Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միլլըր. «Վրաստանի «Օտարերկրեայ Գործակալներու» Մասին Օրէնքը Ներշնչուած Է Քրեմլինի Կողմէ»

April 23, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Վրաստանի իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած «օտարերկրեայ գործակալներու» մասին օրինագիծը ներշնչուած է Քրեմլինի կողմէ:

Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր նշած է, որ Միացեալ Նահանգները խորապէս հիասթափուած են Վրաստանի խորհրդարանի որոշումէն` յառաջ մղելու Քրեմլինի կողմէ ոգեշնչուած «օտարերկրեայ գործակալներու» մասին օրէնսդրութիւնը:

«Ինչպէս Եւրոպական Միութիւնը յայտարարած է, այս օրէնքի որդեգրումը կրնայ վտանգել Վրաստանի յառաջընթացը դէպի Եւրոպական Միութեան ուղի: Մենք, մեր եւրոպացի դաշնակիցներուն հետ միասին, Վրաստանին կոչ կ՛ուղղենք չընդունելու օրէնքը, որ կը հակասէ Վրաստանի քաղաքացիներու ճնշող մեծամասնութեան ցանկութիւններուն` Եւրոպական Միութեան լիարժէք համարկուելու ցանկութեան», ընդգծած է Միլլըր:

Ան նշած է նաեւ, որ Վրաստանը ունի աշխուժ քաղաքացիական հասարակութիւն, որ կը ծառայէ իր քաղաքացիներուն եւ կ՛աշխատի բարելաւել երկրի տնտեսութիւնը:

«Եթէ որդեգրուի, առաջարկուող օրէնքը կրնայ սահմանափակել խօսքի ազատութիւնը, խանգարել այն կազմակերպութիւնները, որոնք այդ արտօնութիւնները կը տրամադրեն վրացիներուն եւ խոչընդոտել անկախ լրատուամիջոցները, որոնք կ՛աշխատին վրացիներու համար բարձրորակ տեղեկատուութեան հասանելիութիւն ապահովելու համար:

«Քրեմլինի կողմէ ոգեշնչուած նման օրէնքը անընդունելի է: Մենք բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք պաշտպանելու խաղաղ բողոքի ցոյցի իրաւունքը», ընդգծեց Միլլըր:

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. Աթլեթիզմի 2023-2024 Տարեշրջանի Արդիւնքները

Յաջորդը

Քենաանի. «Օտարերկրեայ Զօրքի Հարաւային Կովկաս Մուտքը Կայունութեան Հաստատման Չի Նպաստեր»

RelatedPosts

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ  Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց.  Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով  Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն
Միջազգային

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց. Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն

September 21, 2026
Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան  Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան  7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»
Միջազգային

Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան 7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»

September 21, 2026
Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ  Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն
Միջազգային

Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.