Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ զգուշացուց իր քաղաքացիները Լիբանան այցելելէ, յատկապէս Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանները, ուր զինեալ բախումներ եւ ահաբեկչութիւններ կրնան արձանագրուիլ, հարաւային Լիբանան, ուր զինեալ բախումներ կրնան արձանագրուիլ, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան գաղթակայաններ, ուր դարձեալ զինեալ բախումներ կրնան արձանագրուիլ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը շարունակեն Լիբանանի զբօսավայրերն ու մոլերը ահաբեկչական յարձակումներու թիրախ դարձնել: