Լիբանանեան

Պըրրի. «Օրէնսդրական Նիստ Մը  Գումարելու Մասին  Իշխանութեան Երեք Պետերուն  Միջեւ Համախոհութիւն Կայ»

Պըրրի. «Օրէնսդրական Նիստ Մը Գումարելու Մասին Իշխանութեան Երեք Պետերուն Միջեւ Համախոհութիւն Կայ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստ մը գումարելու առումով իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ համախոհութիւն կայ: Պըրրի նշեց, որ այս մասին ինք խօսած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ եւ ստացած անոր հաւանութիւնը` օրէնսդրական նիստին մասնակցութեան առումով: Պըրրի նշեց, որ օրէնսդրական նիստ մը գումարելու թուականը բաւական մօտ է, յատկապէս նկատի ունենալով, որ...

Հարիրի Նաժարիի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան-Եգիպտական Յարաբերութիւնները

Հարիրի Նաժարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան-Եգիպտական Յարաբերութիւնները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց առեւտուրի եւ ներդրումներու մարզերուն մէջ լիբանանեան - եգիպտական յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Նաժարի յաջողութիւն մաղթեց վարչապետ Հարիրիին` Լիբանանի կառավարութիւնը կազմելու անոր առաքելութեան մէջ: Ան մեծապէս գնահատեց Հարիրիի ջանքերը` կառավարութեան կազմութեան եւ Լիբանանի...

Զաայթեր Հանդիպում Մը Կ՛ունենայ   Սուրիոյ Տնտեսութեան Նախարարին Հետ

Զաայթեր Հանդիպում Մը Կ՛ունենայ Սուրիոյ Տնտեսութեան Նախարարին Հետ

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր երէկ Դամասկոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Սամեր Խալիլի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տնտեսական եւ երկրագործութեան մարզերուն մէջ փոխադարձ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Զաայթեր շնորհակալութիւն յայտնեց Խալիլին Դամասկոսի միջազգային ցուցահանդէսին մասնակցելու առիթով ստացած իր հրաւէրին համար եւ ընդգծեց լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւններու պատմական բնոյթը: Զաայթեր ընդգծեց լիբանանեան արտադրութիւնները, յատկապէս...

«Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին  Առնչութեամբ Սուրիական Կողմը Անկեղծ  Եւ Արագ Աշխատանք Կը Կատարէ»   Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

«Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարին Առնչութեամբ Սուրիական Կողմը Անկեղծ Եւ Արագ Աշխատանք Կը Կատարէ» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին հարցով սուրիական իշխանութիւնները անկեղծ եւ արագ աշխատանք կը կատարեն: Իպրահիմ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ սուրիական Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը դատական խնդիրներ կամ օրինազանցութիւններ ունեցող տեղահանուածները կը ձերբակալեն անոնց տունդարձէն ետք: Ան հաստատեց, որ սուրիական ապահովութեան ուժերը նախապէս կ՛իմացնեն Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը խնդրոյ առարկայ անհատներուն...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ հաստատեց, որ Մուսթաքպալ պլոքին մաս չկազմող սիւննի երեսփոխաններուն պլոքը վեց երեսփոխան կը հաշուէ եւ իբրեւ այդպիսին անոր իրաւունքն է կառավարութեան մէջ նախարարով մը ներկայացուիլ: ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա ըսաւ. «Ո՛վ որ կը փորձէ Մեհրապի փոխըմբռնումի համաձայնագիրը ձախողեցնել, ապա պէտք է սկսի անոր առաջին կէտէն, այսինքն` հանրապետութեան նախագահի հրաժարականէն»: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան...

Նախագահ Աուն Չինական Պատուիրակութեան Մը  Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան  Ամրապնդման Հեռանկարները

Նախագահ Աուն Չինական Պատուիրակութեան Մը Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան Ամրապնդման Հեռանկարները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց չինական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Չինացի ժողովուրդի քաղաքական խորհրդատուական համագումարի ազգային յանձնաժողովի փոխնախագահ Չեն Քազաուկանկի, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Չինաստանի միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են` աւելցնելով, որ անոնք եղած են մտաւոր եւ...

Հարիրի Երէկ Ընդունեց Նախարարներ  Եւ Ապահովական Կառոյցներու Պետերը

Հարիրի Երէկ Ընդունեց Նախարարներ Եւ Ապահովական Կառոյցներու Պետերը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը եւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Անթուան Մանսուրը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ապահովական կացութիւնը եւ բանակին վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնց կարգին` նաեւ բանակին կարիքները: Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, որ վարչապետին հետ քննարկեց երկրին ապահովական...

Դամասկոսի Մէջ.   Լիբանանեան-Սուրիական Խորհրդակցութիւններ`  Տնտեսական, Առեւտրական Եւ Զբօսաշրջական  Յարաբերութիւնները Զարգացնելու

Դամասկոսի Մէջ. Լիբանանեան-Սուրիական Խորհրդակցութիւններ` Տնտեսական, Առեւտրական Եւ Զբօսաշրջական Յարաբերութիւնները Զարգացնելու

Ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, երկրագործութեան նախարար Ղազի Զաայթեր, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ Դամասկոսի մէջ հանդիպումներ ունեցան իրենց սուրիացի պաշտօնակիցներուն հետ` քննարկելով երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը զարգացնելու հեռանկարները: Այս շրջագիծին մէջ նախարար Կիտանեան հանդիպում մը ունեցաւ իր սուրիացի պաշտօնակիցին` Պաշշար Եազիժիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան զբօսաշրջութեան մարզին մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու...

Պըրրի. «Կառավարութիւնը Պէտք Էր Երէկ Կազմուէր  Եւ Ոչ Թէ Այսօր. Կացութիւնը Յաւելեալ  Յապաղում Չի Կրնար Հանդուրժել»

Պըրրի. «Կառավարութիւնը Պէտք Էր Երէկ Կազմուէր Եւ Ոչ Թէ Այսօր. Կացութիւնը Յաւելեալ Յապաղում Չի Կրնար Հանդուրժել»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Խմբագիրներու սենտիքայի խորհուրդը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ Աուն բարձր գնահատեց Պըրրիի ազգային դերակատարութիւնը: Իր կարգին, Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը պէտք էր երէկ կազմուէր եւ ոչ թէ այսօր, որովհետեւ տիրող տնտեսական կացութիւնը վտանգաւոր է եւ յաւելեալ յապաղում չի կրնար...

Ֆրենժիէ Ժեմայէլի Հետ Քննարկեց  Երկրին Իրադարձութիւնները

Ֆրենժիէ Ժեմայէլի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը` ընկերակցութեամբ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամներ Սերժ Տաղերի եւ Շատի Մաարպեսի, ինչպէս նաեւ արտաքին քաղաքական յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ֆուատ Ապու Նատերի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին նախարարներ Եուսեֆ Սաատէ եւ Ռոնի Արայժի: Քննարկուեցան երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ եւ անոր ընկերակցող...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի իսլամական Նոր տարուան տօնին առիթով հրապարակեց հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ երեքշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2018-ին պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետութիւնները փակ պիտի մնան: ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն միակն է, որ երդում տուած է սահմանադրութիւնը պաշտպանելու: ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը պէտք է արագանայ, որովհետեւ երկրին...

Կառավարութեան Կազմութեան  Հոլովոյթը Անորոշութեան Մատնուած Է

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Անորոշութեան Մատնուած Է

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ վարչապետին ներկայացուցած կառավարութեան կազմը արդար էր եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ զիջումներու հիման վրայ կազմուած էր: Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ Հարիրի կը սպասէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ հանդիպումի մը` իմանալու համար անոր դիտողութիւնները: Միւս կողմէ, Պաապտայի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ նախագահ Աուն վարչապետ Հարիրիի հետ հանդիպումին ընթացքին նշած է դիտողութիւնները, որոնց...

Յ. Բագրատունի Ընդունեց Լիբանանեան  Համալսարանի Բարեկամներու  Միութեան Նախագահը

Յ. Բագրատունի Ընդունեց Լիբանանեան Համալսարանի Բարեկամներու Միութեան Նախագահը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանեան համալսարանի բարեկամներու միութեան (ԼԱՊՈՐԱ) մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ հայր Թոնի Խատրայի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանեան համալսարանին վերաբերող վարչական, ուսումնական եւ պաշտօններու ընդունման վերաբերող հարցեր: Պատուիրակութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց համալսարանին ներկայ իրավիճակին համար` նշելով, որ այս ընթացքով շարունակելու պարագային Լիբանանեան համալսարանը վնասներ պիտի կրէ` աւելցնելով, որ նման վնասներ ոչ...

