Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել Հարաւային Կովկասի հարցերով յատուկ բանագնաց Թոյվօ Քլաարի թեկնածութիւնը առաջադրած է Ուզպեքիստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանի պաշտօնին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ գերատեսչութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Կը հաղորդուի, որ Քլաարի թեկնածութիւնը պիտի հաստատուի Ուզպեքիստանի կառավարութեան պաշտօնական համաձայնութենէն ետք:
Էսթոնացի դիւանագէտ Քլաար Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ նշանակուած է 2017 թուականին` այդ պաշտօնին փոխարինելով Հերպերթ Զալպերը:


