Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Երէկ Ընդունեց Նախարարներ Եւ Ապահովական Կառոյցներու Պետերը

September 7, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը եւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Անթուան Մանսուրը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ապահովական կացութիւնը եւ բանակին վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնց կարգին` նաեւ բանակին կարիքները:

Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, որ վարչապետին հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը:

Օսման վարչապետ Հարիրիին ներկայացուց ներքին ապահովութեան ուժերուն որդեգրած ապահովական միջոցառումներն ու տարբեր շրջաններու մէջ անոնց կատարած ապահովական գործողութիւնները` երկրին եւ քաղաքացիներուն պաշտպանութեան նպատակով:

Վարչապետ Հարիրի ընդունեց նաեւ Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպան: Քննարկուեցաւ Լիբանանի ապահովական իրավիճակը:

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ իր կարգին այցելեց վարչապետին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի:

Վարչապետ Հարիրի պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէն եւս այցելեց վարչապետ Հարիրիի: Քննարկուեցան երկրին կրթական համակարգն ու անոր դիմագրաւած հարցերը:

Համատէ վարչապետ Հարիրիին ներկայացուց վերամուտի նախօրեակին տիրող մթնոլորտը` նկատել տալով, որ պետական դպրոց դիմող աշակերտներուն թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ:

Երեկոյեան Հարիրի ընդունեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը:

 

Նախորդը

Դամասկոսի Մէջ. Լիբանանեան-Սուրիական Խորհրդակցութիւններ` Տնտեսական, Առեւտրական Եւ Զբօսաշրջական Յարաբերութիւնները Զարգացնելու

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Չինական Պատուիրակութեան Մը Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան Ամրապնդման Հեռանկարները

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.