Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր երէկ Դամասկոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Սամեր Խալիլի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տնտեսական եւ երկրագործութեան մարզերուն մէջ փոխադարձ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Զաայթեր շնորհակալութիւն յայտնեց Խալիլին Դամասկոսի միջազգային ցուցահանդէսին մասնակցելու առիթով ստացած իր հրաւէրին համար եւ ընդգծեց լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւններու պատմական բնոյթը:
Զաայթեր ընդգծեց լիբանանեան արտադրութիւնները, յատկապէս պանանը Սուրիա արտածելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանան այցելութեան հրաւէր մը յանձնեց Խալիլին:
Խալիլ խոստացաւ ընդառաջել Զաայթերի հրաւէրին` հաստատելով, որ ինք պիտի զօրակցի Լիբանանի պահանջին` լիբանանեան արտադրութիւնները Սուրիա ներածելու գծով: