Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. Կոչ Կ՛ուղղենք Քաղաքական Անձնաւորութիւններուն Ստանձնելու Իրենց Պատասխանատուութիւնը Եւ Դիւրացնելու Կառավարութեան Կազմութիւնը

September 6, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը զարմանք յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ միջազգային կողմերէն անոր համար ճշդուած ժամկէտներուն առընթեր կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանայ: Աւելի՛ն. սահմանադրական իւրաքանչիւր հոլովոյթի զուգահեռ կը բացայայտուին սահմանադրութեան վերաբերող հարցեր, որոնց բնականոն լուծումը պէտք է ապահովուի սահմանադրական կայունութեան ընթացքին եւ ոչ թէ քաղաքական մարտահրաւէրներու ժամանակաշրջանին:

«Կոչ կ՛ուղղենք քաղաքական անձնաւորութիւններուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը եւ դիւրացնելու կառավարութեան կազմութիւնը», հաստատեցին մարոնի եպիսկոպոսները:

Խորհուրդը նշեց նաեւ, որ կարելի չէ անտեսել երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը եւ լիբանանցիներուն մտավախութիւնները, երբ անոնք կը վկայեն, թէ մեծ ձեռնարկութիւններ ճակատագրական ցնցումներու կ՛ենթարկուին, եւ անոնց հետեւանքները լուրջ պիտի ըլլան` երկրին տնտեսութեան վրայ:

«Այս բոլորին ի տես կառավարութեան կազմութիւնը կը յապաղի` առանց մտածելու երկրին եւ ժողովուրդին շահերուն մասին», նշուեցաւ խորհուրդին հաղորդագրութեան մէջ:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը անդրադարձաւ նաեւ բանակի ու ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան տօներուն եւ շնորհաւորեց զանոնք` հաստատելով, որ իրենք կառչած կը մնան ապահովական կառոյցին եւ անոր տարած հսկայական աշխատանքին:

Այս շրջագիծին մէջ խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ արձանագրուած ոճիրներու թիւի բարձրացումին, ինչպէս նաեւ ոճիրներու մակարդակին` սպանութեան անարգ եւ ահռելի ոճին համար, որ նոյնիսկ պատերազմի տարիներուն Լիբանանի մէջ չէր վկայուած:

Խորհուրդը ակնարկեց նաեւ ինքնաշարժներու արկածներուն պատճառած զոհերուն եւ վիրաւորներուն` ընդգծելով, որ կարելի չէ արտօնել, որ իրավիճակը նոյն ձեւով շարունակուի, այլ` պէտք է կատարեալ խստութեամբ գործադրել երթեւեկի յատուկ օրէնքները:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը դիտել տուաւ, որ արդէն իսկ վերամուտի ամիս է, եւ թիւ 46 օրէնքով ուսուցիչներու աշխատավարձի բարձրացումին ի տես պետութիւնը ոչ մէկ օժանդակութիւն ցուցաբերեց դպրոցներուն: «Դարձեալ կը հաստատենք, որ կացութիւնը բաւական վտանգաւոր է` տասնեակ դպրոցներ կրնան փակուիլ եւ հարիւրաւոր ուսուցիչներ ու կրթական մշակներ անգործութեան մատնուիլ», ընդգծուեցաւ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Ա. Կիտանեան Վարչապետ Հարիրիի Հետ Քննարկեց Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Կապուած Հարցեր

Յաջորդը

Պըրրի. «Երկրին Գերագոյն Շահերը Ապահովելու Եւ Կառավարութիւն Կազմելու Համար Բոլորէն Զիջում Կը Պահանջուի»

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.