Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ռուսական ուժերը արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ դէպի Չասիվ Եար քաղաք յառաջանալով իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Պախմութի արեւմուտքը գտնուող Պոհտանիվքա բնակեցման վայրը եւ բարելաւած առաջնագիծին վրայ տիրող կացութիւնը:
Նշեալ գիւղը մեծապէս ամրացուած բլուրի վրայ գտնուող, ուքրանական բանակի հրետանիի առաջնագիծի ռազմակայան եղող եւ շրջանի կարգ մը մեծագոյն քաղաքներուն, ներառեալ Քրամաթորսքը եւ Սլավիանսքը, պաշտպանութիւնը ապահովող Չասիվ Եար քաղաքէն շուրջ 5 քիլոմեթր արեւելք կը գտնուի:
Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Երմաք «Սի.Էն.Էն.»-ին եւ «Ֆարիտ Զաքարիա Ճի.Փի.Էս.»-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Ուքրանիոյ 61 միլիառ տոլարի օգնութեան թղթածրարի հաստատումը «կը մեծցնէ պատերազմին մէջ յաղթելու Ուքրանիոյ առիթները»:
«Ասիկա շատ կարեւոր որոշում է: Անկասկած, ատոր որդեգրումը կը մեծցնէ ներխուժողին յաղթելու մեր կարելիութիւնները, յատկապէս հիմա, երբ կը տեսնենք, որ Ռուսիան կը պատրաստուի նոր յարձակումի», ըսած է Երմաք:
Անոր համաձայն, Ուքրանիոյ, մասնաւորապէս, անհրաժեշտ են 155 միլլիմեթր տրամաչափի զինամթերք, ԷԹԱՔՄՍ հրթիռներ, անօդաչու թռչող սարքեր, «ԷՖ-16» հալածիչներ, «Փաթրիոթ» լրացուցիչ համակարգեր եւ անոնց համար նախատեսուած հրթիռներ:
«Առանց ասոնց մենք չենք կրնար պաշտպանել մեր քաղաքացիներն ու մարդիկը: Մեզի շտապ անհրաժեշտ են մատակարարումներ, որովհետեւ անոնց գինը ուքրանացիներու կեանքն է», ընդգծած է Երմաք:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի իր կարգին «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մենք (յարձակումի մը) կը պատրաստուինք»` զգուշացնելով, որ Ռուսիան մտադիր է մինչեւ 9 մայիս` Համաշխարհային Բ. պատերազմին մէջ յաղթանակի տօնը, Չասիվ Եարը գրաւել: