Միջազգային

Պայտըն Իսրայէլի Զէնքերու Մատակարարման Համար Պայմաններ Կը Ճշդէ

Պայտըն Իսրայէլի Զէնքերու Մատակարարման Համար Պայմաններ Կը Ճշդէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն զգուշացուց, որ իր երկիրը Իսրայէլին որոշ տեսակի զէնքեր պիտի չմատակարարէ, եթէ Ռաֆահի վրայ յարձակում գործէ, եւ նշեց, թէ Ուաշինկթընի` Թել Աւիւին մատակարարած ռումբերը Կազայի մէջ քաղաքայիններու սպանութեան մէջ օգտագործուած են: Սպիտակ տան ղեկավարը «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, պատասխանելով անցեալ շաբաթ ամերիկեան վարչակազմին Իսրայէլի ռումբերու մատակարարումը առկախելու մղած պատճառներուն մասին հարցումի մը, ըսաւ. «Կազայի մէջ այս...

Քաթար Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Ուղղեց`  Ռաֆահ Ներխուժումն Ու Ցեղասպանութիւնը  Կանխարգիլելու

Քաթար Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Ուղղեց` Ռաֆահ Ներխուժումն Ու Ցեղասպանութիւնը Կանխարգիլելու

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` «Ռաֆահ քաղաք ներխուժումն ու ցեղասպանութեան ոճիրի գործադրումը կանխարգիլելու միջազգային քայլի դիմելու»: Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ Ռաֆահի ռմբակոծումը, այդտեղ ներխուժումն ու պաղեստինցիները տեղահանելու սպառնալիքը: Քաթար զգուշացուց, որ հարիւր հազարաւոր քաղաքայինները իրենց վերջին ապաստանարանէն բռնի տեղահանութեան ենթարկելը միջազգային օրէնքի վտանգաւոր խախտում է եւ կը բազմապատկէ Կազայի մէջ վատթարացող մարդասիրական տագնապը: Նախարարութիւնը...

Էրտողան. «Երբ Յարմար Ժամանակը Գայ, Պիտի Շարունակենք Սուրիոյ Մէջ Գործը»

Էրտողան. «Երբ Յարմար Ժամանակը Գայ, Պիտի Շարունակենք Սուրիոյ Մէջ Գործը»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Երբ ժամանակն ու ժամը գան պիտի շարունակենք Սուրիոյ մէջ մեր գործը, որ կիսատ մնաց մեր դաշնակիցներուն տուած եւ չյարգած խոստումներուն պատճառով»: «Այնքան ատեն որ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ՔԱԿ-ը իրեն համար շնչելու վայր կը գտնէ, բացարձակապէս չենք կրնայ ապահով զգալ», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով, որ հիւսիսային Իրաքի եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող «ահաբեկիչները պիտի շարունակեն...

Իսրայէլն Ու Ազրպէյճանը Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Կացութիւնը

Իսրայէլն Ու Ազրպէյճանը Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Կացութիւնը

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական տնօրէն Ալիզա պըն Նունը Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքովի հետ քննարկած է Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ կացութիւնը: Այս մասին «Էքս» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը: «Մենք բարեկամական հանդիպում ունեցանք Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ, դեսպան Էլչին Ամիրպեքովի հետ: Քննարկման ընթացքին արծարծուած են...

Ազրպէյճանն Ու Պուլկարիան Ռազմավարական Գործընկերութեան Ամրապնդման Հռչակագիր Ստորագրած Են

Ազրպէյճանն Ու Պուլկարիան Ռազմավարական Գործընկերութեան Ամրապնդման Հռչակագիր Ստորագրած Են

Ազրպէյճանն ու Պուլկարիան ռազմավարական գործընկերութեան ամրապնդման հռչակագիր ստորագրած են: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Փաստաթուղթը ստորագրած են Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու Պուլկարիոյ նախագահ Ռումեն Ռատեւը: Վերջինս երէկ հասած է Պաքու:

Զախարովա. «Եթէ Քիեւ Բրիտանական Զէնքով  Ռուսիան Հարուածէ, Մենք Պիտի Թիրախաւորենք  Բրիտանացիներու Կեդրոնները»

Զախարովա. «Եթէ Քիեւ Բրիտանական Զէնքով Ռուսիան Հարուածէ, Մենք Պիտի Թիրախաւորենք Բրիտանացիներու Կեդրոնները»

Եթէ իրագործուին Ռուսիոյ տարածքին մէջ բրիտանական զէնքով Քիեւի հարուածներու վերաբերեալ Լոնտոնի սպառնալիքները, ապա Ռուսիան թէ՛ Ուքրանիոյ մէջ, եւ թէ՛ Ուքրանիոյ սահմաններէն դուրս գտնուող բրիտանական թիրախներուն հարուածներ հասցնելու իրաւունք պիտի ստանայ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Եթէ նման բեմագրութիւն իրականացուի, մեր երկիրը` Ռուսիան ինքզինքին պիտի վերապահէ համապատասխան արձագանգ տալու...

Համաս Ընդունեց Առաջարկուած Գործարքը,  Իսրայէլ Գրաւեց Ռաֆահի Անցակէտի  Պաղեստինեան Կողմը

Համաս Ընդունեց Առաջարկուած Գործարքը, Իսրայէլ Գրաւեց Ռաֆահի Անցակէտի Պաղեստինեան Կողմը

Պաղեստինեան Համաս շարժումը երկուշաբթի օր ընդունեց գերիներու փոխանակման եւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման գործարքին շուրջ եգիպտական առաջարկը: Համասէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Շարժումը համաձայն գտնուեցաւ առաջարկի մը, որ կը բաւարարէ կարգ մը պահանջներ, ներառեալ զինադադարը, վերակառուցումը, գաղթականներու տունդարձն ու գերիներու փոխանակումը»: Կազայի մէջ Համասի ղեկավարի տեղակալ, Համասի պատուիրակութեան ղեկավար Խալիլ Հայէ յայտնեց. «Համաձայնութեան մէջ գաղթականներուն Կազայի բոլոր շրջաններ...

Պլինքըն Ճնշում Բանեցուց Համասի Վրայ, Մերժեց Ռաֆահ Ներխուժումը Եւ Կազայի Մերձակայք Այցելեց

Պլինքըն Ճնշում Բանեցուց Համասի Վրայ, Մերժեց Ռաֆահ Ներխուժումը Եւ Կազայի Մերձակայք Այցելեց

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Յորդանան եւ Սէուտական Արաբիա այցելելէ ետք երեքշաբթի օր մեկնեցաւ Իսրայէլ: Ասիկա 7 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր անոր շրջան կատարած 7-րդ այցելութիւնն էր: Պլինքըն չորեքշաբթի օր իսրայէլացի ղեկավարներուն յստակօրէն ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ դէմ են Ռաֆահ քաղաքին վրայ որեւէ լայնածաւալ յարձակումի` նշելով, որ Համասի հետ վարուելու «աւելի լաւ լուծումներ» առաջարկած է: Պլինքըն Իսրայէլի վարչապետ...

Ֆիտան. «Թուրքիան Որոշեց Միանալ Միջազգային Քրէական Դատարանին Մէջ Հարաւային Ափրիկէի` Իսրայէլի Դէմ Դատական Հայցին»

Ֆիտան. «Թուրքիան Որոշեց Միանալ Միջազգային Քրէական Դատարանին Մէջ Հարաւային Ափրիկէի` Իսրայէլի Դէմ Դատական Հայցին»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան 1 մայիսին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Թուրքիան որոշեց միանալ Միջազգային քրէական դատարանին մէջ Հարաւային Ափրիկէի` Իսրայէլի դէմ դատական հայցին», որ կը վերաբերի Կազայի մէջ Իսրայէլի կողմէ պաղեստինցիներու դէմ ցեղասպանութիւն գործադրելու մեղադրանքին: «Առաջին օրուընէ, երբ Հարաւային Ափրիկէն այս հայցը ներկայացուց, մենք պաշտպանեցինք այդ քայլը եւ կը հետեւինք իրադարձութիւններու զարգացման: Մենք նաեւ սկսած ենք աշխատիլ, որ...

Ալիեւ Ռուս Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներ Ընդունած Է

Ալիեւ Ռուս Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներ Ընդունած Է

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի փոխնախագահ Քոնսթանթին Քոսաչովն ու Տումայի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի նախագահ Լէոնիտ Քալաշնիքովը մեկնած են Պաքու: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում ունեցած է անոնց հետ:

Վրաստանի Մէջ Ցուցարարները Փորձած Են Կոտրել Խորհրդարանի Դարպասները

Վրաստանի Մէջ Ցուցարարները Փորձած Են Կոտրել Խորհրդարանի Դարպասները

Վրաստանի մէջ ցուցարարները փորձած են կոտրել խորհրդարանի ծառայողական մուտքի դարպասները, որմէ ետք ոստիկանութիւնը անոնց դէմ կիրարկած է ջրաշիթ մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիուզճորճիա» կայքը` յղում կատարելով Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան: Վրաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ այսպէս կոչուած «Օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրէնք»-ին դէմ բողոքի ցոյցի ութ մասնակից վիրաւորուած է եւ հիւանդանոցի մէջ դարմանուած: Վրաստանի...

Նեթանիահու. «Գերիներու Փոխանակման Գործարքի  Հասնելու Կարելիութիւնը Չնչին Է, Մեր Ուժերը Ռաֆահ  Մուտք Պիտի Գործեն, Եւ Կազայէն  Ամբողջապէս Հեռանալ Պիտի Չընդունինք»

Նեթանիահու. «Գերիներու Փոխանակման Գործարքի Հասնելու Կարելիութիւնը Չնչին Է, Մեր Ուժերը Ռաֆահ Մուտք Պիտի Գործեն, Եւ Կազայէն Ամբողջապէս Հեռանալ Պիտի Չընդունինք»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց. «Պատերազմի նպատակներուն մէջ փոփոխութիւն չկայ, եւ Ռաֆահի վերաբերեալ փոխզիջում պիտի չընդունինք»: «Սկսանք պաղեստինցիները Ռաֆահէն հեռացնել` առ ի պատրաստութիւն այդտեղ մօտալուտ գործողութեան», պնդեց Նեթանիահու` նշելով. «Գերիներու փոխանակման գործարքի ձեռքբերումի կարելութիւնը չնչին է, եւ Կազայէն ամբողջապէս հեռանալ պիտի չընդունինք»: «Զինադադար եւ գերիներու փոխանակման գործարք ըլլայ կամ ոչ, մեր ուժերը Ռաֆահ մուտք պիտի գործեն Համասը արմատախիլ ընելու համար»,...

Լա Հէյ. Փոխան 3-0-ի, 1-0 Յաղթանակ Հայաստանին

«Իսրայէլին Գերմանական Զէնքերու Արտածման Վերաբերեալ Ժամանակաւոր Քայլեր Պարտադրելու Իրաւասութիւն Չունինք» Կ՛ըսէ Միջազգային Քրէական Դատարանը

Միջազգային քրէական դատարանը Նիքարակուայի` Կազայի հարցով Գերմանիոյ դէմ արձակած դատական հայցին վերաբերեալ յայտարարեց. «Իսրայէլին գերմանական զէնքերու արտածման վերաբերեալ ժամանակաւոր քայլեր պարտադրելու իրաւասութիւն չունինք»: Նիքարակուան Գերմանիոյ դէմ դատական հայց ներկայացուցած է Կազայի մէջ օգտագործման համար Իսրայէլին զէնք մատակարարելու ճամբով 1948-ի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հռչակագիրը ոտնահարելու մեղադրանքով: Կեդրոնական ա'մերիկեան երկիրը դատարանէն պահանջած էր Պերլինի կողմէ Իսրայէլի զէնքի մատակարարումները դադրեցնելու համար անմիջական քայլեր որդեգրելու:...

Ազրպէյճանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը  Կ՛արձագանգէ Բերձորի Միջանցքին Մէջ  Արցախցիի Առեւանգման

Ֆրանսայի Դեսպանը, Փարիզի Մէջ Խորհրդակցութիւններէ Ետք, Վերադարձած Է Պաքու

Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պուայոն, Ֆրանսայի մէջ խորհրդակցութիւններ կատարելէ ետք, վերադարձած է Ազրպէյճան եւ կը շարունակէ իր դիւանագիտական գործունէութիւնը: Այս մասին հաղորդեց Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը: Դեսպանը տուն կանչուած էր խորհրդակցութիւններու համար` Պաքուի եւ Փարիզի միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան լոյսին տակ: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը օրին յայտարարած էր. «Ֆրանսան որոշած է տուն կանչել Ազրպէյճանի մէջ իր դեսպանը խորհրդակցութիւններու համար`...

Պլինքըն. «Քաղաքայիններուն Վնաս Չհասցնելու Ծրագիրի Բացակայութեան Չենք Կրնար Ռաֆահի Մէջ Զինուորական Մեծ Գործողութեան Մը Աջակցիլ»

Պլինքըն. «Քաղաքայիններուն Վնաս Չհասցնելու Ծրագիրի Բացակայութեան Չենք Կրնար Ռաֆահի Մէջ Զինուորական Մեծ Գործողութեան Մը Աջակցիլ»

Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ քննարկած է գերիներու ազատ արձակման եւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ընթացող ջանքերը»: Անոնք «քննարկած են Կազայի մէջ անմիջական զինադադարի հաստատումով գերիներու ազատ արձակման երաշխաւորման համար ընթացող բանակցութիւնները», այն պահուն, երբ զինադուլի հաստատման համար դիւանագիտական ջանքերը կ՛աշխուժանան: «Պայտըն հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ընդգծեց Ռաֆահի հարցին նկատմամբ...

