Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկայացուցիչներու Տունը Որդեգրեց Իսրայէլի Եւ Ուքրանիոյ Աջակցութեան Տրամադրման Օրինագիծերը

April 22, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը շաբաթ օր ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրեց Իսրայէլի, Ուքրանիոյ եւ Թայուանի աջակցութեան տրամադրման օրինագիծերը:

Ներկայացուցիչներու տունը 366 թեր եւ 58 դէմ քուէներով որդեգրեց Իսրայէլին 26,4 միլիառ տոլար օժանդակութիւններու տրամադրման օրինագիծը, 311 թեր եւ 112 դէմ քուէներով Ուքրանիոյ 60,8 միլիառ տոլար օժանդակութիւններու տրամադրման, իսկ 385 թեր քուէներով Թայուանի աջակցութեան ու Հնդկաց-խաղաղովկիանոսեան շրջանին մէջ ամերիկեան ներկայութեան ամրապնդման համար 8,12 միլիառ տոլար օժանդակութիւններու տրամադրման օրինագիծերը:

Պաղեստինեան Իշխանութեան Արձագանգը

Պաղեստինեան իշխանութեան բանբեր Նեպիլ Ապու Ռուտէյնա յայտնեց. «Ամերիկեան աջակցութիւնը վտանգաւոր մագլցում է, յարձակում պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ, եւ կանաչ լոյս Իսրայէլին ընդլայնելու պատերազմը` ներառելու համար ամբողջ շրջանի երկիրները»:

«Պաղեստինի կայունութիւնը շրջանին մէջ եւ աշխարհի վրայ խաղաղութեան յանգեցնող միակ ուղին է», շեշտեց ան:

Ապու Ռուտէյնա ըսաւ, որ Իսրայէլի օժանդակութեան տրամադրման որդեգրումը կասկածի տակ կ՛առնէ Միացեալ Նահանգներու Միջին Արեւելքի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հասնելու նպատակի հաւաստիութիւնը, որովհետեւ այս որոշումով կ՛որդեգրէ որոշում մը` աջակցելու Իսրայէլի ծայրայեղ աջակողմեան կառավարութեան, որ «197-րդ իրերայաջորդ օրն ըլլալով կը շարունակէ Կազայի մէջ մեր ժողովուրդի զաւակներուն դէմ իր ոճիրները` ոտնահարելով միջազգային օրինականութեան բոլոր որոշումները»:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս մէկ օր առաջ յայտարարեց, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ Միացեալ Նահանգներու հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները` Պաղեստինի ՄԱԿ-ի անդամակցութեան դիմումը վեթոյի ենթարկելուն համար:

Ուքրանիոյ Եւ Եւրոպացի Դաշնակիցներու Արձագանգը

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու այդ քայլը «հազարաւոր կեանքեր պիտի փրկէ»: «Յոյսով ենք` Ծերակոյտը պիտի աջակցի օրինագիծին, եւ անիկա հաստատման համար պիտի ուղարկուի նախագահ Պայտընին: Շնորհակալութի՛ւն Ամերիկա»:

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպա 20 ապրիլը կոչեց «Փութինի համար վատ օր»:

Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսք յայտարարեց. «Լաւ է ուշ, քան` չափազանց ուշ»:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել ընդգծեց. «Քուէարկութիւնը Միացեալ Նահանգներու յստակ ուղերձը կը յղէ Քրեմլինին. անոնք, որոնք կը հաւատան ազատութեան եւ ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան, պիտի շարունակեն սատարել Ուքրանիոյ եւ անոր ժողովուրդին»:

Ռուսիոյ Արձագանգը

Քրեմլին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու քայլը «ուքրանացիներու նոր կեանքեր պիտի արժէ` Քիեւի վարչակարգին պատճառով»: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Ուքրանիոյ օգնութիւն տրամադրելու որոշումը սպասելի եւ կանխատեսելի էր: Ատիկա առաւել եւս պիտի հարստացնէ Միացեալ Նահանգները եւ աւելի պիտի քայքայէ Ուքրանիան` պատճառ դառնալով Քիեւի վարչակարգին մեղքով աւելի շատ ուքրանացիներու մահուան»:

Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է պատասխան տան Ռուսիոյ սառեցուած հաշիւներուն բռնագրաւման համար:

 

 

Նախորդը

Հանիէ. «Զինուորական Գործողութիւններէն Ետք Պաղեստինցիները Պիտի Կառավարեն Կազան»

Յաջորդը

«Հրէշը Լուսնի Վրայ» Թատերախաղի Զոյգ Ներկայացումներ Լիբանանի Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.