Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 7, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի իսլամական Նոր տարուան տօնին առիթով հրապարակեց հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ երեքշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2018-ին պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետութիւնները փակ պիտի մնան:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն միակն է, որ երդում տուած է սահմանադրութիւնը պաշտպանելու:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը պէտք է արագանայ, որովհետեւ երկրին տնտեսական կացութիւնը բաւական ճնշող դարձած է:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը վերադարձած է զերօ կէտին` աւելցնելով, որ ներկայ իշխանութիւնը կը հիւծի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կառչած կը մնայ ազգային միասնականութեան կառավարութեան ստեղծումին` աւելցնելով, որ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդ գոյացնելու մարմաջը պէտք է դադրեցնել:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ ընդգծեց, որ իբրեւ Մուսթաքպալ հոսանքէն անկախ սիւննի երեսփոխաններ իրենց իրաւունքն է կառավարութեան մէջ ուղղակիօրէն ներկայացուիլ եւ ոչ թէ այս կամ այն պատասխանատուին չափաբաժինին մաս կազմել:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն հաստատեց, որ ոմանք կը փորձեն սահմանադրական իրաւասութիւններու պայքարի դռներ բանալ` աւելցնելով, որ կրթութեան նախարար Մարուան Համատէ իր կեցուածքներով ագռաւի կը նմանի: Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի իրենց խորհրդակցութիւնները պէտք է շարունակեն` կազմելու համար կառավարութեան վերջնական կազմը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ֆատի Սաատ շեշտեց, որ իրաւասութիւններու պայքարը վերացական է` մտահոգութիւն յայտնելով, որ տագնապը կրնայ հոգեբանական ըլլալ եւ ոչ թէ սահմանադրական:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Պասեմ Շապ շեշտեց, որ անկախ երկրին սահմանադրութեան մանրամասնութիւններէն, Լիբանան դատապարտուած է համախոհութեամբ գոյատեւելու:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Նաժի Հայեք շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յանձնառու կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն, որովհետեւ ան խորհրդարանի մեծագոյն համախմբումին նախագահն է:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի խոհրդատու Անթուան Քոսթանթին շեշտեց, որ այն յայտարարութիւնները, թէ հանրապետութեան նախագահը իրաւունք չունի ճշդելու կառավարութեան կազմութեան չափանիշները, հակասահմանադրական են:

ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ գիշեր պաղեստինեան Միէ Միէ գաղթակայանին մէջ ռումբ մը պայթած է, առանց վնասներ պատճառելու:

ԻՐԱՆԻ յեղափոխական պահակագունդի ընդհանուր հրամանատար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Ալի Ժաաֆարի շեշտեց, որ Սուրիան, Լիբանանը, Եմէնն ու Պաղեստինը Դիմադրութեան ուղեգիծը որդեգրած են:

ՎՍՏԱՀԵԼԻ աղբիւրներու համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը պնդէ, որ արդարութեան նախարարութիւնը մնայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան բաժինը` նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի ներկայացուցչութեամբ, եւ չյանձնուի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան: Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան կազմը չէ մերժած, այլ` իր դիտողութիւնները արձանագրած է անոր գծով:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ վերջերս այցելած է Դամասկոս եւ հանդիպում մը ունեցած Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին աղբիւրներուն համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը պահանջած է` փոխարէնը խոստանալով 6 ամսուան ընթացքին շուրջօրեայ դրութեամբ ելեկտրականութիւն հայթայթել լիբանանցիներուն: Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ շրջանային ուժերու շահերուն չի ծառայեր, որ Լիբանանի մէջ կազմուի կառավարութիւն մը, որուն կազմը ի նպաստ իրեն չի նկատուիր:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի իր անձնական հարցերով` նիւթական եւ կազմակերպական, զբաղած է: Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարի սուրիացի ընդդիմադիր Ապտել Ռահման Աքքարիին մեծ գումարի յատկացում մը փոխանցած է, որպէսզի ան սպաննուած ընդդիմադիր սուրիացի զինեալներուն համար գերեզմանատուն մը կառուցէ Աքքարի Տապպուսիէ գիւղաքաղաքին մէջ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիին մօտիկ աղբիւրներ շեշտած են, թէ Հարիրի կը հաւատայ, որ քաղաքական մագլցողական կեցուածքներ որդեգրելով իրավիճակը աւելի ելեկտրական կը դառնայ եւ անիկա վնաս կը հասցնէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Ֆրենժիէ Ժեմայէլի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?