Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթար Վերատեսութեան Կ՛ենթարկէ Իսրայէլի Եւ Համասի Միջեւ Միջնորդի Իր Դերը, «Որովհետեւ Իր Դերը Չարաշահուեցաւ»

April 19, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի յայտարարեց, որ Քաթար վերատեսութեան կ՛ենթարկէ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ Իսրայէլի ու Համասի միջեւ գերիներու փոխանակման համար իր միջնորդի դերը, որովհետեւ իր դերը կարգ մը քաղաքագէտներու կողմէ չարաշահուեցաւ:

Քաթարի վարչապետը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ Տոհայի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց, որ իր երկիրը «միջնորդութեան եւ կողմերու անոր մասնակցութեան կերպին շուրջ գնահատում կը կատարէ»:

Ան յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ խորհրդակցած է շրջանին մէջ մագլցումին շուրջ, «եւ յայտնեցինք, որ պէտք է երկխօսութիւն կատարել, եւ մենք Թուրքիոյ հետ համակարգում կը կատարենք ու կը գնահատենք պաղեստինցիներուն աջակցելու վերաբերեալ անոր կեցուածքները»:

Ֆիտան իր կարգին յայտնեց. «Թուրքիան չ՛ուզեր, որ երրորդ երկիրները իրենց տագնապը մտցնեն շրջան»:

«Զոհը ոչ թէ Իսրայէլն է, ոչ թէ Իրանը, այլ` Կազայի բնակիչներն են», նշեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Անոր համաձայն, յստակ է, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կը փորձէր շրջանը ներքաշել պատերազմի մէջ` իշխանութեան ղեկին մնալու համար:

Չինաստան Իսրայէլին կոչ ուղղեց` «գործադրելու Կազայի մէջ զինադադարի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը եւ հրաժարելու Ռաֆահի մէջ զինուորական գործողութիւն կատարելու ծրագիրներէն»:

ՄԱԿ-ի մօտ Չինաստանի դեսպանի տեղակալ Քինկ Շուանկ Ապահովութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլին կոչ կ՛ուղղենք` գործադրելու որոշումը, դադրեցնելու իր յարձակումները, հրաժարելու Ռաֆահի վրայ յարձակումի ծրագիրներէն, վերցնելու Կազայի շրջափակումը եւ բանալու բոլոր սահմանային անցակէտերը»:

«Իսրայէլ պէտք է դադրի մարդասիրական գործակալութիւններու աշխատանքները խոչընդոտելէ», աւելցուց ան:

Յիշեցնենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը 25 մարտին որդեգրած էր թիւ 2728 որոշումը, որ կը պահանջէ ռամատան ամսուան ընթացքին Կազայի մէջ անմիջապէս զինադադար հաստատել: Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամներէն 14-ը թեր քուէարկած էին որոշումին, իսկ Միացեալ Նահանգներ ձեռնպահ մնացած էին` չօգտագործելով նախապէս նման պարագաներու իր օգտագործած վեթոյի իրաւունքը:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը Ռաֆահի մէջ իր զինուորական գործողութեան սկսելու համար կանաչ լոյսի կը սպասէ: «Արապիա» իր կարգին հաղորդեց, որ Ռաֆահ քաղաքի մերձակայքին մօտ իսրայէլեան զրահապատ մեքենաներու մեծ շարժումներ կան: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը եւս հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդային յարձակում մը երէկ թիրախ դարձուցած է Ռաֆահ քաղաքի հարաւը գտնուող սահմանամերձ շրջանը:

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Միջմասնաճիւղային Վարչական Ժողով

Յաջորդը

Ուաշինկթըն. «Կը Շարունակենք Դաշնակիցներու Հետ Իսրայէլի Վրայ Իրանեան Յարձակումին Դիւանագիտութեան Ճամբով Հակադարձելու Շուրջ Աշխատանքը»

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.