Պըրրի. «Երկրին Գերագոյն Շահերը Ապահովելու  Եւ Կառավարութիւն Կազմելու Համար  Բոլորէն Զիջում Կը Պահանջուի»

Պըրրի. «Երկրին Գերագոյն Շահերը Ապահովելու Եւ Կառավարութիւն Կազմելու Համար Բոլորէն Զիջում Կը Պահանջուի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին հաստատեց, թէ երկրին գերագոյն շահերը ապահովելու եւ կառավարութիւն կազմելու համար բոլորէն զիջում կը պահանջուի` աւելցնելով, որ պէտք չէ միայն այս կամ այն քաղաքական ուժին շահերուն մասին մտածել: Պըրրի նշեց, որ Լիբանան այսօր յատուկ խնամքի սենեակին մէջ կը գտնուի եւ կը դիմագրաւէ տնտեսական վտանգաւոր կացութիւն մը,...

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ.  Կոչ Կ՛ուղղենք Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն  Ստանձնելու Իրենց Պատասխանատուութիւնը  Եւ Դիւրացնելու Կառավարութեան Կազմութիւնը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. Կոչ Կ՛ուղղենք Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Ստանձնելու Իրենց Պատասխանատուութիւնը Եւ Դիւրացնելու Կառավարութեան Կազմութիւնը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը զարմանք յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ միջազգային կողմերէն անոր համար ճշդուած ժամկէտներուն առընթեր կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանայ: Աւելի՛ն. սահմանադրական իւրաքանչիւր հոլովոյթի զուգահեռ կը բացայայտուին սահմանադրութեան վերաբերող հարցեր, որոնց բնականոն լուծումը պէտք է ապահովուի սահմանադրական կայունութեան ընթացքին եւ ոչ թէ քաղաքական մարտահրաւէրներու...

Ա. Կիտանեան Վարչապետ Հարիրիի Հետ Քննարկեց  Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Կապուած Հարցեր

Ա. Կիտանեան Վարչապետ Հարիրիի Հետ Քննարկեց Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Կապուած Հարցեր

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիէն խնդրած է հովանաւորել Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ գտնուող ազատ տնտեսական գօտիներու ընկերութիւններու խորհրդաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի մէջ, 19 եւ 20 նոյեմբեր 2018-ին: Նախարար Կիտանեան նշեց, որ խորհրդաժողովին պիտի մասնակցի 40 երկիրներէ 500 հոգի:

Իսրայէլ Կը Շարունակէ  Սահմանային Պատի Կառուցումը

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Սահմանային Պատի Կառուցումը

Իսրայէլ երկրորդ շաբաթն ըլլալով կը շարունակէ սահմանային պատի կառուցումը եւ այդ պատճառով Պաուապեթ Ֆաթիմայի կողմը խճողած է փոխադրատար մեքենաներով եւ սարքերով, որոնց աշխատանքին կը հսկեն իսրայէլացի զինուորներ: Այս կացութեան դիմաց լիբանանեան կողմէն իրավիճակին կը հսկեն ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերէն եւ լիբանանեան բանակէն բաղկացած զինուորներու միացեալ ջոկատներ:

Ամերիկեան Դեսպանատունը Իր Քաղաքացիները  Կը Զգուշացնէ Պէյրութ Ուղղուելէ

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Զգուշացնէ Իր Քաղաքացիները Լիբանան Այցելութենէն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ զգուշացուց իր քաղաքացիները Լիբանան այցելելէ, յատկապէս Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանները, ուր զինեալ բախումներ եւ ահաբեկչութիւններ կրնան արձանագրուիլ, հարաւային Լիբանան, ուր զինեալ բախումներ կրնան արձանագրուիլ, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան գաղթակայաններ, ուր դարձեալ զինեալ բախումներ կրնան արձանագրուիլ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը շարունակեն Լիբանանի զբօսավայրերն ու մոլերը ահաբեկչական յարձակումներու թիրախ...

Ապպաս Իպրահիմ Լիբանանեան Իրադարձութիւնները  Քննարկեց Եգիպտոսի Եւ Իտալիոյ Դեսպաններուն Հետ

Ապպաս Իպրահիմ Լիբանանեան Իրադարձութիւնները Քննարկեց Եգիպտոսի Եւ Իտալիոյ Դեսպաններուն Հետ

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց տեղի ունեցող ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ եգիպտական գաղութին վերաբերող հարցերը: Իպրահիմ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերնիլ Քարտելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն եւ ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերնիլ Քարտելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Տար Ֆաթուա պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Իսլամական Նոր տարին կը զուգադիպի երեքշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2018-ին. այս առիթով միւֆթի Տըրիան երկուշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին պիտի ուղղէ իր պատգամը: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան...

Page 620 of 988 1 … 619 620 621 … 988

Արխիւներ