ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ հաստատեց, որ Մուսթաքպալ պլոքին մաս չկազմող սիւննի երեսփոխաններուն պլոքը վեց երեսփոխան կը հաշուէ եւ իբրեւ այդպիսին անոր իրաւունքն է կառավարութեան մէջ նախարարով մը ներկայացուիլ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա ըսաւ. «Ո՛վ որ կը փորձէ Մեհրապի փոխըմբռնումի համաձայնագիրը ձախողեցնել, ապա պէտք է սկսի անոր առաջին կէտէն, այսինքն` հանրապետութեան նախագահի հրաժարականէն»:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ անհրաժեշտ օրէնսդրութիւնը կարեւոր է, սակայն «Սետր 1» խորհրդաժողովի որոշումներուն գործադրութիւնը կարիքը ունի բարեկարգումներով յագեցած կառավարութեան:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ուժանիւթի նախարարութեան ստանձնումը պահանջած է, որովհետեւ անոր նպատակն է փտածութեան դէմ պայքարիլ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն գործակից է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ` աւելցնելով, որ երկրին սահմանադրութեան մէջ վարչապետի նշանակումը չեղեալ նկատելու մասին ոչ մէկ նշում կայ: Ան զգուշացուց շրջանին մէջ տիրող վտանգաւոր զարգացումներէն:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ առանց կառավարութեան անհրաժեշտ օրէնսդրութիւնը պակասաւոր կը մնայ:


