Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիէն խնդրած է հովանաւորել Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ գտնուող ազատ տնտեսական գօտիներու ընկերութիւններու խորհրդաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի մէջ, 19 եւ 20 նոյեմբեր 2018-ին:
Նախարար Կիտանեան նշեց, որ խորհրդաժողովին պիտի մասնակցի 40 երկիրներէ 500 հոգի: