Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Ամէն Բան Նոյն Վիճակին Մէջ Է»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան գծով տակաւին ամէն բան նոյն վիճակին մէջ է, եւ կառավարութեան կազմութիւնը յետաձգելու կամ ուշացնելու ոչ մէկ պատճառաբանութիւն կայ: Պըրրի նշեց, որ ինք պատրաստակամութիւն յայտնած է օժանդակելու` դիւրացնելու համար կառավարութեան կազմութիւնը, հաստատելով, որ ինք տակաւին պատրաստակամ է կառավարութեան կազմութեան գծով ամէն ջանք ի գործ դնելու: Անդրադառնալով...


















