Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսֆահանի Մէջ Պայթումի Ձայներէ Ետք. Իրան Կը Հերքէ Իր Վրայ Արտաքին Յարձակումի Արձանագրուիլը, Իսրայէլ Կը Մերժէ Մեկնաբանել

Ապրիլ 20, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանեան պետական լրատուամիջոցներ երէկ առաւօտեան հաղորդեցին, որ Իսֆահան քաղաքի կեդրոնին մէջ պայթումի ձայներ լսուած են: Իրան յայտնեց, որ հրթիռային յարձակում տեղի չէ ունեցած, եւ զգայուն կառոյցներ չեն վնասուած, իսկ ամերիկեան լրատուամիջոցներ` մէջբերելով պաշտօնատարներ, հաղորդեցին, որ Իսրայէլ հակադարձած է անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած իրանեան յարձակումին:

ԻՐՆԱ հաղորդեց, որ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը գործի լծուած են եւ օդուժի Շիքարի ռազմակայանին մօտ վնասազերծած են երեք փոքր անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք հեռահաս չեն:

Լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ յարձակումը որեւէ վնաս կամ մեծ պայթումներ չէ պատճառած: Իրանի պետական պատկերասփիւռը իր կարգին հաղորդեց, որ Իսֆահան քաղաքին մէջ գտնուող հիւլէական կայանները չեն վնասուած կամ թիրախաւորուած, իսկ անօդաչու թռչող սարքերը հակաօդային համակարգերով վար չեն առնուած, այլ հակաօդային զէնքերով:

Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Թաւրիզ քաղաքին մէջ պայթումներ չեն եղած, եւ լսուած ձայները պաշտպանական միջոցներու կասկածելի մարմիններու դիմակայման հետեւանք են` շեշտելով, որ երկրին սահմանին վրայ որեւէ ապահովական ոտնձգութիւն չկայ:

Իրանի Անջրպետի գործակալութեան բանբեր Հիւսէյն Տալիրեան յայտնեց, որ հրթիռային յարձակում տեղի չէ ունեցած, իսկ սակաւաթիւ անօդաչու թռչող սարքերը յաջողութեամբ վնասազերծուած են:

Իրանցի վերլուծաբան մը Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Իսֆահանի մէջ վար առնուած թռչող սարքերը արձակուած են «Իրան ներթափանցած անձերու կողմէ»:

Իրան Իսրայէլը ուղղակի կերպով չամբաստանեց` նշելով, որ տեղի ունեցածը ապահովական դէպք էր եւ ոչ թէ արտաքին յարձակումի հետեւանք: Իրանցի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց. «Անմիջական վրէժխնդրական արարքի ծրագիրներ գոյութիւն չունին, եւ յստակ չէ, թէ ո՛վ կը կանգնի միջադէպին ետին»:

Իրանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ապտելռահիմ Մուսաւի յայտնեց. «Առնչակից փորձագէտները դէպքի մանրամասնութիւններուն շուրջ հետաքննութիւն կը կատարեն եւ արդիւնքը ստանալէ ետք պիտի տեղեկացնեն»:

Իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ ներկայ փուլին Իրանի մէջ եւ Սուրիոյ Սուէյտա շրջանին դէմ յարձակումներու տեղեկութիւններուն մասին որեւէ մեկնաբանութիւն չկայ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աշխարհի տարածքին իր դեսպաններէն պահանջած է Իրանի մէջ յարձակումներուն մասին որեւէ յայտարարութիւն չկատարել` աւելցնելով, որ Իրանի մէջ յարձակումի թիրախը Իսֆահանի մէջ զինուորական օդակայանն է: Պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլ նախապէս Ուաշինկթընը տեղեակ պահած է, որ Իրանը պիտի հարուածէ, սակայն յստակ ժամկէտ չէ ճշդած:

«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ Իսրայէլ հինգշաբթի օր Միացեալ Նահանգները տեղեակ պահած է, որ մտադիր է 1-2 օրէն հակադարձել իրանեան յարձակումին:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն տեղեակ է Իսրայէլի կողմէ Իրանի մէջ հարուածի մասին տեղեկութիւններէն:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ»-ին յայտնած է. «Իսրայէլեան հրթիռներ Իրանի մէջ դիրք մը հարուածեցին»:

