Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանիէ. «Զինուորական Գործողութիւններէն Ետք Պաղեստինցիները Պիտի Կառավարեն Կազան»

April 22, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէ Թուրքիա իր այցելութեան ծիրին մէջ «Անատոլու»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին զգուշացուց իսրայէլեան բանակին կողմէ Ռաֆահ ներխուժումէն` նշելով միեւնոյն ժամանակ, որ պաղեստինեան դիմադրութիւնը անոր պատրաստ է:

«Երբ Ուաշինկթըն Ապահովութեան խորհուրդին մէջ զինադադարի որոշումին դէմ վեթօ կը կիրարկէ, ի՞նչ կը նշանակէ այդ, կը նշանակէ, թէ Միացեալ Նահանգներ ամբողջական ծածկոյթ կը շնորհէ Կազայի մէջ սպանութեան եւ ջարդի շարունակման, եւ երբ, երէկ, Ուաշինկթըն վեթոյի կ՛ենթարկէ Պաղեստինի պետութիւնը ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամ նկատելու որոշումը, անիկա կը նշանակէ, թէ կ՛որդեգրէ իսրայէլեան դիրքորոշումը, եւ ան է, որ պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներուն տիրացումը կը խոչընդոտէ», ըսաւ Հանիէ` աւելցնելով. «Ուստի պիտի չիյնանք այս թակարդին մէջ… այսպէս կոչուած ամերիկացիներուն եւ իսրայէլացիներուն միջեւ դերերու բաժանման թակարդը, եւ մենք կը զգուշացնենք Ռաֆահ մուտք գործելէ, որովհետեւ ատիկա մեր պաղեստինցի ժողովուրդին մէջ կրնայ մեծ ջարդ պատճառել»:

Ան Եգիպտոսին, Թուրքիոյ, Քաթարին, եւրոպական երկիրներուն եւ մնացեալ առնչակից բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղեց` կանխարգիլելու Ռաֆահի վրայ իսրայէլեան յարձակումը:

Խօսելով յետպատերազմեան կացութեան մասին` Հանիէ ըսաւ. «Կ՛ողջունենք արաբական կամ իսլամական որեւէ ուժ, եթէ անոր առաքելութիւնը պաղեստինցի ժողովուրդին աջակցիլ է եւ անոր բռնագրաւումէն ազատագրուելուն օգնելը: Իսկ եթէ արաբական կամ միջազգային ուժ մը կու գայ բռնագրաւումին պաշտպանութիւն ապահովելու, ապա հաստատօրէն մերժուած է»:

Ան յայտարարեց, որ զինուորական գործողութիւններու դադրելէն ետք Կազան պիտի կառավարուի պաղեստինցիներուն կողմէ: «Համաս չի պնդեր, որ Կազայի միակ կառավարող մարմինը ըլլայ, սակայն մենք Պաղեստինի ժողովուրդին մէկ մասն ենք եւ կրնանք գործընկերութեան հիմքով ազգային միասնութեան կառավարութիւն ստեղծել եւ համաձայնիլ Կազայի կառավարման շուրջ: Ասոնք ազգային խնդիրներ են: Մենք պիտի չարտօնենք, որ Պաղեստինի, Կազայի, Այսրյորդանանի կամ երկու տարածքներուն մէջ կացութիւնը կառավարուի բռնագրաւողներու կամ ոեւէ մէկու կողմէ», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Հանիէ շաբաթ օր դռնփակ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Ըստ Թուրքիոյ նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութեան, Էրտողան շեշտած է պաղեստինեան միասնականութեան կարեւորութիւնը` նշելով, որ Իսրայէլին ամէնէն հզօր հակադարձութիւնն ու դէպի յաղթանակ տանող ուղին միասնականութիւն ու պարկեշտութիւն կը պահանջեն:

Էրտողան ըսած է, որ Իսրայէլ օր մը ի վերջոյ պիտի վճարէ պաղեստինցիներուն նկատմամբ իր անիրաւութեան գինը` շեշտելով, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը հրաւիրել այդ անիրաւութեան վրայ:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց քննադատեց Էրտողանը` Համասի ղեկավարը Պոլիս բանակցութիւններու հրաւիրելուն համար:

«Իսլամ եղբայրներու դաշինք. բռնաբարութիւններ, սպանութիւններ, դիակներու պղծում եւ մանուկներու հրկիզում», «Էքս»-ի վրայ գրեց Քաց` աւելցնելով Էրտողանի եւ Հանիէի ձեռքսեղմումի լուսանկարը: «Ինչպէ՞ս չես ամչնար, Էրտողա՛ն», եզրափակեց ան:

Նախորդը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Շահեցաւ Լեռնալիբանանի Գերբաժակը

Յաջորդը

Ներկայացուցիչներու Տունը Որդեգրեց Իսրայէլի Եւ Ուքրանիոյ Աջակցութեան Տրամադրման Օրինագիծերը

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Մէջ Խաղաղութեան  Խորհուրդի Ստեղծումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Մէջ Խաղաղութեան Խորհուրդի Ստեղծումը Յայտարարեց

January 17, 2026
Սպիտակ Տուն. «Կրինլանտի Մէջ Եւրոպական  Ուժերու Ներկայութիւնը Թրամփի  Դիրքորոշումը Պիտի Չփոխէ»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Կրինլանտի Մէջ Եւրոպական Ուժերու Ներկայութիւնը Թրամփի Դիրքորոշումը Պիտի Չփոխէ»

January 17, 2026
Դեկտեմբեր 2023-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով.  Փութին – Նեթանիահու Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն
Միջազգային

Փութին – Նեթանիահու Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

January 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.