Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Չինական Պատուիրակութեան Մը Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան Ամրապնդման Հեռանկարները

September 7, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց չինական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Չինացի ժողովուրդի քաղաքական խորհրդատուական համագումարի ազգային յանձնաժողովի փոխնախագահ Չեն Քազաուկանկի, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Չինաստանի միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են` աւելցնելով, որ անոնք եղած են մտաւոր եւ առեւտրական մակարդակներու վրայ:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ երկկողմանի առեւտրական յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան` նկատել տալով, որ չինական արտադրութիւնները կը գտնուին Լիբանանի ներածած արտադրութիւններուն առաջին դիրքին վրայ: Ան մաղթեց, որ Չինաստան իր կարգին մեծ թիւով լիբանանեան արտադրութիւններ ներածէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Թրիփոլիի նաւահանգիստին ընդարձակումը, որպէսզի անիկա կարողութիւնը ունենայ մեծ նաւեր ընդունելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ կառուցուին ճամբաներ եւ գնացքի յատուկ երկաթուղի, որպէսզի Պէյրութ եւ Փեքին իրենց ներդրումը ունենան` Սուրիոյ վերակառուցման աշխատանքին մէջ:

Իր կարգին, Քազաուկանկ յայտնեց, որ Չինաստան եւս կը փափաքի լիբանանեան-չինական յարաբերութիւններու ամրապնդումը` վերահաստատելով, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները պատմական են եւ պէտք է զանոնք աւելի ամրապնդել` վերականգնելու համար մետաքսի ճամբան:

Քազաուկանկ ընդգծեց Չինաստանի զօրակցութիւնը Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութեան նկատմամբ:

Չինական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Չինական պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նախորդը

Հարիրի Երէկ Ընդունեց Նախարարներ Եւ Ապահովական Կառոյցներու Պետերը

Յաջորդը

Նախարար Կիտանեան Այցելեց Դամասկոսի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարան

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.