Ամերիկեան զինուորական աղբիւր մը «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնեց. «Իրանի դէմ իսրայէլեան հրթիռային յարձակումներուն տարողութիւնը սահմանափակ էր»:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնեց, որ Իսրայէլ Իրանի մէջ օդային յարձակում գործած է` անոր յարձակումին հակադարձելով հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով: Ան ըսաւ, որ յարձակումին նպատակը Թեհրանին ցոյց տալն է, որ «Իրանի խորքը հարուածելու կարողութիւնը ունինք»:

Ըստ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ին, Իսֆահանի վրայ իսրայէլեան յարձակումը գործած են հեռահար հրթիռներով զինուած օդանաւեր: Իսրայէլեան աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է. «Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին պատկանող օդուժի ռազմակայանին մէջ 9 թիրախներ յարձակումի ենթարկեցինք»:

Իսրայէլացի ապահովական երկու պաշտօնատարներ իրենց կարգին «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնեցին, որ Իսրայէլ կը կանգնի երէկ արշալոյսին Իրանի վրայ կատարուած յարձակումին ետին:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց. «Մտահոգ ենք Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ շարունակուող փոխադարձ յարձակումներու վտանգէն»:

Շրջանային հետախուզական աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց. «Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ ուղղակի փոխադարձ հարուածները աւարտեցան»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց. «Ուաշինկթըն յանձնառու է Իսրայէլի անվտանգութեան եւ շրջանին մէջ յաւելեալ մագլցումը կանխարգիլելուն»:

«Իրանի դէմ որեւէ յարձակողական արարքի չմասնակցեցանք», նշեց Պլինքըն:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Միջին Արեւելքի մէջ կողմերուն» կոչ ուղղեց` «Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու»: Ճափոն իր կարգին յայտարարեց. «Բուռն կերպով կը դատապարտենք որեւէ արարք, որ Միջին Արեւելքի մէջ մագլցումի կը յանգեցնէ»:

Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունաք յայտնեց. «Միջին Արեւելքի մէջ մագլցումը ի շահ ոչ ոքի է»:

«Ռուսիան Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ ինքնազսպումի կոչ կ՛ուղղէ, եւ կը մերժէ որեւէ արարք, որ յաւելեալ մագլցումի կը յանգեցնէ», ըսաւ Քրեմլին:

Եւրոպական յանձնաժողովը յայտնեց. «Կարեւոր է, որ Միջին Արեւելքի մէջ բոլոր կողմերը մագլցումէն հրաժարին»: Օման դատապարտեց Իսֆահանի վրայ իսրայէլեան յարձակումը:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեծ մտահոգութիւն յայտնեց «Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ փոխադարձ մագլցումին նկատմամբ», եւ երկու կողմերուն կոչ ուղղեց` «առաւելագոյն զսպուածութիւն ցուցաբերելու, ամբողջովին յարգելու միջազգային օրէնքն ու ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը»` զգուշացնելով «շրջանին մէջ տագնապի եւ անկայունութեան ծիրի ընդլայնումէն, եւ շրջանի ժողովուրդներուն անվտանգութեան վրայ անոր վտանգաւոր հետեւանքներէն»:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ պիտի շարունակէ աշխուժացնել բոլոր առնչակից եւ ազդեցիկ կողմերուն հետ իր հաղորդակցութիւնները` «ներկայ լարուածութիւնն ու մագլցումը վերահսկողութեան տակ առնելու համար»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լին Ճիան յայտարարեց. «Չինաստան դէմ է բոլոր արարքներուն, որոնք լարուածութիւնը կը բարձրացնեն»: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին «բոլոր կողմերուն» կոչ ուղղեց` «զերծ մնալու քայլերէ, որոնք կրնան Միջին Արեւելքի մէջ տագնապը ընդլայնել»:

«Եօթներու խմբակ»-ի արտաքին գործոց նախարարները իրենց կարգին կողմերուն կոչ ուղղեցին` Միջին Արեւելքի մէջ մագլցումը դադրեցնելու:

Նախորդը

Ամերիկեան Վեթոն Տապալեց Պաղեստինին ՄԱԿ-ի Լիարժէք Անդամակցութիւն Տրամադրելու Նախագիծը

Յաջորդը

Շրջանի Զինուորական Եւ Դիւանագիտական Ընտրանքներուն Միջեւ Խարխափող Մթնոլորտին Մէջ. Լիբանանցի Վարիչներ Կը Փութան Ամբողջացնել Հրատապ Հարցերու Թղթածրարները

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?