Զօր. Սիրսքի. «Կացութիւնը Վատթարացաւ, Եւ Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Մէջ Մարտավարական Յաջողութիւններ Կ՛արձանագրէ»

Զօր. Սիրսքի. «Կացութիւնը Վատթարացաւ, Եւ Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Մէջ Մարտավարական Յաջողութիւններ Կ՛արձանագրէ»

Ուքրանական զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Ալեքսանտր Սիրսքի յայտարարեց, որ ճակատին վրայ կացութիւնը «վատթարացաւ», եւ ռուսական ուժերը տարբեր շրջաններու մէջ «մարտավարական յաջողութիւններ» կ՛արձանագրեն: Զօր. Սիրսքի յայտնեց, որ Ռուսիան «շփման գիծի ամբողջ երկայնքին յարձակում կը գործէ եւ կարգ մը շրջաններու մէջ մարտավարական յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ»: «Ռազմավարական նախաձեռնութիւնը ձեռք ձգելու եւ ճակատի գիծը ճեղքելու փորձով, թշնամին իր ջանքերը կեդրոնացուց շարք մը շրջաններու վրայ, ինչ...

«Ամերիկացիներու 60 Առ Հարիւրը Հաւանութիւն Չի Տար Պայտընի Աշխատանքին» Կը Հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»

«Ամերիկացիներու 60 Առ Հարիւրը Հաւանութիւն Չի Տար Պայտընի Աշխատանքին» Կը Հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»

Ամերիկացիներու կէսէն աւելին հաւանութիւն չի տար Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին վրայ Ճօ Պայտընի աշխատանքին: Այս մասին կը վկայեն «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին կատարած հարցախոյզին արդիւնքները: Հարցախոյզին մասնակիցներուն 60 առ հարիւրը հաւանութիւն չի տար Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին վրայ Պայտընի աշխատանքին: «Սի.Էն.Էն.»-ի տեղեկատուութեան համաձայն, հարցախոյզի մասնակիցներուն 71 առ հարիւրը հաւանութիւն չի տար պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահի քաղաքականութեան եւ...

Չինաստանի Նախագահը 5-10 Մայիսին Պիտի Այցելէ Ֆրանսա, Սերպիա Եւ Հունգարիա

Չինաստանի Նախագահը 5-10 Մայիսին Պիտի Այցելէ Ֆրանսա, Սերպիա Եւ Հունգարիա

Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ 5-էն 10 մայիս  պիտի այցելէ Ֆրանսա, Սերպիա եւ Հունգարիա: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հուա Չունին: «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի, Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի, Հունգարիոյ նախագահ Թամաշ Սիույոքի եւ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի հրաւէրով Չինաստանի ղեկավար Շի Ճինփինկ 5-էն 10 մայիս պետական այցելութիւններ պիտի տայ այս երեք...

Բռնագրաւեալ Ակնայի Մէջ Ռուս-Թրքական Մշտադիտարկման Միացեալ Կեդրոնը Փակուեցաւ

Բռնագրաւեալ Ակնայի Մէջ Ռուս-Թրքական Մշտադիտարկման Միացեալ Կեդրոնը Փակուեցաւ

Անցեալ ուրբաթ օր բռնագրաւեալ Արցախի Ակնայի շրջանին մէջ տեղի ունեցած է ռուս-թրքական մշտադիտարկման միացեալ կեդրոնի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Կեդրոնի բացումը տեղի ունեցած էր 30 յունուար 2021-ին: Նախապէս ընթացք առած էր Արցախէն ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի դուրսբերման հոլովոյթը: Կեդրոնի փակման արարողութեան մասնակցած է Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետի տեղակալ գնդապետ-զօրավար Սերկէյ Իսթրաքոքով, Ազրպէյճանի սպայակոյտի պետ Քերիմ Վելիեւ եւ Թուրքիոյ ցամաքային ուժերու սպայակոյտի...

Լա Հէյ. Փոխան 3-0-ի, 1-0 Յաղթանակ Հայաստանին

Միջազգային Քրէական Դատարանի Կազայի Հարցով Գերմանիոյ Դէմ Նիքարակուայի Հարցին Վերաբերեալ Վճիռը` Երեքշաբթի

Միջազգային քրէական դատարանը յայտարարեց, որ Նիքարակուայի` Կազայի մէջ օգտագործման համար Իսրայէլին զէնք մատակարարելով 1948-ի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հռչակագիրը խախտելու մեղադրանքով Գերմանիոյ դէմ ներկայացուցած դատական հայցին վերաբերեալ իր վճիռը պիտի արձակէ երեքշաբթի օր: Նիքարակուան դատարանէն պահանջած է անմիջական քայլեր պարտադրել, որպէսզի Պերլին, այլ հարցերու կողքին, դադրի Իսրայէլին զէնք մատակարարելէ: Դատարանը յայտնեց, որ իր որոշումը պիտի հրապարակէ 30 ապրիլին:

Page 158 of 882 1 … 157 158 159 … 882

Արխիւներ