեծապէս պառակտուած է «յաղթանակի իրագործման» նկատմամբ: Նոյն կացութեան մէջ են Իսրայէլի նախարարներու պատերազմական սեղմ խորհուրդի երեք աւագ անդամները` Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն, պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթն ու բանակի նախկին հրամանատար Պենի Կանցը, որոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները վերջերս մեծապէս աճեցան եւ դարձան հրապարակային: Այս մասին կը գրէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»:

Օրաթերթը, յղում կատարելով իսրայէլեան աղբիւրներու, հաղորդեց, որ անոնք իրարու նկատմամբ վստահութիւն չունին, եւ անոնց յարաբերութիւնները ոխերով ու տարակարծութիւններով լեցուած են, ինչ որ կ՛ազդէ պատերազմի գլխաւոր հարցերուն վրայ: Կը նախատեսուի, որ իշխանութեան շուրջ տարակարծութիւնը ազդէ իրանեան յարձակումին հակադարձելու եւ «Կազայի մէջ գտնուող գերիները ազատագրելու համար վճռորոշ զինուորական արշաւ շղթայազերծելու, ինչպէս նաեւ պատերազմէն ետք Կազային իշխելու կերպին վերաբերող» իսրայէլեան որոշումին վրայ: Իսրայէլեան աղբիւրները կը նշեն, որ երեք անձնաւորութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու բնոյթը «կացութեան սխալ արժեւորման» վտանգը կը բարձրացնէ:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի կարծիքով` Իսրայէլի մէջ իշխանութեան շուրջ պայքարը կրնայ ազդել այն հարցին վրայ, թէ Կազայի մէջ պատերազմը Իրանի հետ շրջանային պատերազմի պիտի վերածուի՞, ինչ որ Միջին Արեւելքի մէջ աշխարհաքաղաքական համակարգը պիտի փոխէ եւ տասնամեակներու համար ճշդէ Իսրայէլի` Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու ձեւը:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան կառավարութենէն պաշտօնատարներ յայտնած են, որ պաղեստինեան Համաս շարժումը միջնորդներուն Կազայի մէջ կացութեան հանդարտեցման համար ներկայացուցած առաջարկին իր պատասխանին մէջ պահանջած է նուազ քան 20 իսրայէլացի գերիներու ազատ արձակման դիմաց 6 շաբաթ տեւողութեամբ զինադադար հաստատել:

 

 

Նախորդը

Զելենսքի. «Իսրայէլը Յարձակումէն Պաշտպանած Դաշնակիցները, Նոյնը Կրնան Ընել Ուքրանիոյ Համար»

Յաջորդը

Ռայիսի. «Մենք Ահաւոր, Լայնածաւալ Եւ Ցաւցնող Կերպով Պիտի Հակադարձենք Իրանեան Շահերը Թիրախաւորող Որեւէ Արարքի Եւ Զայն Բոլոր Գործողներուն»

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?